Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն առասպելական հերոսներէն է Աղբիւր Սերոբը, որ 1899 թուականի 24 Հոկտեմբերի այս օրը, դաւադրաբար թունաւորուած հայ անունին անարժան դաւաճաններու կողմէ եւ շրջապատուած թուրք մեծաթիւ զօրքով, զէն ի ձեռին մինչեւ վերջին շունչ կռուեցաւ անարգ թշնամիին դէմ եւ… ինկաւ Ազատութեան Մեծ Երազի արիւնոտ ճանապարհին։
Մեր ժողովուրդն ու հայ աշուղները սրտաբուխ շատ երգեր նուիրեցին հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցական ֆետայիի իւրայատուկ դպրոց մը մարմնաւորած Սերոբ Աղբիւրին։ Այդ երգերուն շնորհիւ անմահացան անունն ու գործը Հայ Հողի հարազատ ու խրոխտ ծնունդ ախլաթցի Սերոբին, որ պահապան հրեշտակը դարձաւ անզէն ու անպաշտպան հայ գիւղացիին եւ սանձ դրաւ թրքական թէ քրտական հայատեաց ախորժակներուն։
Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար ազգային ինքնաճանաչման, մարտունակ նկարագրի եւ անկոտրում կամքի ներշնչման վարար աղբիւր մը եղաւ Տարօնի Առիւծը։ Այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդը անզուգական իր հերոսին մէջ արժեւորեց աղբիւրը իր սրտին՝ Սերոբի նուիրուած երգին հետեւեալ խորհուրդով.
«Նեմրութայ սարը հազար ակն ունի
Հազարն էլ Մըշու դաշտն ի վայր կ’երթայ,
Մենակ Աղբիւրի աղբիւրը սրտի
Խեղճ ժողովրդի սրտի մէջ կ’երթայ.-
Ազատ օրերի, դալար օրերի
Ծարաւ վաթանի սրտի մէջ կ’երթայ…»
Տարօնի Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր Սերոբ։ Ծնած էր 1864ին, գիւղի մեծատուն Վարդանեաններու հին ու բարեհամբաւ օճախին մէջ։ Կրտսերն էր չորս եղբայրներու։ Մեծ եղբայրը՝ Մխօ գիւղապետն էր։ Սոխորդի մէջ ուսման հնարաւորութիւն չկար եւ Սերոբ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց ձիավարութեամբ եւ որսորդութեամբ՝ Նեմրութ լերան լանջերուն թէ բարձունքներուն։
Սերոբի կազմաւորման մէջ բախտորոշ դեր ունեցաւ իր Առաքել հօրեղբայրը, որ տարիներով Պոլիս ապրելէ, ուսանելէ եւ օսմանեան մայրաքաղաքի հայ կեանքը փոթորկող ազգային զարթօնքին ու ազատագրական շարժման խմորումներուն մօտէն առընչուելէ ետք՝ Սոխորդ վերադարձած էր 1885ին։ 21-ամեայ Սերոբը ուղղակի յափշտակութեամբ փարեցաւ իր հօրեղբօր բերած գաղափարներուն եւ, անոր շունչին տակ, ոչ միայն գրել-կարդալ սորվեցաւ ու բացուեցաւ, ինքնազարգացման ճամբով, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան, այլեւ՝ ազգային իրաւունքներու եւ արժանաւորութեան նոր լոյսի տակ սկսաւ դիտել Ախլաթի հայութեան կեանքը։ Առաւելաբար քիւրտերով եւ չերքէզներով շրջապատուած, բայց իր 35 գիւղերով զուտ հայաբնակ շրջան էր Ախլաթը։
Նոյն այդ շրջանին պատահեցաւ միջադէպ մը, որ լրիւ շրջեց արդէն ազգային ապրումներով տոգորուած երիտասարդ Սերոբի կեանքին ընթացքը։ Նեմրութի բարձունքին իր ձիով որսորդութեան ելած Սերոբը դէմ յանդիման գտնուեցաւ քանի մը քիւրտերու, որոնք սպառնալիքի տակ կ’ուզէին տիրանալ իր ձիուն։ Քաջ ու անվեհեր հայ երիտասարդը տեղի չտուաւ, ընդհակառակը՝ զէնքով դիմադրեց իր վրայ յարձակողներուն, սպաննեց անոնցմէ մէկը եւ միւսները մղեց փախուստի։
Ոստիկանական ու դատական հետապնդումներու առաջքն առնելու նպատակով՝ գիւղապետ եղբայրը հնարաւորութիւնները ստեղծեց եւ համոզեց Սերոբին, որ որոշակի ժամանակով երթայ Պոլիս։ Այդպէս ալ եղաւ։ Բայց կարճատեւ եղաւ Պոլսոյ մէջ Սերոբի կեցութիւնը։ Անցաւ Ռումանիա եւ հաստատուեցաւ Սուլինա քաղաքը, որ դարձած էր հայ պանդուխտներու հաւաքավայր մը։
Սուլինայի մէջ Սերոբ բացաւ սրճարան մը, որ արագօրէն դարձաւ հայ պանդուխտներու ժամադրավայրը։ 1890ականներու սկիզբն էր եւ Երկրէն հասնող յեղափոխական խմորումներու լուրերը, հնչակեան եւ դաշնակցական գաղափարներու եւ ուղղութիւններու արձագանգով, ախլաթցի Սերոբին սրճարանը վերածեցին հայ երիտասարդներու իսկական գաղափարական հնոցի, ուր քննարկումներն ու վէճերը վերջ չունէին եւ Սերոբ յափշտակութեամբ մասնակիցը դարձած էր անոնց՝ սեփական ուղղութիւնը ճշդելու եւ կողմնորոշումը կատարելու հաստատակամութեամբ։
Սերոբի մէջ աստիճանաբար արմատաւորուեցաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան նկատմամբ գաղափարական հակումը։ 1892ին ան միացաւ Դաշնակցութեան եւ կազմեց պանդուխտ հայ երիտասարդներէ բաղկացած դաշնակցական իր խումբը։ Եւ երբ 1894ին, Կովկասի վրայով, Սուլինա հասաւ Մուշի յեղափոխական երիտասարդ գործիչներէն Հրայր Դժոխքը, որպէսզի պանդուխտ մշեցիներուն համոզէ զէնք ապահովելու եւ Երկիր վերադառնալու անհրաժեշտութեան շուրջ, Սերոբ ըստ ամենայնի պատրաստ էր արդէն նուիրուելու սուրբ գործին։
1895-ի սկզբնաւորութեան, Սերոբ իր խումբով արդէն հասած էր Թիֆլիս, ուր Քրիստափոր անձամբ ստանձնեց անոնց գաղափարական եւ մարտական անհրաժեշտ պատրաստութիւնը ջամբելու աշխատանքը։ Քրիստափորի շունչով թրծուեցաւ Սերոբի յեղափոխական եւ կազմակերպական ուժեղ նկարագիրը, անխախտ հաւատքի եւ երկաթեայ կարգապահութեան տէր դաշնակցականը, որ իր անձնուիրութեամբ, գաղափարապաշտութեամբ եւ կազմակերպական բնատուր ձիրքով՝ ղեկավար դեր պիտի ստանձնէր Տարօնի շրջանի հայ յեղափոխական շարժման արմատաւորման ու հզօրացման մէջ։
1895-ի գարնան, 27 հոգինոց իր զինեալ ու զինատար խումբով, Սերոբ կտրեց ռուս-թրքական սահմանը եւ հասաւ Ախլաթ։ Անմիջապէս լծուեցաւ գաւառի ինքնապաշտպանութեան գործի կազմակերպումին։ Կազմակերպական իր բացառիկ տաղանդով, կամքեր կռանելու եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելու ղեկավարի իր բնատուր ձիրքով, բայց մանաւանդ խստակեաց իր վարքով ու կարգապահութեան նկատմամբ իր անզիջող վճռականութեամբ՝ Սերոբ հրաշքի համազօր հոգեփոխութիւն առաջացուց Ախլաթի մէջ, որ կրցաւ գրեթէ անվնաս դուրս գալ 1895-96ի համիտեան կոտորածներէն։ Մինչ այլուր հարիւր հազարաւոր անզէն ու անպաշտպան հայերու արիւն թափեցաւ, Սերոբի ղեկավարութեամբ Ախլաթի հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան դիմեց եւ սանձեց շրջակայ քիւրտերու եւ չերքէզներու ալան¬թալանի նկրտումները։ Նաեւ անձնական իր քաջագործութեանց շնորհիւ, Սերոբի հռչակը շատ արագ տարածուեցաւ Տարօնայ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը։ Բնականաբար դարձաւ թրքական իշխանութեանց աչքի փուշը։ Զինու զօրութեամբ Սերոբը ձեռք անցընելու կառավարութեան բազում փորձերը անփառունակ ձախողութեան դատապարտուեցան։ Յատկապէս Բաղէշի շրջանի Բաբշէն գիւղի կռիւը, որ Հրայր Դժոխքի վկայութեամբ կը հանդիսանայ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ամէնէն փառաւոր էջերէն մէկը, ուր հազիւ երկու տասնեակ ֆետայիներով Սերոբ յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ աւելի քան հազար զինուոր հաշուող եւ երեք թնթանօթներով զինուած թրքական զօրքի հետ ընդհարումէն, ուղղակի անպարտելի հայդուկապետի հռչակ ապահովեց Սերոբ Աղբիւրին։
Ինչպէս որ Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, Աղբիւր Սերոբ անսպառ կորով եւ ինքնավստահութիւն ներշնչեց մեր ժողովուրդին։ «Վերեւ Աստուած, ներքեւ Սերոբ՝ կþըսէր ժողովուրդը»։ Ամէնուր եւ «բոլորին Սերոբ կը քարոզէ. Տղա՜ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք»։
Թէեւ կարճատեւ եղաւ Սերոբի ֆետայական գործունէութիւնը, բայց ամբողջ հինգ տարի, 1895էն 1899, անոր անունին կապուեցաւ Տարօնի յեղափոխական շարժումը։ Ֆետայական իր դպրոցէն անցան եւ թրծուեցան աննման գործիչներ՝ Բալապեխ Կարապետէն մինչեւ Առիւծ Գեւօ, Զուլումաթէն մինչեւ Անդրանիկ ու Գէորգ Չաւուշ։
Աղբիւր Սերոբի յիշատակը ոգեկոչող յուշատետրի այսօրուան սիւնակով կ’արժէ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել, որ քաջարի ռազմիկի եւ խստապահանջ հայդուկապետի իր աւանդին Սերոբ Աղբիւր միաձուլեց նաեւ հայու յեղափոխական կեանքի իր ուրոյն ոճը։ Աղբիւր Սերոբ հանդերձ ընտանեօք ընտրեց ֆետայական կեանքը ու միշտ իր կողքին ունեցաւ կինը՝ անզուգական Սօսէն (որ իր կարգին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայկական Ազատամարտի անմահ մատեանին մէջ) զաւակները։ Աղբիւր Սերոբի կինն ու զաւակները լրիւ կիսեցին իրենց ամուսնոյն եւ հօր ընտրած յեղափոխական կեանքին հերոսական, այլեւ դաժան պայմանները. ապրեցան լեռներու վրայ փախստական կեանք. մասնակից դարձան անհաւասար ուժերով մղուած, բայց հերոսական յաղթանակով նուաճուած Սերոբի կռիւներուն. նաեւ ցմրուր ճաշակեցին Հայկական Յեղափոխութեան ներքին չարիքի դառն բաժակը, երբ մատնութեան եւ դաւաճանութեան ճամբով վատօրէն վերջ տրուեցաւ անպարտելի հերոսի կեանքին ու քաջագործութեանց։
Աղբիւր Սերոբը կռուի դաշտի վրայ պարտութեան մատնելու անկարողութենէն մղուած՝ թրքական կառավարութիւնը դիմեց դաւադիր լուծումին։ Գտաւ ու կաշառեց հայ մատնիչ մը, որ իմանալէ ետք Կելիէկուզանի մէջ Սերոբի թաքստոցը, մօտեցաւ անոր իբրեւ ֆետայական շարժման հաւատաւոր, ծխախոտի միջոցաւ թունաւորեց Առիւծին եւ կռուելու անկարող վիճակի մատնելով հերոսին՝ Պշարէ Խալիլի զօրքին տեղեակ պահեց Սերոբի թաքստոցին մասին։
Այդպիսի դաւադրութեան հետեւանքով էր, որ 24 Հոկտեմբեր 1899-ին, հազարաւոր զօրքով, Պշարէ Խալիլ պաշարեց Կելիէկուզանը։ Համկառակ իր վատուժ վիճակին, Սերոբ իր ընկերներուն, կնոջ եւ անչափահաս կորիւնին հետ մինչեւ վերջին շունչ դիմադրեց անարգ ու դաւադիր թշնամիին։
Պշարէ Խալիլ հասաւ իր նպատակին։ Եւ թրքական վատոգի «հզօրութիւն»ը հանդիսադրելով՝ վիրաւոր ինկած հայ հերոսին գլուխը կտրեց եւ ցիցի մը վրայ դրած ցուցադրեց Բաղէշի փողոցներուն մէջ, թուրք ամբոխը մղելով փողոցներու մէջ… «խրախճանք»ի։
Այսպիսի՛ դաժան ու դառն վախճան ունեցաւ յեղափոխական կորովի եւ ֆետայական քաջութեան անկրկնելի աղբիւրը՝ Սերոբ Վարդանեան անուն-ազգանունով անմահ խորհրդանիշներէն մէկը հայ ժողովուրդի արդար ցասումին ու ծառացումին։
Աղբիւր Սերոբի դաւադիր սպանութիւնն ու գլխատումը, անշուշտ, անպատասխան չմնացին եւ, Դաշնակցութեան որոշումով ու վճիռով՝ Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի ու Սերոբի պատրաստած միւս ֆետայիներու ձեռամբ, իրենց արժանի պատիժը ստացան դաւաճան հայերն ու անարգ Պշարէ Խալիլը։
Ն.