կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-01-02 11:44
Հասարակություն

2018. վերանորոգումի տարի․ «Ա­զատ օր»

2018. վերանորոգումի տարի․ «Ա­զատ օր»

Աղբյուրը՝ arfd.am

Թէեւ ըն­թա­ցիկ տա­րի մը ա­ւար­տած ըլ­լա­լու հո­գե­վի­ճա­կով ա­հա ան­ցեա­լին ու պատ­մու­թեան կը յանձ­նենք հին տա­րին, այ­դու­հան­դերձ՝ նոյն­պի­սի տրա­մադ­րու­թեամբ եւ հո­գե­բա­նու­թամբ չենք դի­մա­ւո­րեր ե­կող նոր տա­րին։

Չենք ալ կրնար ըն­թա­ցի­կի ար­ժե­չա­փով դի­տել ու ող­ջու­նել ա­հա յաղ­թա­քայլ իր ոտ­նա­ձայն­նե­րը լսե­լի դարձ­նող 2018ի ժա­մա­նու­մը։
Նոր ­Տա­րո­ւան հետ փաս­տօ­րէն կը դի­մա­ւո­րենք ու կը տօ­նենք դա­րա­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, որ պսա­կո­ւե­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով ու ա­զատ եւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր կեր­տու­մով։

Ա­յո՛, ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի՝ ազ­գո­վի՛ն կը նշենք դա­րա­դար­ձը 28 ­Մա­յիս 1918ի պատ­մա­կերտ յաղ­թա­նա­կին, որ ե­կաւ շտկե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ող­նա­շարն ու մէջ­քը դա­րա­ւոր գե­րու­թեան տակ հիւ­ծած ու կքած, այ­լեւ՝ օ­տար աս­պա­տա­կող­նե­րու հա­յա­ջինջ ու հայ­րե­նա­կուլ հա­րո­ւած­նե­րուն տակ մաս­նա­տո­ւած եւ ու­ծաց­ման դա­տա­պար­տո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ հա­յոց ա­ւե­տեաց եր­կիր ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի փոքր մէկ հո­ղակ­տո­րին վրայ շրջե­լով պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի մա­հա­բեր ըն­թաց­քը։

28 ­Մա­յիս 1918ին Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տին մէջ կծկո­ւած՝ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րէն դեռ չվե­րա­կանգ­նած, այ­լեւ ռուս թէ եւ­րո­պա­ցի իր բա­րե­կամ­նե­րուն ու դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ իր բախ­տին լքո­ւած վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը, բա­ռին ի­րա՛ւ թէ փո­խա­բե­րա­կան ի­մաստ­նե­րով, ըստ ա­մե­նայ­նի յա­րու­թիւն ա­ռաւ՝ փիւ­նի­կի նման յառ­նե­ցաւ մո­խիր­նե­րէն եւ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու մարդ­կու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր ան­սա­կար­կե­լի տե­ղը գրա­ւեց։

28 ­Մա­յիս 1918ի պատ­մակ­շիռ նո­ւա­ճու­մին հա­րիւ­րա­մեա­կը հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ տօ­նե­լով՝ 2018ի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեամբ, մեր ժո­ղո­վուր­դը էջ առ էջ պի­տի բա­նայ ու հա­ղոր­դո­ւի ­Մա­յի­սեան ­Հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն խոր­հուր­դով ու պատ­գա­մով, «­Հայ­րե­նիք կամ ­Մահ» վճի­ռով մէկ մար­դու պէս պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւե­լու ազ­գա­յին մեր ուխ­տը պի­տի վե­րա­նո­րո­գէ՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի եւ ­Ֆե­տա­յա­կան Սե­րուն­դի, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հա­յոց ան­կա­խու­թեան ճա­կա­տա­մարտ­նե­րը յաղ­թա­նա­կի ա­ռաջ­նոր­դած ­Նա­զար­բէ­կեան, ­Սիլ­իկեան եւ ­Բէկ-­Փի­րու­մեան ա­նուն հա­յոց զօ­րա­վար­նե­րու ԱՒԱՆ­Դը անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տան ղօ­ղանջ­նե­րով թնդաց­նե­լով։

Ա­ւե­լի՛ն. 2018ը կո­չո­ւած է վե­րա­նո­րո­գու­մի տա­րի մը ըլ­լա­լու՝ յատ­կա­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէ­քին եւ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ու ա­զատ հան­րա­պե­տու­թեան կեն­սա­յորդ կռո­ւան­նե­րուն ազ­գո­վին տէր կանգ­նե­լու հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջո­ւան մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տե­լով։

Կը բա­ւէ որ­քա՜ն ան­հար­կի տուրք վճա­րո­ւե­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքին կող­մէ՝ 28 Մա­յիս 1918ի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հան­գա­նա­կին՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նին շուրջ երկ­փեղ­կում հրահ­րե­լով եւ պա­ռակ­տում սեր­մա­նե­լով, ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տա­կա­նօ­րէն հա­կա­դիր ճամ­բար­նե­րու բաժ­նե­լով՝ «հա­յաս­տա­նա­սէր­ներ»ու եւ «հա­կա­հա­յաս­տա­նեան­ներ»ու շին­ծու, մտա­ցա­ծին կեղծ պա­տո­ւար­նե­րով։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին եւ հա­յոց ա­զատ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­րիւ­րա­մեա­կը կու գայ մեր ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­նո­րո­գե­լու ­Վա­հան Թէ­քէեա­նի ա­ւե­տած «­Յա­րու­թեան շունչ»ով, ո­րուն մղու­մով եւ շար­ժիչ ու­ժա­կա­նու­թեամբ՝ 1918ին մէկ­դի նե­տո­ւե­ցան կու­սակ­ցա­կան թէ դա­ւա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան թէ գա­ղա­փա­րա­կան բա­ժա­նա­րար բո­լոր գի­ծե­րը եւ մէկ ու միա­ցեալ բռունցք դար­ձաւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը։

2018ը վե­րա­նո­րո­գու­մի տա­րո­ւան իր խոր­հուր­դը կը տա­րա­ծէ ու կը խո­րաց­նէ նաեւ իր բե­րած եւ լրա­ցու­ցիչ երկ­րորդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կով։
Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւ­նը կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ թէեւ ­Պոլ­սոյ մէջ, բայց ըստ էու­թեան հան­դի­սա­ցաւ եւ հա­րիւր տա­րի մնաց համայն հայութեան գա­ղա­փա­րա­կան ար­գա­սի­քը ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին եւ հա­յոց ազ­գա­յին ա­զատ պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­նու­մին։

Տա­րա­գիր հա­յու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը Հ.Մ.Ը.Մ.ի վար­քին եւ ու­ղիին, գոր­ծին ու պատ­գա­մին մէջ գտան եւ ներշն­չո­ւե­ցան հայ ազ­գա­յին ա­նանց՝ հա­մընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու Ա­ւան­դով։

«­Բարձ­րա­ցիր, ­Բարձ­րա­ցուր» պատ­գա­մող Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր սկաուտ­նե­րուն եւ մար­զիկ­նե­րուն ներշն­չեց հպար­տու­թիւ­նը Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի Ե­ռա­գոյ­նը միշտ ա­ռաջ­նորդ ու­նե­նա­լու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան։

Եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ եւ մին­չեւ այ­սօր, երբ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեամբ ու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեամբ հա­ղոր­դո­ւե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու պա­տեհ ա­ռիթ­ներ կ­’ու­նե­նայ, ինք­նեկ հպար­տու­թեամբ կը փնտռէ, կը հե­տե­ւի եւ կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի՝ սկաուտ­նե­րով, մար­զիկ­նե­րով եւ փո­ղե­րա­խում­բով Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րէն թէ աշ­խար­հի մեծ ու փոքր պո­ղո­տա­նե­րէն վե­րապ­րող հա­յու­թեան յաղ­թար­շա­ւը հան­դի­սադ­րող Հ.Մ.Ը.Մ.ի տո­ղանցք­նե­րով՝ Ե­ռա­գոյ­նի հո­վա­նիին ներ­քեւ։

«­Նա­հա­տակ ցեղ»ի եւ «յա­րու­ցեալ հայ­րե­նիք»ի պատ­գա­մա­բե­րի իր այդ հան­գա­ման­քով է, որ Հ.Մ.Ը.­Մի հա­րիւ­րա­մեա­կը կու գայ ազ­գա­յին կե­նսու­նա­կու­թեան եւ ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան ո­գիով տո­գո­րե­լու ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի պե­տա­կան ան­կա­խու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան խոր­հուր­դը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­սա­րա­պէս բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն եւ հա­տո­ւած­նե­րուն միա­ւո­րող ընդ­հան­րա­կան ար­ժէք­նե­րու ո­գե­ւո­րիչ աղ­բիւ­րը զու­լալ պա­հե­լով։

Ա­յսօ­րի­նակ խո­հե­րու եւ յոյ­զե­րու մա­կըն­թա­ցու­թեամբ կը մօ­տե­նայ ­Նոր ­Տա­րին՝ 2018ի վե­րա­նո­րո­գու­մի տա­րին։

azator.gr