կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-09-08 17:28
Հասարակություն

ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի ԿԿ-ի գիտաժողովը՝ նվիրված Հայաստանի Առաջին Հանրապետությանը

ՀՅԴ Արևմտյան Ամերիկայի ԿԿ-ի գիտաժողովը՝ նվիրված Հայաստանի Առաջին Հանրապետությանը

Աղբյուրը՝ arfd.am

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Նորթրիճի Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի (CSUN) Հայագիտական բաժանմունքի համագործակցութեամբ, կազմակերպած է երկօրեայ գիտաժողով մը՝ «Հայկական պետականութեան վերականգնում՝ իրագործումներ եւ մտածումներ» բնաբանով, որ նուիրուած է 1918-1920 Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին:

Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ եւ Կիրակի, 2018ի Մայիս 5ին եւ 6ին, CSUN համալսարանի Plaza Del Sol սրահին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի առիթով Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կեանքի կոչուած կազմակերպիչ յանձնախումբը մշակած է ուշագրաւ ծրագիր մը, որուն կը մասնակցին անուանի մասնագէտներ՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ արտասահմանէն: Խորհրդաժողովը կարեւորութեամբ պիտի քննարկէ նոր մեկնաբանութիւններ, յարացոյցներ եւ պատմական իրողութիւններ՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութիւնը ձեւակերպած ընկերային, տնտեսական ու մշակութային գործօններուն վերաբերեալ:

Կեդրոնական կոմիտէն կը հրաւիրէ համայնքիս անդամները մասնակցելու հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենաառանցքային ժամանակաշրջանը ներկայացնող սոյն գիտաժողովին: «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը նշանակալից պատեհութիւն կ՛ընձեռէ մեր համայնքին, խորքային ուսումնասիրութեան ենթարկելու այդ ճակատագրական ժամանակները՝ տարբեր հեռանկարներու ընդմէջէն, զորս զարգացան անցեալ հարիւր տարիներուն ընթացքին: Արդարեւ, կարեւոր է, որ անդրադառնալով Հայաստանի ինքնիշխանութեան պատմութեան, այսօր կը նշենք այս պատեհ իրադարձութիւնը, որպէսզի հասկնանք այսօրուան պետականութեան տակաւին գոյատեւող մարտահրաւէրները», կ՛ըսէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:

Խորհրդաժողովը խորքային եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկէ Հայաստանի պետականութեան վերածնունդը 1918-1920 թուականներուն:

«Մենք գիտաժողովը կը դիտենք իբրեւ միջոցառում մը, որ յետադարձ հայեացք կը նետէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան երկարատեւ ազդեցութեան, հայկական պետութեան եւ հայ ժողովուրդին վրայ: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտումը յիրաւի ուշագրաւ իրադարձութիւն մըն էր: Հակառակ յուսահատական տարակարծութիւններուն եւ վիթխարի խոչընդոտներուն, պատմական այս իրադարձութիւնը կը խօսի հայ ժողովուրդի տոկունութեան եւ հաւաքական ապագայի ստեղծման տեսլականին մասին: Այդ առումով կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ մշակուած ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ մասնագէտներուն եւ հասարակութեան», կ՛ըսէ յանձնախումբի անդամներէն՝ Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանի պատմութեան փրոֆեսոր դոկտ. Ստեփան Աստուրեան:

Գիտաժողովին մուտքը ազատ է բոլորին համար: Ծրագիրի եւ բանախօսներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւնները կը հրապարակուին գալիք ամիսներուն:

asbarez.com