Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` arfd.am
Բյուրոյի անդամ Կիրո Մանոյանի խոսքը` Հալեպում Հայաստանի Առաջին Հանրապետության կերտման 100-ամյակին նվիրված «Հաղթանակի Ղողանջներ» միջոցառմանը:
Յարգելի՛ ներկայացուցիչներ պատկան մարմիններու,
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Չեմ գիտեր ձեզմէ քանի հոգի եղած է Սարդարապատի յուշահամալիր եւ եթէ եղած է՝ ի՞նչ զգացած է։ Բայց ես, ամէն անգամ որ կ՚այցելեմ Սարդարապատ, սոսկում մը կ՚ապրիմ: Սոսկում՝ որովհետեւ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար մեր ժողովուրդին ճակատագիրը, եթէ 1918 թուականի մայիսեան այդ պատմական օրերուն, հայկական բանակը, որ այդ օրերուն մեր հայրենիքի այդ տարածքին ամբողջ ժողովուրդն էր, չյաղթէր թրքական ուժերուն։
Եթէ Սարդարապատ գտնուած էք, վստահաբար նկատած էք, որ հայկական ուժերուն համար այդպիսի դիրքերով վայրի մը մէջ յաղթելը իսկապէս հրաշքի համազօր փաստ էր։ Նուազ կարեւոր չեն նոյն օրերուն մղուած Բաշ Ապարանի եւ այդ ժամանակուան Ղարաքիլիսայի (այսօրուան Վանաձորի) ճակատամարտերը։ Բայց Սարդարապատի դիրքը հայկական ուժերուն պարտութիւնը աւելի ճակատագրական պիտի դարձնէր։
Եւ պատահեցաւ հրաշքը. կարելի եղաւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը։ Համաժողովրդային այս սխրանքը կարելի է վերագրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.-ի յորդոր ու կոչին, կարելի է վերագրել Արամ Մանուկեանի կազմակերպական տաղանդին ու կոչին, կարելի է վերագրել զինուորական հրամանատարներուն, բայց ամէն պարագայի նախ եւ առաջ, կամ ի վերջոյ, այդ սխրագործութիւնը պէտք է վերագրել ժողովուրդի այն գիտակցութեան, որ եկած է ընտրութեան պահը, կեանքի եւ մահուան միջեւ ընտրութեան պահը, եւ ժողովուրդը մահուան գնով ընտրեց կեանքը։
Անուրանալի է այն, որ եթէ չըլլային Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն հայկական կողմին յաղթանակաները՝ չէր կրնար կատարուիլ անոնց քաղաքական շարունակութիւնը Թիֆլիսի մէջ։ Հայոց Ազգային Խորհուրդը, որ այն ժամանակ Թիֆլիս կը գտնուէր, հիմնուած այս յաղթանակներուն վրայ եւ ի տես Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի անկախութեան հռչակումով՝ «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծում»ին, ինքզինք հռչակեց «Հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն»։ Ազգային Խորհուրդը նաեւ կը յայտարարէր, որ «ժամանակաւորապէս ստանձնում է կառավարութեան բոլոր ֆունկցիաները հայկական գաւառների քաղաքական եւ վարչական ղեկը վարելու համար»: Մայիս 28-ին որոշուած եւ Մայիս 30-ին հրապարակուած այս յայտարարութիւնը, զոր իրաւամբ կը համարենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ անկախութեան հռչակագիր, իր մէջ ո՛չ հանրապետութիւն եւ ոչ ալ՝ անկախութիւն բառերը ունի։ Այս փաստը վկայութիւնն է այդ օրերու Ազգային Խորհուրդի ղեկավարութեան մտածողութեան, որ ոչ թէ պետականութեան վերականգնում կամ անկախութիւն հետապնդած էր, այլ աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր ազատագրական պայքար մղած էր պատմական հայկական հողերու վրայ՝ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններու լուծին տակ յայտնուած հայութիւնը ազատագրելու եւ ինքնավարութեան տեսքով՝ իրաւունքները պաշտպանելու համար։
Ահա այսպիսի համեստ յայտարարութեամբ, փաստօրէն եւ իրաւականօրէն կը վերականգնուէր հայկական պետականութիւնը, որ Հայաստանի հողին վրայ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ 1045 թուականէն՝ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ի վեր, եւ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետականութեան կորուստէն ետք վեց դար։
Այդ օրերուն, հայութեան ու Հայաստանի պայմանները աղիտալի էին։ Մէկ կողմէ, Թուրքիա կը շարունակէր Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը եւ արդէն սկսած էր հայկական ռազմական գործողութիւններ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն դուրս։ Միւս կողմէ, նոր հիմնադրուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, կային հարիւր հազարաւոր գաղթականներ։ Երկիրը ունէր ընդամէնը շուրջ տաս հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Անդրկովկասի հայաշատ քաղաքներէն՝ Թիֆլիսէն ու Պաքուէն դուրս կը դրուէր հայութիւնը։ Հայաստանի մայրաքաղաք ընտրուած Երեւանը աւելի քան 2600 տարի առաջ հիմնադրուած ըլլաով հանդերձ, կորնսցուցած էր իր քաղաքային դիմագիծը։ Երեւանի նահանգի բնակչութեան կարեւոր մասը թաթարներն էին։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախ գոյութեան երկուքուկէս տարուան ընթացքին, ահռելի ճիգերու շնորհիւ եւ հազարաւորներու կեանքին գնով ամրագրեց ազգային պետականութեան այն սկզբունքները, որոնց մասին, եօթանասուն տարի անց, 23 Օգոստոս 1990-ին, վերանկախացող Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անկախութեան մասին հռչակագրով յանձն պիտի առնէր շարունակել։ Այս սկզբունքներուն առաջիններէն էր այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան հայրենիքն է եւ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները իրաւունք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու եւ վայելելու անոր կողմէ պաշտպանուածութիւնը։
Այս նոյն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը համայն հայութեան Հայրենիք սկզբունքի մէկ այլ դրսեւորումն էր 28 Մայիս 1919-ի՝ Միացեալ Հայաստանի հռչակումը։ Թէեւ այն ատեն ալ կային քաղաքական ուժեր, ովքեր այդ հռչակումին դէմ էին, բայց այդ հռչակումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձաւ մէկ պետութիւն, իսկ անոր տարածքներու մէկ մասը, մե՛ծ մասը՝ բռնագրաւուած։
Հանրապետութիւնը ոչ միայն որպէս սկզբունք հռչակեց Հայաստանը միացեալ, այլեւ՝ իր արտաքին քաղաքականութեան առանցքը դարձուց այդ միացեալի իրականացումը։ Գործակցելով Ազգային պատուիրակութեան հետ, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, նախ ներկայացուց հայութեան պահանջած իրաւունքները եւ ապա, 10 Օգոստոս 1920-ին, ստորագրեց Թուրքիոյ հետ Դաշնակիցներու խաղաղութեան՝ Սեւրի դաշնագիրը։ Այդ դաշնագրով կ՚ամրագրուէին Հայաստանի ու հայութեան իրաւուքները Թուրքիայէն։ Այդ դաշնագրի ճշտած այդ իրաւունքները, որպէս սկզբունք, ի զօրու են նաեւ այսօր՝ որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեամբ միջազգային ոչ մէկ ժողով կամ դաշնագիր փոխարինած է Սեւրի դաշնագրին։ Միացեալի իրականացումի քաղաքականութեան արդիւնք էր նաեւ 1920-ի Նոյեմբեր 22-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Հայաստան-Թուրքիա սահմանի իրաւարար վճիռը։ Վճիռ, որու մասին 2010-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ. «Ուղիղ 90 տարի առաջ՝ 1920 թուականի Նոյեմբերի 22-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Նախագահ Վուտրօ Ուիլսոնը Հայաստանի սահմանների վերաբերեալ կայացրեց Իրաւարար վճիռ: Քսաներորդ դարի պատմութեան մէջ դա մեզ համար, թերեւս, ամենակարեւոր իրադարձութիւններից մէկն էր, որով պէտք է վերականգնուէր պատմական արդարութիւնը եւ վերացուէին հայ ժողովրդի դէմ Օսմանեան կայսրութիւնում իրագործուած ցեղասպանութեան հետեւանքները: Այդ վճռով միջազգայնօրէն ճանաչւում եւ ամրագրւում էին Հայաստանի սահմանները, որոնց շրջանակներում Մեծ Եղեռնի դժոխային փորձութիւնն անցած հայ ժողովուրդը պէտք է կերտէր իր պետականութիւնը»:
Անդրկովկասի մէջ երեք նոր հանրապետութիւններու գոյառումը կը նշանակէր սահմանային վէճեր. Ռուսական կայսրութեան «բաժնէ որ տիրես» քաղաքականութեան հիման վրայ ձեւաւորուած կայսրութեան ներքին վարչական բաժանումները չէին կրնար հիմք հանդիսանալ երեք պետութիւններու սահմաններուն։ Այդ ժամանակ ալ սկսաւ Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան միացնելու պայքարը։ Նոյնը՝ Ջաւախքի ուղղութեամբ։ Եւ եթէ Խորհրդային Միութիւնը կա՛մ աւելի խորացուց այդ խնդիրները եւ կամ՝ սառեցուց զանոնք, ապա Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այդ հարցերը տարբեր դրսեւորումներով դարձեալ հրապարակ ելան։
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշներն ու օրհներգը եօթանասուն տարի ետք դարձեալ որպէս այդպիսիներ որդեգրուեցան վերանկախացման ճանապարհը բռնած Խորհրդային Հայաստանի կողմէ, 1990-ին։
Հայաստանի Հանրապետութեան կենսագործած հիմնական սկզբունքներէն էր ժողովրդավարութիւնը, որ միայն քուէարկութեան ազատութեամբ չէ, որ կ՚արտայայտուէր։ Տասնամեակներով կանխելով արեւմտեան պետութիւններու նման քայլերը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընտրելու եւ ընտրուելու լիիրաւ իրաւունք ստացան կանայք եւ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ընտրուեցան կիներ եւս։ Նոյն ձեւով, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ստացան ազգային փոքրամասնութիւնները, նոյնիսկ երբ անոնցմէ ոմանք զէնք բարձրացուցած էին պետութեան դէմ եւ կը գործէին որպէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հինգերորդ շարասիւն։
***
Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբ իր անկախութիւնը կորսնցուց 1920-ի Դեկտեմբերին, արդէն աւելի քան եռապատկած էր իր տարածքը՝ 1918-ի Մայիսին համեմատ։ Ճիշդ է, այդ ընթացքին երբեմն տարածքը աւելի ընդլայնած էր շնորհիւ հայկական բանակին, բայց, նաեւ եղած էին կորուստներ։ Անուրանալի փաստ է, սակայն, որ երկուքուկէս տարուան մէջ, կարելի եղած էր անձեւ քաոսէն ստեղծել պետականութեան անհրաժեշտ տուեալներով մէկ միաւոր, որ նոյնիսկ անկախութիւնը կորսնցնելէ ետք՝ կրցաւ որպէս հիմք ծառայել ոչ միայն Խորհրդային Հայաստանի գոյութեան, այլ նաեւ եօթանասուն տարի ետք վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան։
Իսկապէս ի՞նչ կ՚ըլլար հայոց պատմութեան հոլովոյթը, եթէ 1918-ին վերականգնուած չըլլար հայկական անկախ պետականութիւնը։
Աւելին, անուրանալի փաստ է, որ եթէ գոյութիւն չունենար 1918-ի 28 Մայիսը, չէր կրնար գոյութիւն ունենալ 1991-ի 21 Սեպտեմբերը։
Այսօր, վարակիչ պէտք է ըլլայ 1918-ին հիմնադրուած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան բարոյական կերպարը. ան իր պահուածքով օրինակ էր ժողովուրդին համար։ Օրուան վարչապետին զաւակները կը մասնակցէին ճակատի ռազմական գործողութիւններուն, իսկ անոնցմէ մէկը նոյնիսկ կը զոհուէր։ Կամ, Հանրապետութեան հիմնադիրը համարուող Արամը կը վարակուէր բծաւոր տիֆով եւ կը մահանար, ինչպէս տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ նոյն ճակատագրին կ՚ենթարկուէր։
Հայկական պետականութիւնը, առաւել եւս՝ անկա՛խ պետականութիւնը այն վէմն է, որուն վրայ միայն կրնայ հիմնուիլ հայ ժողովուրդի դարաւոր իղձերու իրականացումը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը։ Այդ պատճառով ալ, պէտք է ամէն ճիգ թափել, որ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըլլայ հզօր եւ մնայ հաւատարիմ առաջին հանրապետութեան ազգային-պետական սկզբունքներուն։ Հզօր պետութիւն չի նշանակեր միայն հզօր բանակ. այլ կը նշանակէ պետութիւն, որուն կը վստահի իր ժողովուրդը եւ հետեւաբար պատրաստ կ՚ըլլայ զայն արեան գնով պաշտպանելու։
Մենք խորհրդային Միութեան օրերուն իսկ կը յայտարարէինք, որ պէտք չէ շփոթել Հայրենիքն ու իշխանութիւնը։ Իշխանութիւնները կու գան ու կ՚երթան, մնայունը Հայրենիքն է. Իսկ որպէս համայն ազգին Հայրենիքի գոյութիւնը կարելի է ապահովել միայն անկախ պետականութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութիւնը տասնամեակներ շարունակուեցաւ իր անկախութեան կորուստէն վերջ ալ. մէկ կողմէ՝ հողին վրայ, պետականութեան որոշ յատկանիշներու առկայութեան պայմաններուն մէջ, ան թեկուզ շատ թանկ գինով հնարաւորութիւն տուաւ մեր ժողովուրդի համախմբումին եւ զարգացման, մինչեւ եկաւ վերանկախացման պահը։ Այսպիսով, 21 Սեպտեմբերը եղաւ 28 Մայիսին շարունակութիւնը։ Միւս կողմէ, անկախ, ազատ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարը թէ՛ հողին վրայ եւ թէ՝ Սփիւռքի տարածքին, վառ մնաց եւ նպաստեց հայութեան ինքնութեան եւ տեսլականի պահպանումին։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումով, սակայն, չստեղծուեցան այն պայմանները, որ մինչ այդ անկախութեան գաղափարը Սփիւռքի մէջ վառ պահողներս կը պատկերացնէինք։ Հակառակ պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ ամրագրուած համայն հայութեան հայրենիք ըլլալու հանգամանքին, ՀՀ առաջին իշխանութիւնները այդ գաղափարական տեսլականով չառաջնորդուեցան։ Երկքաղաքացիութեան արգելքը սահամանադրական ուժ ստացաւ եւ այդ ոգիով վերաբերմունքը Հայրենիքէն վանեց թէ՛ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք նոյն այդ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով արտագաղթեցին եւ թէ՝ անկախ հայրենիքի երազով ապրած հազարաւորներուն։
1998-ի պալատական իշխանափոխութենէն ետք, եթէ մէկ կողմէ հետզհետէ սկսաւ փոխուիլ նոր իշխանութեան քաղաքականութիւնը Սփիւռքինկատմամբ՝ հասնելու համար երկքաղաքացիութեան դէմ դրուած սահմանադրական արգելքի վերացումին՝ 2005-ին, եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքի որդեգրումին՝ երկու տարի ետք, միւս կողմէ խորացան այն արատաւոր երեւոյթները, որոնք թափ առած էին առաջին նախագահի օրով. կաշառակերութիւն, անօրէն մենաշնորհներ, գործադիրէն կախեալ դատական համակարգ, կեղծուած ընտրութիւններ եւայլն։
Միաժամանակ, դրական փոփոխութիւնները հասան այնտեղ, որ իշխանաւորները սկսան յայտարարել թէ Հայաստանը երեք միլիոն բնակչութեամբ տարբեր է քան Հայաստանը տասը միլիոն հայութեամբ։ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով համահայկական հռչակագիրը աննախընթաց էր որովհետեւ հայութեան քաղաքական, հոգեւոր, հասարակական, եւ այլ կառոյցներու գրեթէ ամբողջութիւնը միասնաբար հանդէս եկան ուրուագծելով հայութեան պահանջատիրութիւնը՝ յիշելով Սեւրն ու Նախագահ Ուուտրօ Ուիրլսընի իրաւարար վճիռը։ Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ի վերջոյ համաձայն եղաւ փոխելու երկրիկառավարման համակարգը,զայն դարձնելով խորհրդարանական, ուր ընդդիմութիւնը ունի աւելի մեծ լոծակներ։
Սակայն, այս դրականը չկրցաւ, չէր կրնար մոռացութեան մատնել այն յոռի երեւոյթները որոնք արդէն արմատացած էին պետութեան մէջ։ Եւ ի վերջոյ ժողովուրդը պոռթկաց, եւ ժողովուրդի արտայայտած ցասումը երկրին մէջ իշխանափոխութիւն իրականացուց։
Ներկայիս կան որոշ դրական երեւոյթներ, բայց նաեւ ապագայի նկատմամբ բազմթիւ հարցականներ, որոնք առկայ էին նաեւ մինչ «թաւշեայ, խաղաղ յեղափոխութիւնը»։
Այս փուլը յաջողութեամբ բոլորելու համար, մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար պէտք է մղել յարատեւ պայքար։ Համոզումը պէտք է ըլլայ այնքան հիմնաւոր, որ վերածուի հաւատքի. Խօսքը կոյր հաւատքի մասին չէ, այլ՝ գիտակցուած, համոզումով ամրապնդուած հաւատքի։
Սիրելիներ,
Հակառակ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ այսօրուան երբեմն ոչ-մխիթարական իրավիճակին, հակառակ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդի կրած կորուստներուն՝ Քեսապէն մինչեւ Հալէպ, իրականութիւնը այն է, որ մենք այսօր կը գտնուինք շատ աւելի բարւոք վիճակի մէջ, քան՝ 1918-ի Մայիս 28-ին։
Ունինք անկախ պետականութիւն, ինքնավստահ քաղաքացիներ. Ունինք ազատագրուած Արցախ. Ունինք կազմակերպուած, քաղաքականապէս ազդեցիկ Սփիւռք, կը մնայ բոլոր միջոցներով եւ հնարաւորութիւններվ՝ անձնուիրաբար պայքարիլ։ Պարզ է, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները նոյն ձեւով չեն կրնար պայքարիլ. Կարեւորը սակայն հաւատալն է նպատակի ճշմարտացիութեան եւ պայքարիլ. Իւրաքանչիւրը՝ իր հնարաւորութեան առաւելագոյն չափով։ Էականը պայքարի միասնականութիւնն ու յարատեւութիւնն են։
15 Մայիս 1918-ին, ոչ ոք կը մտածէր, որ դեռ ամիսը չաւարտած հայկական անկախ պետականութիւնը պիտի վերականգնի։
15 Ապրիլ 1992-ին, ոչ ոք կը մտածէր, որ դեռ մէկ ամիս չանցած՝ անառիկ Շուշին պիտի ազատագրուի։
8 Ապրիլ 2018-ին ոչ ոք կը պատկերացնէր, որ մէկ ամիս ետք ՀՀ-ն նոր իշխանութիւն ու վարչապետ պիտի ունենայ։
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը եթէ բերէ պայքարին, այնպէս ինչպէս 1918-ի մայիսեան ճակատամարտերուն մեր ժողովուրդը ըրաւ, այն ժամանակ անպայման կը հասնինք մեր նպատակին, որ արդէն մասամբ իրականացած է։ Անպայման կը հասնինք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին. մենք չտեսնենք՝ մեր յաջորդները կը տեսնեն։
Հալէպ
8 Յուլիս 2018