կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-12-24 10:53
Աշխարհ

Անդրադարձ. երկու խեղաթյուրում

Անդրադարձ. երկու խեղաթյուրում

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, թէ Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով ենթայանձնախումբի նախագահ Աննա Ֆոթիկան (Լեհաստան) Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիին յղած է դիմում մը` նշելով, որ եւրոպական երկիրներու քաղաքացիները սկսած են աւելի յաճախ այցելել Արցախ, եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը յայտնուին Ազրպէյճանի «անբաղձալի անձերու» ցուցակին վրայ: Ֆոթիկա Մոկերինիին կոչ ուղղած է ո՛չ միայն Եւրոպական Միութեան քաղաքացիները ետ պահելու Արցախ այցելելէ, այլ նաեւ միջոցներ ձեռնարկելու այդ այցելութեանց հետեւանքներուն մասին համացանցին վրայ նիւթեր տեղադրելու:

Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին վրայ 14 դեկտեմբերին զետեղուած այդ հարցին վերաբերեալ նիւթը, սակայն, ցոյց կու տայ, թէ «Թրենտ»-ի կատարածը դարձեալ ազրպէյճանական բացայայտ խեղաթիւրում մըն է: Աւելի՛ն, այստեղ մենք մեզ կը գտնենք ոչ թէ մէկ, այլ երկու խեղաթիւրումներու առջեւ:

Առաջին` իրողութեան մէջ Ֆոթիկա Մոկերինիին կոչ մը չէ որ կը յղէ, այլ` 2 հարցումներ` «Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՞ս կը կանխարգիլէ այսպիսի ապօրինի արարքներ, որոնք գործուած են թէ՛ Եւրոպական Միութեան երկիրներու քաղաքացիներու, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան առնչուած սեփական կազմակերպութիւններու կողմէ», եւ արդեօք Միութիւնը կը մտածէ՞ իր քաղաքացիները համացանցի ճամբով այդ այցելութիւններու հետեւանքներէն զգուշացնելու մասին:

Երկրորդ` իր հակառուս կեցուածքներով ծանօթ Ֆոթիկա իր 2 հարցումներու հիմնաւորման բաժինին մէջ կը գրէ. «Եւրոպական Միութեան հետզհետէ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ Աբխազիոյ եւ Հիւսիսային Օսեթիոյ (Վրաստան), Խրիմի եւ Տոնպասի (Ուքրանիա), Լեռնային Ղարաբաղի (Ազրպէյճան), ինչպէս նաեւ Մերձտնեսթրի (Մոլտովա) բռնագրաւեալ տարածքներ կ՛այցելեն առանց արտօնութիւնը առնելու այն պետութիւններուն, որոնք նշեալ տարածքներուն վրայ միջազգայնօրէն ճանչցուած գերիշխանութիւն ունին»: Այլ խօսքով` «Թրենտ» հարցը իր ընդհանուր պարունակէն դուրս բերելով ներկայացուցած է իբրեւ միայն Արցախի վերաբերող հարց, երբ իրականութեան մէջ Ֆոթիկայի գլխաւոր թիրախը Ռուսիան է:

Վերոնշեալները, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ 19 փետրուարին Եւրոպական խորհրդարանի 16 անդամներ Մոկերինիին յղած էին ճիշդ հակառակ հարցումը, թէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներ ինչո՞ւ չեն այցելեր Լեռնային Ղարաբաղ, ցոյց կու տան, թէ ոչ հայանպաստ իր կեցուածքներով ծանօթ երեսփոխանին կատարած միանձնեայ քայլը չունի այն լրջութիւնն ու կշիռը, զորս «Թրենտ» անոր կը շնորհէ:

 ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Ազդակ» օրաթերթ