կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-20 15:19
Հասարակություն

Աշխարհացրիվ հայության մեջ հասարակաց հատկանիշներով հայ մարդ կազմավորելու անհրաժեշտության մասին

Աշխարհացրիվ հայության մեջ հասարակաց հատկանիշներով հայ մարդ կազմավորելու անհրաժեշտության մասին

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ելոյթը Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովում

Վերջին տարիներուն երկար խօսուեցաւ արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգներուն մասին: Այդ խնդիրով կազմակերպուեցան լեզուի փրկարար աշխատանքներ քիչ մը ամէն տեղ: Անշուշտ այդ աշխատանքները կու տան իրենց տարողութեան համապատասխանող արդիւնքը, որ սփիւռքեան պայմաններու բերումով հայերէնի տկարացման ընթացքը շրջելու տեսանկիւնէն ամէն պարագայի չի կրնար վճռական դեր խաղալ. լաւագոյն պարագային տեղի կ’ունենայ արեւմտահայերէնի մէկէ աւելի տարբերակներու կազմաւորումը: Օտարութեան մէջ լեզուն պահելու համար պետական պատկառելի նեցուկ պէտք է, ինչ որ երբեք զգալի դառնալու չափ գոյութիւն չէ ունեցած հայերէնի պարագային: Կասկածէ վեր է, ի հարկ է, որ կատարուող աշխատանքները հայրենանուէր գործեր են. հետեւաբար անոնք արժանի են գոնէ բարոյական քաջալերանքի:

Լեզուի հարցը հայութեան դիմագրաւած խնդիրներէն մէկն է միայն: Հայութեան աշխարհագրական տարածումը ընդհանրապէս կը ստեղծէ հարցեր, որոնք ժամանակի ընթացքին ո՛չ միայն կը տկարացնեն հայութեան մասնիկներու միջեւ կապը, ո՛չ միայն կը բարդացնեն հայկական ինքնութեան սահմանումը, այլ անհետացնելու աստիճան կը տժգունեն ազգային հիմնական հարցերու վերաբերմամբ հասարակաց մտածողութիւնը: Այսպիսի կացութիւն ժամանակի թաւալումով ա՛լ աւելի հաւանական կը դարձնէ ներհայկական անհամաձայնութիւններու բազմացումն ու խորացումը. այդպիսի անհամաձայնութիւններ արդէն պատմական պատճառներով տիրական եղած են հայութեան կեանքէն ներս քսաներորդ դարու ընթացքին: Տաճկահայը, ռուսահայն ու պարսկահայը ստացան արեւմտահայու եւ արեւելահայու աւելի պարզ անուանակոչումը, յանգելու համար ներկայի՝ հիմնականին մէջ ցեղասպանութեան ու տարագրութեան արդիւնք հայութեան աշխարհագրականի կողքին, նաեւ՝ գաղափարական ու մշակութային կոտորակման:

Այսպէս հայութեան իւրաքանչիւր հատուած ու անհատ իր կազմաւորման ընթացքին ենթարկուած ըլլալով տարաբնոյթ ազդեցութիւններու բնականաբար ունի տարբեր մտածելակերպ, տարբեր աշխարհահայեացք, տարբեր հիմնական հետաքրքրութիւններ, հարցերը քննելու տարբեր մօտեցումներ: Առաջին հերթին կարելի է սքանչանալ հայութեան պայմաններէն բխող այս բազմազանութեան համար: Ասիկա այդպէս է. իր այս վիճակին մէջ հայութիւնը ունի բազմամշակութային կարողականութիւն մը, որ իրեն կրնայ ընծայել աշխարհի որեւէ մէկ տեղ ազդու կերպով գործելու կարելիութիւններ: Այսօր արդէն տեղ-տեղ տեսանելի են այդ առաւելութիւնները. արեւմտեան աշխարհի մշակութային կեանքին մէջ, համբաւաւոր համալսարանական ու գիտահետազօտական կեդրոններէ ներս, Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութեան ընդմէջէն: Այդ աշխարհատարած փորձառութիւնը բնական ձեւով եւ առանց մեծ ճիգի անմիջականօրէն կը փոխանցուի հայրենիքին ու հայրենի գործիչներուն:

Ասիկա սակայն մետալի մէկ երեսն է միայն: Նոյն այդ առաւելութիւններուն ծնունդ տուող պատճառները, այլ կարեւոր մարզի մը մէջ, ծնունդ կու տան հիմնական անպատեհութեան մը, որ կործանիչ դեր կրնայ խաղալ: Նոյնատեսակ մտածելակերպի չգոյութիւնը լուրջ խոչընդոտ է հայութիւնը հետաքրքրող հարցերու շուրջ դիւրութեամբ համազգային առումով միացեալ եզրակացութիւններու յանգելու տեսանկիւնէն: Ահա այս նպատակին պէտք է ծառայէ համահայկական նպատակներու իրականացման ձգտող կրթութիւնն ու մշակոյթը: Այսինքն՝ աշխարհացրիւ հայկական բեկորներու ազգային հիմնական հարցերու շուրջ կարելի եղածին չափ կատարեալ զուգամտութեան (convergence) հասնելու նպատակին: Խօսքը կը վերաբերի համաշխարհային մասշտապի վրայ հասարակաց յատկանիշներով հայ մարդիկ կազմաւորելու միջոցներուն մասին մատածելու եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք ծաւալելու: ”Երա՜զ”, կարելի է մտածել. բայց սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ամէն լուրջ ձեռքբերում գրեթէ միշտ սկզբնական հանգրուանին անիրականանալի թուող երազի մը վրայ հիմնուած է:

Այս տեսակի արդիւնքի հասնելու համար Հայաստանի եւ սփիւռքի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի զանազան համայմքներու միջեւ հաղորդակցական կապերը ամուր պէտք է ըլլան: Իւրաքանչիւր հայ ինքզինք պէտք է զգայ համահայկական հաղորդակցութեան ցանցի մը անդամը, որպէսզի ժամանակի ընթացքին հաւաքական կեանքի որոշ գլուխներու շուրջ զարգանան հասարակաց մտածելակերպ ու մտածողութիւն: Պէտք է քաջալերել յատկապէս արտասահմանի մէջ նորահաս սերունդներու հայրենիք յաճախակի այցելութիւնը: Հարկաւ այդ հաղորդակցութիւնը ինչքան ինքնակամ ըլլայ, արդիւնքը նոյնքան դիւրաւ կը ստացուի: Հայրենիքի հետ կապը մանաւանդ զգացականներու կողքին պէտք է ունենայ նաեւ առարկայական պատճառներ: Ատիկա կրնայ պատահիլ, եթէ երկիրը ունենայ որոշ գրաւչութիւն այդ սերունդներուն համար: Ան պէտք է ըլլայ յաջող երկիր: Միջազգային բեմի վրայ պէտք է ունենայ մրցունակ մշակոյթ եւ գիտութիւն: Այդտեղ ալ հասնելու նախապայմանը անխուսափելիօրէն առողջ հասարակական տնտեսութիւնն է, ինչի համար հարկ է անխնայ հալածել բոլոր յոռի երեւոյթները:

*****
Հայերէն լեզուին առնչուող նախաբանով մը սկսայ, որովհետեւ համահայկական մտածողութիւն յառաջացնելու ամենէն կարեւոր միջոցներէն մէկը հայութեան մասնիկներուն միջեւ յաճախակի ու անխափան հաղորդակցութիւնն է: Իսկ մարդկային հաղորդակցութեան ամենէն հիմնական միջոցը լեզուն է. մեր պարագային՝ հայերէնը: Լեզուն ազգային միութեան կարեւոր հիմնաքարերէն է. միաժամանակ՝ այդ միութիւնը ամրապնդող ազդակ. հասարակաց մշակոյթի յառաջացման, հասարակաց անցեալ վերյիշելու եւ հասարակաց ապագայ կերտելու ատակ լեզուամտածողութեան յառաջացման կարեւոր գործիք է: Ճիշդ է, որ ինքզինք հայ զգալու կամ հայ ըլլալու համար մեր օրերուն հայերէնի գիտութիւնը պայման չէ, բայց եւ այնպէս հայկական խնդիրներուն խորապէս իրազեկ ըլլալու լաւագոյն միջոցը հայերէնի տիրապետումն է: Վերջիվերջոյ հայկական խնդիրներուն վերաբերող եւ հայերէնով դրսեւորուած գրաւոր ու բանաւաոր արտայայտութեան ջնջին համեմատութիւն մը միայն օտար լեզուներու կը թարգմանուի: Հետեւաբար հարկ է զգալիօրէն տարածել հայերէնի ուսուցումը՝ զարգացնելով համապատասխան միջոցներ: Սփիւռքահայ դպրոցը, անշուշտ, կը պահէ այս մարզէն ներս իր առաջնահերթ դերակատարութիւնը. սակայն պէտք է համոզուինք, որ դպրոցը առանձին անբաւարար է հասնելու համար բոլորին: Սփիւռքահայ աշակերտութեան ջնջին մէկ համեմատութիւնը միայն կրնայ հայկական դպրոց յաճախել: Թիւրիմացութիւն չստեղծելու համար ըսենք, թէ ասիկա ի զօրու է սփիւռքի ամենէն որակաւոր դպրոցներուն համար եւս: Հայութեան աշխարհագրական սփռումը շատերու համար հայկական վարժարանը անմատչելի կը դարձնէ: Հետեւաբար լեզուի ուսուցման եւ ընդհանրապէս հայագիտական կրթութեան համար այլ՝ տարբեր ձեւեր պէտք է ի գործ դնել: Անոնցմէ ոմանք սկսած են գործել, սակայն ցայսօր ոչ այնքան արդիւնաւէտ ձեւով: Սփիւռքի նախարարութեան ամառնային արագացուած հայերէնի դասընթացքները, սփիւռքի մէջ լաւ կազմակերպուած (օրինակ՝ Աւստրալիա) շաբաթօրեայ վարժարանները, համացանցի միջոցով կազմակերպուող դասընթացքները, երեխաներու համար հայերէնի եւ այլ հայագիտական նիւթերու ուսուցման համար համակարգչային խաղերը պէտք է բազմացնել՝ բարձրացնելով միաժամանակ անոնց որակը: Ինքնին հասկնալի է, որ լեզուի մատուցման ձեւերու գրաւչութիւնը պէտք է նոյնպէս բարձրացնել: Պէտք է, օրինակի համար, վերացնել լեզուի ուսուցման համար գոյութիւն ունեցող արուեստական դժուարութիւնները: Բանաւոր հայերէնի տարբերութիւնները անհատներու հաղորդակցութեամբ ժամանակի ընթացքին կը հարթուին: Սակայն ուղղագրութեան միօրինականացումը հարկ է կարգաւորել պետական որոշումով՝ փորձելով մեղմել դար մը առաջ միակողմանի կերպով առնուած որոշումներու պատճառած արուեստական դժուարութիւններն ու անոնց յառաջացուցած կիրքը: Իսկ, գոնէ նոր բառերու սահմանումին համահայկական բնոյթ տալու նպատակով, Հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդը պէտք է հարստացնել արեւմտահայերէնի մասնագէտներով. հաւանաբար ասիկա ամենէն պարզ ու անմիջական քայլն է, որպէսզի հայոց գրական լեզուն ժանանակի ընթացքին կրկին դառնայ մէկ:

Անկախ այն իրողութենէն, որ հայերէնը ինքնին բացարձակ մշակութային արժէք է, անոր գործնական հաղորդակցական արժէքը պէտք է շեշտել, իբրեւ հայերու միջեւ հաղորդակցութեան ընդհանրական միջոց: Ոչինչ կ’արգիլէ անշուշտ, որ հայերէնի պարագայական բացակայութեան վիճակներու մէջ հաղորդակցութիւնը ըլլայ օտարալեզու՝ անշեղօրէն հետապնդելով սակայն միասնական մտածողութեան հասնելու նպատակը:

Հասարակաց մտածողութիւն զարգացնելու լաւագոյն վայրը, անշուշտ, հայրենիքն է՝ ամբողջական հայութեան ամենէն հարազատ ժամադրավայրը: Հայութեան պարագային հողի միութիւնը դժբախտաբար խախտած է: Հետեւաբար աւելիով պէտք է գործի լծել այլ միջոցներ. հայրենիք այցելութիւններու կողքին՝ հայոց քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային պատմութեան խորքային ուսուցում, արդի եւ պատմական Հայաստանի աշխարհագրութիւն եւ յարակից նիւթեր կը նպաստեն ազգային գիտակցական հասարակաց մտածելակերպի գոյառման: Միաժամանակ պէտք է հետեւողականօրէն վանել բոլոր այն գաղափարները, որոնք կը շեշտեն զանազան մարզերէ ներս հայութեան բաժանումը: Պէտք է տեւապէս շեշտել հայրենահայութեան եւ սփիւռքահայութեան մէկութեան գաղափարը չէզոքացնելու համար հայութիւնը պառակտելու ատակ գիտակից կամ անգիտակից կերպով ստեղծուող որեւէ մթնոլորտ: Հայութեան շարքերուն մէջ ուրիշներու կողմէ պառակտումի կացութիւններ ստեղծելու ճիգը միշտ գոյութիւն ունեցած է. երբեմն ալ՝ դժբախտաբար յաջողած: Այդպիսի փորձութիւններու դէմ հայութիւնը պաշտպանելի պէտք է ըլլայ: Դիմադրելու լաւագոյն միջոցը ազգային գաղափարական միութեան զարգացումն է, հարկաւ հեռու մնալով անհարկի չափազանցութիւններէ:

Ինչպէ՞ս պէտք է աշխատիլ կարելի եղածին չափ մեծաթիւ հասարակաց յատկանիշներ ունեցող անհատներու եւ խմբաւորումներու ամբողջութիւն մը կազմել կարենալու համար: Այսպիսի վիճակի կը ձգտին վերջիվերջոյ բոլոր պետութիւնները: Մեզի բաղդատած անոնց տարբերութիւնը այն է, որ անոնք կը գործեն բացառաբար իրենց ճշդուած աշխարհագրական սահմաններէն ներս:
Կարիքը կայ համահայկական կրթական ու քարոզչական դրութեան մը ստեղծումին: Հոն հասնելէ առաջ սակայն անհրաժեշտ է կազմել հայերէնագիտութեան, հայրենագիտութեան եւ հայոց պատմութեան համահայկական նուազագոյն կրթական ծրագիր մը, որ ծառայէ հասարակաց մտածողութիւն ստեղծելու վերոնշեալ նպատակի
իրականացման: Տեսականօրէն դիւրին գործ է: Գործնական դժուարութիւնները նախատեսելի են, որովհետեւ ըլլա՛յ անցեալէն եկող նախապաշարումներ, ըլլա՛յ անպայման նորարարութեան երբեմն ոչ արդարանալի պաշտամունքը դուռերը լայն կը բանան անհամաձայնութիւններու առջեւ:

Սակայն փոքր ժողովուրդները, իսկ մենք փոքր ենք՝ հակառակ յաճախ արտասանուող բանաստեղծանման ճառերու յոխորտանքներուն, պարտաւոր են աշխարհին խօսիլ մէկ ձայնով: Այդ իսկ պատճառով այս կամ նման ծրագրի մը յաջողութիւնը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է:

Երեւան, 18 Սեպտեմբեր 2017