Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ «Ակօս»
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան Ակրըյի պատգամաւոր Լէյլա Զանա կը դատուի ծանր մեղադրանքներով։ Քրտական քաղաքական շարժումի հանրածանօթ գործիչին ուղղուած մեղադրանքները զարմանք մը պատճառեն բոլոր անոնց, որոնց հիմնական գործն է քաղաքականութիւնը։ Արդարեւ Զանա կը մեղադրուի զանազան առիթներով իր արտասանած ճառերու պատճառաւ։ Տիյարպէքիրի 5-րդ Պատժական Ատեանը Լէյլա Զանայի բոլոր ճառերը կը բնութագրէ իբրեւ ահաբեկչական խմբակի քարոզչութիւն։ Անոնց մէջ է Զանայի մասնակցած հանրահաւաքները, 2012 թուի Նէվրոզի տօնախմբութիւնը, զանազաններու յուղարկաւորութեան մասնակցիլ եւ այս բնոյթի բազմաթիւ մեղադրանք։ Դատախազը դատարան ներկայացուցած իր հայցին մէջ այս բոլորին համար կը պահանջէ մինչեւ 21 տարի բանտարկութեան պատիժ։
Իրաւական բոլորը ընկալումները եւ չափերը գերազանցող այս տեսակի մեղադրանքի մը համար բնականաբար գոյութիւն չունի պաշտպանութեան տրամաբանական որեւէ եղանակ։ Ինչով փաստել թէ երեսփոխանի մը համար ամենաբնական պարտականութիւններն են, բոլոր այն մեղադրանքները, որոնց համար հաշիւ կը պահանջուի։
Սըրրը Սաքըք պաշտօնանկ
Երբ կառավարութեան թելադրանքով գործող դատական համակարգը մի առ մի կը ձերբակալէ ընդդիմադիր երեսփոխանները, անդին կառավարութիւնը ինք Ներքին Գործոց Նախարարութեան միջոցաւ կը պաշտօնազրկէ ՀՏՓ կամ ՏՊՓ կուսակցութենէն ընտրուած քաղաքապետները։ Անոնց տեղ նշանակուած տեղապահներուն առաջին գործը կ՚ըլլայ քաղաքներու մուտքին, կամ քաղաքապետարանի շէնքերու դարպասներուն տեղադրուած քրտերէն եւ հայերէն վերտառութիւններու սրբումը։ Այս ծիրէն, որպէս վերջին օրինակ պաշտօնանկ եղաւ Ակրի քաղաքի քաղաքապետ Սըրրը Սաքըք։ Իր տեղ նշանակուեցաւ նոյն քաղաքի կուսակալ Մուսա Ըշըն։ Դատական որոշումէն ետք ոստիկանները խուզարկեցին քաղաքապետարանի շէնքը։
Նշենք որ նախապէս պաշտօնազրկուած էին Ակրիի փոխ քաղաքապետ Էօմեր Փոլաթ եւ քաղաքապետարանի խորհուրդի հինգ անդամներ։ Քրտական ՏՊՓ կուակցութիւնը տարածաշրջանի 106 քաղաքապետութիւններու մէջ ընտրութիւնները շահած էր, բայց հիմա իշխանութեան միջամտութեամբ այդ քաղաքապետարաններէն 81-ը ետ առնուած են եւ քաղաքապետներուն տեղ նշանակուած են տեղապահներ։
Կարօ Փայլանը անարգել
յանցանք չէ
Թուրքիոյ հետզհետէ քաղաքականացած դատական համակարգը խիստ քննադատելի վճիռ մը եւս արձակեց եւ յայտարարեց թէ Կարօ Փայլանի դէմ կատարուած անարգանքը չի կրնար պատժուիլ։ Դատարանը իր այս վճիռը կայացուց պատճառաբանելով թէ, Փայլան գիտէր իր խօսքերուն արժանանալիք բուռնս հակազդեցութիւնը։ Դատը յարուցուած էր իշխանամէտ «Ա Հապէր» հեռուստակայանի հաղորդավարին Փայլանի դէմ գործածած ատելութեան պատգամ բնութագրող խօսքերուն հետեւանքով։ Սակայն դատախազը այդ խօսքերուն մէջ անարգանք չի տեսաւ, այլ բնական ընդվզում մը։ Կարօ Փայլան նախապէս ալ Խորհրդարանին մէջ իր դէմ կայացած երեք նիստ ժողովներու չմասնակցելու վերաբերեալ պատժի համար դիմած էր Սահմանադրական ատեան, սակայն այս դատարանն ալ մերժած էր Փայլանի բողոքը։ Այս հանգրուանին Կարօ Փայլան սպառելով Թուրքիոյ օրինական բոլոր միջոցները կը պատրաստուի դիմել Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի։