կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-14 13:22
Սփյուռք

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Պէյրութի երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ Մտաուարի հայ թաղապետներուն, երէկ կէսօրին այցելեց Քարանթինայի շրջանի բնակիչներուն եւ ականատես եղաւ արձանագրուած քանդումներուն եւ վերանորոգման աշխատանքներուն:

Անցնող օրերուն, թէ՛ շրջանի ընկերները եւ թէ՛ թաղապետները արդէն իսկ անհրաժեշտ անմիջական դասաւորումները կատարած ըլլալով, բնակիչներուն հետ երկրորդ փուլի աշխատանքներուն մասին ծրագրում կատարուեցաւ:

Շրջանի պատասխանատուներուն փոխանցուեցաւ, որ հետեւողական կերպով անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարեն` թեթեւցնելու համար վնասուած հայորդիներուն դժուարութիւնները:

Նոյնանման այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Էշրեֆիէի շրջանին: