Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` arfd.am
Այսօր պէտք է ընդունինք, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման խնդիրները, լաւագոյն պարագային, քննարկման առարկայ եղած են երկրի հողագործութեան և անասնապահութեան ոլորտներու շուկայական տուեալներով միայն առանց լիարժէքօրէն խորանալու հարցին մարդկային, ընկերային, ժողովրդագրական, մշակութային և աշխարհաքաղաքական և ազգային պաշտպանութեան եզրերու վերլուծման մէջ։ Գէթ այդ է, որ ցոյց կու տայ իրերայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ ցարդ կիրարկուած քաղաքականութեան ստուգանիշներու զննութիւնը։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ գիւղը, որպէս ամբողջական կենսահամակարգ, մաս չէ կազմած երկրի զարգացման ընդհանուր տեսլականին։ Գիւղն ու հողը դիտուած են որպէս սոսկ շահագործման աղբիւր, որմէ պէտք է քամել կարելի առաւելագոյնը անոր տալով միայն կարելի նուազագոյնը։ Պարզ խօսքով, տալ այնքան միայն՝ որ գիւղը կարողանայ «շնչել» և իր զրկուած գոյութիւնը քաշքշել սերունդէ սերունդ։
Այսպէս է, որ հայոց երկրի գիւղ-ոլորտը – այսինքն մեր պատմութեան հրաշակերտ ներոյ՛ժը – լքուած է իր բախտին նախ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն և յետոյ նաև այս երկրորդ անկախ պետականութեան առաջին երեք նախագահներու օրով և այս եպերելի կացութիւնը դեռ կը շարունակէ գործել իր աւերը։ Այն ինչ, որ Թումանեան էր ու Համօ Սահեան և իր պարզութեամբ, իր նախնականութեամբ, իր բարութեամբ ու վիպականութեամբ կը գրաւէր մեզ 1991-ին, այսօր արդէն անընդունելի է և վիրաւորակա՛ն։ Եւ այս մէկը, առաջին հերթին, գիւղաշխարհի մեր ժողովուրդի արժանապատւութեա՛ն հաշւոյն։ Հարիւր հինգ տարի առաջ լոյս տեսած Աւետիս Ահարոնեանի «Շուէյցարական Գիւղը», որ մեր գիւղաշխարհի ողբերգութեան քննական բացայայտումն է, այսօր ևս կը պահէ իր լիարժէք ճշմարտացիութիւնը։ Եւ ընդունինք, որ այս մէկը մեր ազգային ամօթն է, զոր այլևս կարելի չէ ծածկել։ Այս յօդուածին նպատակն է Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի և իր կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այս այրող հիմնահարցին վրայ յստակ ակնկալութիւններ կապելով ձևաւորուող և ձևաւորուելիք նոր քաղաքականութեան։
Ի՜նչ խօսք, որ այս պահուն ես հպարտ եմ և խրախուսուած՝ որ Փաշինեանի դահլիճին մէջ Գիւղատնտեսութեան Նախարարի պատասխանատւութիւնը վստահուած է իմ դաշնակցական ընկերոջ, Շիրակի նախկին մարզպետ՝ Արթուր Խաչատրեանին, որ ճիշտ մարդն է այսպիսի բարդ առաքելութեան մը համար։ Անցեալին ևս այս նախարարութիւնը (և յետագային անոր քաղաքական զուգահեռը հանդիսացող Տարածքային Կառավարման Նախարարութիւ՛նը) յանձնուած էր մեր կուսակցութեան և Ընկ. Դաւիթ Լոքեանի ձեռնհաս ղեկավարութեան։ Անուրանալի է, որ շատ աշխատանք տարուեցաւ այդ օրերուն (և անկէ ետք) գիւղաշխարհի կացութիւնը բարելաւելու մարզին մէջ, բայց նաև անուրանալի է, որ շատ բան մնաց անկատար և թերի առաւելաբար պետական (իմա՝ նախագահակա՛ն) քաղաքականութեան համակարգային մեղքերուն պատճառով։ Բոլոր միջոցառումներէն ետք, գիւղը շարունակեց մնալ նոյնը…Եւ ինչու՞։ Ահաւասիկ այս հարցն է, որ այժմ դրուած է սեղանին վրայ և հոսկէ է, որ կ՚ըսկսի ձևաւորումը գիւղ-ոլորտի հիմնահարցին։
Հարցը, զոր կ՚ուզեմ դնել Վարչապետ Փաշինեանին առջև, գիւղ-ոլորտի առողջացման բազմաշերտ խնդիրն է, որ շատ անդին կ՚անցնի նեղ առումով գիւղատնտեսական կարիքներու գոհացման շրջագծէն։ Յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են տալու համար ամբողջական պատկերը գիւղի բոլոր կարիքներուն, որոնք ամէնօրեայ տագնապի նիւթ եղած են մեր երկրի գիւղացիին համար։
Հողի բանական (rational) օգտագործում, հողի որակային պահպանութիւն, ոռոգման ջուրի հայթայթում, արտադրատեսակներու և շուկայական պահանջարկի նախատեսման գործիքներու ձևաւորում և կիրառում, գիւղ-ոլորտի բնապահպանական վերահսկողութիւն, բնական միջավայրի վտանգներու դէմ պաշտպանութեան ծրագրեր, գիւղ-զբօսաշրջութիւն փոխ-սնուցիչ (symbiotic) գործօններու տնօրինում, գիւղատնտեսական գործիքակազմի արդիականացում, օրգանական սննդամթերքի պայմաններու ստեղծում, մասնագիտական գիտելիքի հայթայթում, փոխադրամիջոցներու մրցակցային ռազմավարութիւն, համագործակցայիններու քաջալերման ծրագրեր, հարկային քաղաքականութեան վերաձևաւորում զարգացման նպատակներու խթանման միտումով, առողջապահական ծառայութիւններու ցանցի հիմնական որակաւորում, կրթական համակարգի որակաւորում և արդիականացում, գիւղատնտեսութեան կողքին ոչ-գիւղատնտեսական ձեռներէցութեան քաջալերման ծրագրեր և մանաւանդ գիւղաշխարհի ենթակառոյցներու արմատական և ամբողջական կերպաւորում։ Ասիկա մասնակի և հպանցիկ թւումն է միայն հարցերու այն դիզուածքին, որ օր ու գիշեր կը պատուհասէ գիւղ-ոլորտի առօրեան։ Այս հարցերու ճնշիչ իրականութիւնը այնքան է մշտնջենաւորուած երկրի կեանքին մէջ, որ արդէն զրկանքը բացէ ի բաց վերածուած է մշակոյթի։ Ընդունուած իրողութիւն է, որ գիւղը պէտք չէ ունենայ բնականոն ասֆալթապատ փողոցներ և գործող կոյուղիներ և թէկուզ համեստ, բայց պատուաւոր սանիտարական միջավայր և կարգին մէկ դարմանատուն և բժշկական անձնակազմ…որպէսզի ան գիւղ ըլլայ։ Մենք մեր գիւղաշխարհի ժողովուրդին պարտադրած ենք այս լճացնող մտայնութիւնը և կոտրած՝ բարօրութիւն ակնկալելու իր մարդկային ձգտումը։ Զարմանա՞նք ուրեմն, որ նորահաս սերունդները այդ ժողովուրդին չեն ուզեր մնալ հողին վրայ…
Բայց դեռ կայ աւելի՛ն։ Գիւղ-ոլորտի մեծագոյն թշնամիները գիւղատնտեսական ոլորտին ներսը հաստատուած մենաշնորհային համակարգի տէրերն են։ Կեղեքումի մեծ գործի՛քը՝ որ մայրաքաղաքը կը կապէ գիւղի իրականութեան։ Այս առումով, գիւղը երբեք «անտեսուած» չէ։ Ան շատ մեծ հանք մըն է մայրաքաղաքին համար, որուն վրայ ցարդ իշխած է և դեռ կ՚իշխէ երկրի օլիգարխիան։ Գիւղ-ոլորտը այն կենսական տարածութիւնն է, որմէ կը սնանի մենաշնորհային համակարգի պարարտ մարմինը փշրանքներ միայն զիջելով գիւղ-ոլորտի իսկական իրաւատիրոջ…
Անշուշտ գոյութիւն ունին բացառութիւններ։ Գոյութիւն ունին բախտաւոր բնակավայրեր, որոնք կը գտնուին մեծ ձեռնարկութիւններու դրացնութեան մէջ։ Հոս նաև կը փոխուի գիւղացիի եկամուտներու բնոյթը։ Գիւղը հետզհետէ կը դադրի գիւղ ըլլալէ։ Կը դառնայ քաղաքի արբանեակը և կախեա՛լ ՝ նոր շահատէրերու քմահաճոյքէն։ Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր նպատակը գիւղաշխարհը քաղաքայնացնել չէ։ Գիւղի մշակոյթը ռազմավարական անգտանելի հարստութիւն մըն է մեր հայրենիքին համար։ Մեր նպատակն է ապահովել գիւղ-ոլորտի առողջ և հայասնունդ մշակոյթին կայունութիւնն ու լինելիութիւնը։
Նկատի առնելով վերոյիշեալը, Պր. Վարչապետը պէտք է դիմէ միջ-գերատեսչական (inter-agency) հանգամանաւոր մարմնի մը կազմութեան, որ ունենայ լայն իրաւասութիւններ զօրաշարժի ենթարկելու բոլոր նախարարութիւններու միջոցները։ Գիւղ-ոլորտի վերածնունդը կը պահանջէ համակարգուած աշխատանք և ներդրում բոլոր նախարարութիւններուն կողմէ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտական ոլորտի ուժականութիւններով։ Գիւղ-ոլորտը կարիք ունի մեծաթռիչ ոստիւն (quantum jump) մը իրականացնելու յաջորդ քանի մը տարիներու ընթացքին։ Քանի որ հոս է մեր երկրի լինելիութեան (viability) բանալին։ Բարձրորա՛կ գիւղ՝ բարձրորակ Հայաստանի մը համար։ Գիւղ՝ որ կը շնչէ մեծ շնչառութեամբ, մեծ հպարտութեամբ և մեծ ինքնավստահութեամբ։ Եւ առաջին անգամ ըլլալով մեր մեծ գործի հաւասարութեան մէջ կը յայտնուի գիւղի նոր և ազատ մարդը իր նոր անհատականութեամբ, նոր առաքելութեամբ և գերազանցութեան (excellence) աննախընթաց մակարդակ մը նուաճելով մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան հաշւոյն։
Կարօ Արմենեան
Ուաշինկթըն