կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-02 11:06
Հասարակություն

Ղամշլիում տեղի է ունեցել Հ.Մ.Ը.Մ-ի տարեկան բանակումը

Ղամշլիում տեղի է ունեցել Հ.Մ.Ը.Մ-ի տարեկան բանակումը

Աղբյուրը՝ «Գանձասար»

Վեց տարիներու ընդհատումէն ետք, հակառակ քաղաքիս մէջ տիրող լարուած իրավիճակին և երթեւեկի դժուարութեան, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի Մասնաճիւղի Վարչութեան և Սկաուտ Խորհուրդին կազմակերութեամբ տեղի ունեցաւ եռօրեայ տարեկան բանակում մը, որ նուիրուած էր եղբ. Սագօ Մանուկեանի յիշատակին։

Բանակումը տեղի ունեցաւ 15-16-17 Սեպտ.2017-ին, Գամիշլիէն 10քլմ. հարաւ գտնուող սուրիան կաթողիկէ համայնքի ուխտավայրին մէջ, մասնակցութեամբ 80 քոյր-եղբայրներու, 17 աստիճանաւորներու, բանակումի ընդհ. պատասխանատու քոյր Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի եւ անոր օգնական քոյր Նանար Սարգիսեանի։

Բանակումի ընթացքին բանակավայր այցելեց ԻւՆԻՍԵՖ-ի յատուկ յանձնախումբը, որ խաղերու սերտուած ծրագիր մը գործադրեց՝ խանդավառելով քոյր- եղբայրները, ապա յանձնախումբի անդամները դպրոցական տետրակներ բաշխեցին բոլորին։

Բանակումի յայտագիրը կ՚ընդգրկէր.- մարզանք, նախաճաշ, դասախօսութիւն, զրոյց, ճաշ, պատի թերթի պատրաստութիւն, ռատիօ ժամ, խաղեր, մրցումներ, ընթրիք և խարոյկի շուրջ գիշերային խրախճանք։

Այս կարճ ժամանակամիջոցին բանակող քոյր-եղբայրներուն միջև ստեղծուեցաւ մտերմիկ և ընկերային ջերմ կապ մը։

Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի, ներկայութեամբ ծնողներու հոծ բազմութեան, որուն ընթացքին սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր, բուրգեր եւ մարզական խաղեր։

«Սագօ Մանուկեան» բանակումը իր յաջող աւարտին հասաւ «Ցտեսութիւն» երգով, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով» ։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

Image may contain: 8 people, people standing, crowd and outdoor

Image may contain: 3 people, tree and outdoor

Image may contain: 9 people, night

Image may contain: 1 person, standing and outdoor

Image may contain: 12 people, outdoor

Image may contain: 11 people, people on stage, shoes, sky and outdoor

Image may contain: 7 people, people standing and night