Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, 85 տարեկան հասակին իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին՝ Աղբիւր Սօսէն։
Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին՝ Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր։ Ծնած էր 1868ին (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1869ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ։
Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէին։ Բարձրահասակ եւ գեղադէմ՝ Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով՝ ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար։
Այդպէ՛ս, Սօսէի կեանքը կապուեցաւ Սերոբ Վարդանեանին, որ կոչուած էր դառնալու Տարօն Աշխարհի յեղափոխական առիծը եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ անմահանալու իբրեւ դաշնակցական անդրանիկ հայդուկապետներէն Աղբի՛ւր Սերոբը։
Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու, ինչպէս նաեւ՝ ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար պանդխտութեան ժամանակաշրջան էր։ Սոխորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին՝ Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան։ Ընտանեկան օճախի պաշտպանութեան հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառացումը քրտական առօրեայ գողութեանց դէմ, Սօսէի մէջ կռանեցին դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն՝ արդէն դաշնակցական յեղափոխականի «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք» յորդորով պայքարի դրօշը պարզելու համար Սասնոյ տարածքին։
Սերոբ իր անձին օրինակով ուղի բացաւ։ Կնոջ ու արդէն երկու որդիներուն հետ՝ իր շուրջ հաւաքած մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը, Սերոբ իր ունեցած-չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ բարձրացան լեռները։
Սօսէի Ֆետայական գործունէութեան այդ շրջանը լաւագոյնս խտացուած է Հայկական Ազատամարտին նուիրուած ժողովրդական երգի՝ «Գնդակ Որոտաց»ի հետեւեալ երկու տուներով.-
Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, իմ սիրուն Սօսէ,
Վեր առ մոսինդ, քաջութիւն հոս է,
Քո սիրած Սերոբի օրհնեալ օրն այս է:
Ձայն տուաւ Սօսէն.- Սերոբ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած, ձայնիդ կը սպասեմ,
Քեզի հետ կռուելու, քո կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն:
Միայն երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կինը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին։ Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը՝ արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ։
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման ոգեշնչող աւանդներէն մէկը եղաւ Սօսէի ամբողջական մասնակցութիւնը ֆետայական կեանքին ու մարտական բուռն գործունէութեան։ Առնուազն Սասնոյ հայութիւնը դեռ պատրաստ չէր հասկնալու եւ ընդունելու, որ հաւասարապէս հայուհին եւս իրաւունք ունէր զէն ի ձեռին կանգնելու կռուի դաշտ նետուած հայ տղամարդու կողքին՝ միասնաբար յառաջ մղելու համար Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան պայքարը։
Աւելի՛ն. ատենին տիրող Ֆետայական շարժման բարոյական օրէնքներով՝ ֆետային պէտք չէ ամուսնանար, իսկ եթէ արդէն ամուսնացած էր՝ ընտանիքին հրաժեշտ պէտք է տար ու անմնացորդ նուիրուէր ազգի ազատագրութեան պայքարին։
Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդը՝ Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու որոշումին համար։ Բայց զուր անցան ֆետայական կեանքէն բաժնուելու եւ զաւակներու հոգատարութեան նուիրուելու իմաստով Սօսէին ուղղուած նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան եւ աւելիով ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ հայ դաւաճանի մատնութեան զոհ գնաց, թունաւորուեցաւ եւ թուրք ու քիւրտ զօրքի կողմէ պաշարուեցաւ իր խումով։
Սերոբ եւ Սօսէ թագստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը։ Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն շլացած՝ հայանուն մատնիչ-դաւաճան մը ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թագստացոցը, այլեւ՝ իբրեւ բարեկամ արժանացած Սերոբի հիւրընկալութեան, ծխախոտի մէջ թոյն խառնելով թունաւորեց եւ անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծին։ Այնուհետեւ՝ թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին։ Սերոբ անոյժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբ եւ երկու եղբայրները՝ Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան անարգ թշնամիին դէմ։ Սերոբ, զաւակը եւ երկու եղբայրները սպաննուեցան. ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ նաեւ Սօսէ։ Պշարէ Խալիլ եւ իր զինուորները կտրեցին արդէն սպաննուած Սերոբի գլուխը, բայց թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին։ Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ, բայց կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ։ Իսկ փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը։
Վերջ գտաւ Սօսէի ֆետայական գործունէութեան շրջանը եւ սկսաւ աստանդական կեանքի ժամանակը, որ եղաւ տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնը հայ դիւցազնուհիին։
Աւելի քան յիսուն տարի, Սօսէ Մայրիկ անվհատ վկան ու շրջուն քարոզիչը եղաւ Աղբիւր Սերոբի հերոսական աւանդին ու հայ ազգային-ազատագրական յաղթաշունչ երթին։ Գնաց հոն, ուր Դաշնակցութիւնը զինք կանչեց։ Եւ ամէնուր ցմրուր ճաշակեց մեր ժողովուրդին բաժին հանուած տառապանքներն ու հալածանքները՝ դիմադրական կորով ներշնչելով իր շրջապատին։
Առաջին Աշխարհամարտի բռնկման ժամանակ Սօսէ Մայրիկ կը գտնուէր Վան, ուր մասնակից դարձաւ ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին, ինչպէս եւ դէպի Արեւմտահայաստանի խորերը Հայ Կամաւորական Գունդերու յառաջխաղացքին։ Բայց երբ վրայ հասաւ ռուսական զօրքերու նահանջը Արեւմտահայաստանի ազատագրուած շրջաններէն, Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական հայութեան հետ Սօսէ Մայրիկ ինք եւս անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը։
Դաշնակցական գործիչներու դէմ մոլեգնած պոլշեւիկեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Սօսէ Մայրիկ անցաւ Պոլիս, ուր շատ կարճատեւ եղաւ իր կեցութիւնը։ Քեմալական վտանգին դէմ յանդիման՝ Սօսէ Մայրիկին թելադրուեցաւ երթալ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր ան աւելի քան քառորդ դար շարունակեց ծառայել իր պաշտած ժողովուրդին՝ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի դրօշակիր Դաշնակցութեան ճամբով։
Աղեքսանդրիա իր կեցութեան ամբողջ շրջանին, Սօսէ Մայրիկ ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ եւ ամբողջ գաղութին կողմէ արժանացաւ գաղափարական մօր մը վայել յարգանքի ու սիրոյ։։
Տարագիր իր կեանքը Սօսէ Մայրիկ լեցուց Երկրի կարօտով ու անխոնջ վկայութեամբը հերոսական այն պայքարին, որ կապուեցաւ իր կեանքը Սասնոյ լեռներուն վրայ, Տարօնի Առիւծին կողքին։
Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք, ուր իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ։
Յեղափոխական հայու եւ դաշնակցական ֆետայիի կանացի ու մայրակա՛ն այս անզուգական դէմքին՝ Սօսէ Մայրիկի մահուան վասունամեակին նուիրուած այս վկայութիւնը կþարժէ պսակել Անուշ Գրիգորեանի քերթուածին բանաստեղծական բառերով.-
«Հաւատքն իր հոգում՝ զարկեց, զարկըւաւ հերոս հայուհին,
«Մեր հայրենիքի սուրբ ազատութեան արիւնոտ ճամբին,
«Կռռւելով անցաւ չքնաղ ու սիրուն Սօսէ ֆետային…»
Ն