կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-06-14 11:15
Հասարակություն

Հայ ընտանիքը պետք է պահել առողջ՝ բարոյական, հոգևոր ու ազգային իմաստով. Արամ Ա

Հայ ընտանիքը պետք է պահել առողջ՝ բարոյական, հոգևոր ու ազգային իմաստով. Արամ Ա

Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 200 հայ տիկիններուն։

Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը ամէն տարի մեր եկեղեցւոյ առնչուած դէպքերու, դէմքերու, հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի գիրքերու մեկնաբանութեան հետ աղերս ունեցող դասընթացքներ ու դասախօսական շարքեր կը պատրաստէ, նպատակ ունենալով հայ տիկիններուն ո՛չ միայն ծանօթութիւն փոխանցել, այլեւ զիրենք կազմաւորել մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով։ Նորին Սրբութիւնը նախաձեռնողն ու քաջալերողը եղած է նման դասընթացքներու, միշտ յիշեցնելով՝ որ նման նախաձեռնութիւններ անհրաժեշտ է կազմակերպել յատկապէս թեմերէն ներս, որպէսզի մեր մայրերն ու քոյրերը իրենց կեանքը հարստացնեն Աստուածաշունչին ու մեր ազգին արժէքներով։

Բնականաբար, այս առիթով նաեւ շարականի ուսուցում կը կատարուի ու աղօթքներ կ՚արտասանուին միաբան հայրերուն կողմէ եւ իւրաքանչիւր դասընթացքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը կ՚ուղղէ տիկիններուն։ Անցնող ամիսներուն Սաղմոսաց գիրքն էր տիկիններու դասընթացքին հիմնական նիւթը։ Այս տարի Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին առանցքը դարձուց հայ ընտանիքը։ Առաջին հերթին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց ներկաներուն, որ 2004 թուականը հայրապետական գիրով հռչակած էր «Հայ Ընտանիք»ի տարի, եւ այդ առիթով մեր թեմերէն ներս յատուկ ծրագիրներու ճամբով կարեւորութեամբ շեշտուած էր ընտանիքին դերը հայ կեանքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց հայ տիկիններուն, որ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ամուր գոյութեան, ինքնութեան առողջ պահպանման եւ կառոյցներուն կենսունակութեան աղբիւրն ու երաշխիքը հայ ընտանիքն է։

Հետեւաբար, հայ ընտանիքը սովորական կառոյց մը չէ, պարզապէս այր եւ կին միասին ապրիլ չէ, սոսկ զաւակ ունենալ չէ. այս բոլորէն անդին, հայ ընտանիքը սրբազան հաստատութիւն է իր նուիրական առաքելութեամբ։ Ուստի, ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենալ ընտանիքին. ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է կազմել ընտանիք. ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է պահել ու պաշտպանել հայ ընտանիքը։

Վեհափառ Հայրապետը հայ ընտանիքը բնորոշեց որպէս եկեղեցի, դպրոց եւ հայրենիք։

Ա) ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵԿԵՂԵՑԻ Է։ Չմոռնանք, որ Աստուած երբ Ադամն ու Եւան ստեղծեց, անոնց պատուիրեց միասին ապրիլ, աճիլ ու բազմանալ՝ փոխադարձ սիրով ու նուիրումով։ Արդեօք կը հետեւի՞նք Աստուծոյ պատուերին։ Արդեօք կը յիշե՞նք Քրիստոսի այն խօսքը՝ թէ երբ քանի մը անձեր իմ անունովս կը հաւաքուին, ես ներկայ եմ անոնց մէջ։ Աստուածային հիմք ունի ընտանիքը եւ աստուածատուր՝ առաքելութիւն։ Մեր եկեղեցւոյ հայրերը յաճախակի առիթներով անդրադարձած են ընտանիքի սրբութեան մասին եւ թելադրած են, որ հայ ընտանիքը միշտ մնայ արժանի իր կոչումին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Բ) ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԴՊՐՈՑ Է։ Նայեցէք մեր պատմութեան։ Հին ժամանակներէն սկսեալ ընտանիքը եղած է մեր մշակութային ու կրթական արժէքներու պահապանը։ Հոն՝ ուր պայմաններու հետեւանքով մշակոյթն ու կրթութիւնը հեռու մնացած է մեր կեանքէն, այս նուիրական առաքելութիւնը հայ ընտանիքն է ստանձնած։ Յաճախ կը յիշենք, թէ ցեղասպանութեան օրերուն, Տէր Զօրի աւազներուն վրայ, հայ մայրն էր որ իր զաւակներուն Ա.Բ.Գ.ը սորվեցուց։ Թշնամին հայ դպրոցը որպէս ֆիզիքական ներկայութիւն քանդեց, սակայն չկրցաւ քանդել հայ ընտանիքին կրթական դերը մեր կեանքէն ներս։ Այսօր եւս, եկեղեցւոյ կողքին ընտանիքը նաեւ դպրոց է, շեշտեց Հայրապետը։

Գ) ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է։ Դարձեալ պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, որ հայ ընտանիքը դարձաւ մեր ազգային արժէքներուն ու ձգտումներուն շտեմարան ու պաշտպանը։ Ան դարձաւ հայրենիք իր ներքին մթնոլորտով եւ մեր ազգին աւանդութիւններուն ու սրբութիւններուն նկատմամբ ունեցած իր ամուր կապուածութեամբ։ Ան դարձաւ հայրենիք, երբ մենք կորսնցուցինք մեր հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը։ Հայ ընտանիքը եղաւ հայրենիք յատկապէս Սփիւռքի մէջ, երբ մեր ոտքերուն տակ չկար հայրենի հող ու մեր աչքերուն դիմաց՝ Արարատ, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։ Այս երեք յիշեցումները եւ ընդգծումները կատարելէ ետք, Արամ Ա. Հայրապետը ըսաւ՝ թէ այսօր հայ ընտանիքը կը դիմագրաւէ լուրջ մտահոգութիւններ ու կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Հետեւաբար, եթէ հայ ընտանիքը չվերականգնէ իր պատմական կոչումը եւ իր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային դերակատարութիւնը, եւ չվերանորոգէ ինքզինք մեզ շրջապատող տխուր պայմաններուն դիմաց, մեր ազգային կեանքը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, կրնայ մտահոգիչ կացութեան մատնուիլ։ Ասոնք ո՛չ զգացական եւ ո՛չ ալ բացասական արտայայտութիւններ են, այլ կը բնորոշեն հայ ընտանիքին ներկայ պատկերը ամէն տեղ, առաւել կամ նուազ չափով, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ թելադրեց, որ մեր մօտեցումներուն, արժեւորումներուն, գնահատականներուն եւ աշխատանքներուն մէջ ըլլանք իրատես, հետեւողական եւ խստապահանջ։ Ան միաժամանակ յիշեցուց, որ այս ուղղութեամբ կարեւոր է դերը մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային կառոյցներուն ու միութիւններուն՝ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ սահմաններէն ներս։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը հայ ընտանիքին վերակազմակերպման ու վերանորոգման գծով շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

1) Հայ ընտանիքը պէտք է վերանորոգուի բարոյապէս։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր խոր ցաւը ու ընդվզումը յայտնեց տակաւ աճող խառն ամուսնութիւններու նկատմամբ։ «Ըսած եմ ու կը կրկնեմ. անընդունելի է այս երեւոյթը։ Մենք օտարին դէմ չենք. սակայն մտահոգ ենք մեր ազգին ապագայով։ Օտարին օտարացնող ներկայութիւնը մեզ պիտի օտարացնէ մեր արմատներէն եւ մեր ինքնութենէն։ Կրկնակիօրէն ցաւալի է այս երեւոյթը, երբ մեր հայահոծ գաղութներէն ներս սկսած է դառնալ բնական։ Իսկ ամուսնալուծումներու դարձեալ աճող ներկայութիւնը՝ այլապէս ընդվզեցուցիչ ու մտահոգիչ երեւոյթ մըն է»։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ ամուսնութեան հիմքը փոխադարձ սէրն է, իրարու օգնութիւնն է, ընտանեկան բոյն կազմելով ազգին ծառայութիւնն է։ Ոեւէ ընտանիք կրնայ դժուարութիւններ ունենալ. սակայն փոխադարձ սէրը կը յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն։ Պէտք չէ թոյլ տալ, որ բարոյական անկում ունենայ հայ ընտանիքը։ Երեւոյթ մը, որ ներկայ ազատամիտ ընկերութեան կեանքէն ներս սկսած է դառնալ մտահոգիչ։ Հայ ծնողքին աւագ պարտաւորութիւնն է հայ ընտանիքը հեռու պահել նման վատառողջ երեւոյթներէ, եւ ընտանիքին մթնոլորտը շաղախէ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին բարոյական, դաստիարակիչ ու հայակերտ արժէքներով ու սրբութիւններով։

2) Հայ ընտանիքը պէտք է վերանորոգուի հոգեպէս։ Հոգեւոր արժէքներու ներկայութիւնը հայ ընտանիքէն ներս զինք վերածած է փոքր եկեղեցւոյ մեր կեանքէն ներս։ Աստուածաշունչը եւ «Նարեկ»ը իրենց ուսուցումներով պէտք է շաղախուին հայ ընտանիքի կեանքին հետ։ Չի՛ բաւեր միայն Աստուածաշունչի սերտողութեան հետեւիլ. չի՛ բաւեր միայն «Նարեկ»ը մեր տուներէն ներս ունենալ, այլ պէտք է ապրիլ զանոնք իրենց հաւատքով ու պատգամներով։ Հետեւաբար, հայ ընտանիքին սրբութիւնը բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ պէտք է պահել՝ շեշտեց Հայրապետը։

3) Հայ ընտանիքը պէտք է վերանորոգուի ազգային առումով։ Ոեւէ ընկերութեան հիմքն է ընտանիքը։ Ընտանիքի քանդումը ընկերութեան կամ ազգի մը քանդումն է՝ մանաւանդ փոքր ազգերու պարագային։ Հայ ընտանիքը պէտք է նաեւ լեցուի մեր ազգին արժէքներով ու ձգտումներով։ Ան պէտք է մասնակից դառնայ մեր հաւաքական կեանքին, մեր ձգտումներուն ու աշխատանքներուն բերելով իր մասնակցութիւնը եւ միաժամանակ հաւաքական հայութեամբ ինքզինք աւելի զօրացնելով։ Չմոռնանք, որ հայ ընտանիքը մեր ազգի ամէնէն հիմնական կառոյցներէն մէկն է։ Պատմութեան ընթացքին շատ բան կորսնցուցինք. բայց չկորսնցուցինք հայ ընտանիքն ու հայ եկեղեցին, շեշտեց Հայրապետը։

4) Հայ ընտանիքը պէտք է վերանորոգուի ֆիզիքապէս։ Յաճախակի առիթներով մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնած ենք ի տես մեր ժողովուրդի թուային աճի նահանջին։ Ինչպէս բոլոր հարցերու գծով, նաեւ այս ուղղութեամբ, մենք քաջութիւնը պէտք է ունենանք իրականութիւնները տեսնելու այնպէս՝ ինչպէս որ են, որպէսզի կարենանք համապատասխան լուծումներու մասին լրջօրէն մտածել։ Փաստօրէն Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքի հայկական ինքնութիւնն ալ սկսած է նահանջ արձանագրել։ Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի թուային աճը անյետաձգելի աշխատանք է։ Ուրախ եմ, որ այս ուղղութեամբ որոշ արձագանգներ կը լսուին հայրենիքէն։ Համահայկական ծրագրում մը հրամայական է այս իմաստով։ Ահա դարձեալ հայ ընտանիքին կարեւոր դերը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց հայ ընտանիքին բարոյական, հոգեւոր ու ազգային դիմագիծը, ինչպէս նաեւ առողջ պահելու հրամայականը, եւ այդ ուղղութեամբ ծնողներուն կենսական դերը։