կարևոր
4159 դիտում, 5 ամիս առաջ - 2024-05-09 17:23
Քաղաքական

Ժողովրդային Հաւաք` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով

Ժողովրդային Հաւաք` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով

Առ ի զօրակցութիւն Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք` «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով:

Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Հաւաքին խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:

Տեսաուղերձով հանդէս եկան Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Սէյրան Օհանեան:

Հաւաքին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսի յատուկ պատգամը ընթերցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: