կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-05-03 17:10
Հասարակություն

Մե­ծա­րանք՝ ար­դա­րու­թjան

Մե­ծա­րանք՝ ար­դա­րու­թjան

Աղբյուրը՝ arfd.am

Կայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, որ վեր­ջին օ­րե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը նշող բազ­մա­թիւ ու աշ­խար­հա­տա­րած ձեռ­նարկ­նե­րու թո­հու­բո­հին մէջ, ­Մեծ Ե­ղեռ­նին առն­չո­ւող բա­ւա­կան կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը բո­լո­րո­վին անն­կատ ան­ցաւ:

Ար­դա­րեւ, 21 Ապ­րիլ 2017ին ­Մար­սէյ­լի թա­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ, փոքր տա­րա­ծու­թեամբ պու­րակ մը պաշ­տօ­նա­պէս մկրտո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ա­նու­նով:
Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին նշա­նա­տախ­տա­կի մը վրայ Ֆ­րան­սա­յի քա­ղա­քա­յին խոր­հուրդ­նե­րու որ­դեգ­րած յա­տուկ ո­ճով գրո­ւած է`

«6րդ շր­ջան
Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան պու­րակ
Հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պան
(1897-1960)»

Իսկ ա­նոր կող­քին զե­տե­ղո­ւած վա­հա­նա­կի մը վրայ տրո­ւած են ա­ւե­լի լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ: Այդ­տեղ կ­՛ը­սո­ւի, թէ ­Թեհ­լի­րեան հայ ար­դա­րա­մար­տիկ է. ան ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Նե­մե­սիս» գոր­ծո­ղու­թեան ծի­րին մէջ 15 ­Մարտ 1921ին ­Պեր­լի­նի մէջ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կած է 1915ին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան Ե­րի­տա­սարդ ­Թուր­քե­րու կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած ու 1.500.000 մի­լիոն զոհ պատ­ճա­ռած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն` ­Թա­լէաթ փա­շան, որ իր երկ­րին կող­մէ ի բա­ցա­կա­յու­թեան մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած էր մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծած իր ո­ճիր­նե­րուն հա­մար: ­Նաեւ, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ան­պարտ ար­ձա­կո­ւած էր Պեր­լի­նի մէջ կա­յա­ցած դա­տա­վա­րու­թեան ա­ւար­տին:

Ճիշդ է, որ պու­րա­կի մկրտու­թեան աք­թը (ա­րար­քը) կը կա­րօ­տի միայն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մը խոր­հուր­դի վա­ւե­րաց­ման: Ֆ­րան­սա­յի պէս ժո­ղովր­դա­վար երկ­րի մը մէջ, սա­կայն, քա­ղա­քա­պե­տա­րան մը, յատ­կա­պէս ­Մար­սէյ­լի նման մեծ քա­ղա­քի մը քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը, նկա­տա­ռե­լի պե­տա­կան կա­ռոյց է: ­Մա­նա­ւանդ որ կո­կիկ բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հիմ­նա­կան կնքա­հայ­րը ­Ժան-Քլոտ ­Կո­տենն է, ա­ւե­լի քան քսան տա­րի­նե­րէ ի վեր Մար­սէյ­լի քա­ղա­քա­պե­տը. Ժ.-Ք. ­Կո­տեն ներ­կա­յիս նաեւ Էքս-­Մար­սէյ-Փ­րո­վանս նո­րաս­տեղծ ոս­տա­նի (մետ­րո­պո­լիս) նա­խա­գահն է եւ Ֆ­րան­սա­յի ծե­րա­կոյ­տի փոխ-նա­խա­գա­հը (ա­տեն մը` նա­խա­գա­հը): Ան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին կը պա­խա­րա­կէ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, իսկ ­Մար­սէյ­լի 4րդ ­հա­տո­ւա­ծի քա­ղա­քա­պետ Իվ ­Մո­րեն ժխտո­ղա­կա­նու­թեամբ ա­նո­ւա­նա­պէս կը մե­ղադ­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­ներ Ա­լիեւն ու Էր­տո­ղա­նը:

Ան­շուշտ հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ` ­Հա­յաս­տան եւ այ­լուր, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին ի պա­տիւ կան բազ­մա­թիւ մեծ ու փոքր յու­շար­ձան­ներ: ­Հա­սա­րակ տե­ղիք է ը­սե­լը, թէ Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան յու­շար­ձան մը ու­նի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սրտին մէջ` ան­կախ ա­նոր քա­ղա­քա­կան ա­րե­ւե­լու­մէն, կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն կամ հա­մակ­րան­քէն: Սա­կայն ­Մար­սէյ­լի ոչ-հայ­կա­կան պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի մը նման քայ­լը կը պա­րու­նա­կէ խորհր­դան­շա­կան լուրջ ի­մաստ, մա­նա­ւանդ մեր օ­րե­րուն եւ յատ­կա­պէս Ֆ­րան­սա­յի՛ նման երկ­րի մը պա­րա­գա­յին, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ զո­հը դար­ձաւ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ան­մեղ­ներ հնձող ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու: ­Մար­սէյ­լը ու­րեմն լուրջ տար­բե­րու­թիւն կը դնէ ա­րիւ­նար­բու ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ ի­րա­ւա­ցի պատ­ժա­կան ա­րար­քին մի­ջեւ:

Ար­դա­րեւ, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ա­նո­ւան հան­դէպ այս յար­գա­լիր վե­րա­բե­րու­մը բա­ցա­ռու­թիւն մըն է վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու քա­ղա­քա­կան մի­ջազ­գա­յին բե­մի ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան եւ գոր­ծա­ծուող բա­ռամ­թեր­քի ծի­րին մէջ: ­Մեր օ­րե­րուն ո­րե­ւէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ա­զա­տա­մար­տի­կը, ինչ­քան ալ յար­գէ քա­ղա­քա­կան ու մար­տա­կան գոր­ծին մէջ ըն­դու­նո­ւած բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րը, նոյ­նիսկ մար­դա­կերպ հրէ­շի մը դէմ գոր­ծո­ղու­թե­նէ մը ետք, կ­՛ար­ժա­նա­նայ ա­հա­բե­կի­չի համ­բա­ւին, որ մեր օ­րե­րուն թե­րեւս ան­վե­րա­դարձ կեր­պով ստա­ցած է խիստ ժխտա­կան ի­մաստ: Այ­լեւս ա­հա­բե­կիչ ա­նու­նը վե­րա­պա­հո­ւած է կնոջ ու ե­րե­խա­յի, փո­ղո­ցի մէջ ան­մե­ղօ­րէն պտտող ան­ցորդ­նե­րու, սրճա­րա­նի մը մէջ խա­ղա­ղօ­րէն ի­րենց սուր­ճը խմող­նե­րու, մեթ­րո­յի մը մէջ ամ­բողջ օ­րո­ւան մը աշ­խա­տան­քէն տուն վե­րա­դար­ձող մար­դոց դա­հի­ճը հան­դի­սա­ցո­ղին: ­Նոյն ա­նո­ւան ու մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րա­կու­թեան ժխտա­կան վե­րա­բե­րու­մին կ­՛ար­ժա­նա­նայ նաեւ իր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հա­մար ինք­զին­քը զո­հե­լու գնով բազ­մաց դժբախ­տու­թեան ու մա­հո­ւան պատ­ճառ դար­ձած, ա­նոնց տո­ւայ­տանք­նե­րուն գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու բռնա­տէ­րը պա­տու­հա­սո­ղը: Եր­կուքն ալ ա­հա­բե­կիչ կը հա­մա­րո­ւին եւ եր­կուքն ալ կը դա­տա­պար­տո­ւին աշ­խար­հի մե­ծե­րուն կող­մէ: Ա­նոնք նոյն օ­րէն­քին են­թա­կայ են՝ աջ ու ձախ անխ­տիր մահ սփռողն ու դժբախտ մար­դոց առ­նո­ւազն մարդ­կա­յին տար­րա­կան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան պաշտ­պա­նը հան­դի­սա­ցո­ղը:

Ըն­թա­ցող տա­րո­ւան Ապ­րիլ 21ին պաշ­տօ­նա­կան ­Մար­սէյ­լը հա­մա­ձայն չե­ղաւ այս նոյ­նա­ցու­մին` գէթ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի պա­րա­գա­յին: ­Գեր­մա­նա­կան յետ-պա­տե­րազ­մեան դա­տա­րա­նի վճի­ռին հետ շատ կապ չու­նի ­Մար­սէյ­լի կե­ցո­ւած­քը: Այ­սօր յայտ­նի է, թէ հապ­ճեպ ձե­ւով տե­ղի ու­նե­ցած, բայց եւ այն­պէս ճիշդ ու ար­դար ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նի հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւ­նը ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը չէ ե­ղած, այլ` հայ­կա­կան ող­ջա­կիզ­ման ա­րար­քէն գեր­մա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վրայ լռու­թեան վե­րար­կու ան­ցը­նե­լը: ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն բազ­մա­թիւ տաս­նա­մեակ­ներ ետք, ժո­ղովր­դա­վար ­Գեր­մա­նիան ու իր քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն ո­մանք ա­ւե­լի ա­զա­տօ­րէն ի­րե՛նք բա­ցա­յայ­տե­ցին եւ ըն­դու­նե­ցին այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը` առ­նո­ւազն ի­րենց բա­րո­յա­կան պարտ­քը հա­տու­ցե­լով հա­յու­թեան եւ մարդ­կու­թեան:
Իսկ ­Մար­սէյ­լը հա­յու­թեան պարտք չու­նի: ­Հա­կա­ռա՛­կը ճիշդ է. ան ա­տե­նին իր կեդ­րո­նա­կան «Դ­րախտ» փո­ղո­ցին վրայ հայ զան­գո­ւած­նե­րը հա­ւա­քե­լով զայն շու­տով Հա­յաս­տա­նի վե­րա­ծեց: Իսկ այ­սօր քա­ղա­քը կը փա­ռա­բա­նէ հայ ար­դա­րա­հա­տոյ­ցը: Թուր­քիա ան­շուշտ դեռ շատ հե­ռու է այս­պի­սի մթնո­լոր­տէ. ­Մար­սէյ­լի ա­րար­քը ի­րե՛ն ալ զգաս­տու­թեան կոչ մըն է: Ինչ ալ ըլ­լայ, ար­դա­րու­թիւ­նը վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը յաղ­թա­նա­կէ: ­Փա­խուստ տա­լու ճամ­բա­նե­րը փակ են:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

azator.gr