Փոխարժեքներ
12 07 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 383.74 |
EUR | ⚊ | € 450.05 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.9299 |
GBP | ⚊ | £ 521.81 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.25 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Ինքզինք մարդկային իրաւանց գործիչ յորջորջող Արմինէ Սահակյան յօդուած մը զետեղած է Ամերիկայի Հաֆինգթըն Փոսթի 10 Նոյեմբերի համարին մէջ։ Գրութեան խորագիրը խիստ հետաքրքրական է՝ «Հայաստանի Միջուկային Կարողականութեամբ նոր Հրթիռներու Երկսայրի Սուրը»։ Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի Իսկանդեր հրթիռներուն։ (Ի դէպ, այս նոյն հեղինակը գրեթէ նոյնանման յօդուած մը զետեղած էր Ուկրանական «ՔիյիվՓոսթ»ի 21 Յունուարի համարին մէջ, եւ գրեթէ նոյնանման խորագրով՝ «Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Զինական Կառուցման Երկսայրի Սուրը»։)
Ակնարկելով Հայաստանի կողմէ այս հրթիռներու ձեռքբերման փաստին, Սահակյան մտահոգութիւն կը յայտնէ թէ այս քայլով տարածաշրջանի մէջ Հայաստան զինարշաւի սկսման պատճառ կը հանդիսանայ։ Իրականութեան մէջ, ան քօղարկուած մեղադրանք կը կատարէ Հայաստանի հաշւոյն։ Ըստ իրեն, «Հայաստանի միջուկային պատրաստութեան գիտական ու նիւթական կարողութիւնը, եւ այժմ՝ զայն հասանելի դարձնելու Իսկանդեր հրթիռներու իրողութիւնը ջղագրգիռ կը դարձնեն Հայաստանի հարեւանները։»
Նման եզրակացութեան յանգելու համար, ինքզինք իբրեւ մարդկային իրաւանց գործիչ եւ լրագրող ներկայացնող անձէ մը կ՚ակնկալուի լրջութիւն եւ լրատուական հիմնաւորում։ Սահակյան իր իմաստակ հաստատումին համար առարկայական տուեալներով ոչ մէկ փաստարկում կը կատարէ։
Երբ նկատի ունենանք Սահակյանի ցարդ կատարած «աշխատանքին» վաստակը, պարզ կը դառնայ, թէ «խաղաղասիրական» մտահոգութիւններու պատրուակին տակ ան խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Հայաստանի ու Հայութեան անվտանգութեան վարքագիծը։ Այս նպատակին համար, ան կը դիմէ Հայաստանի հաշւոյն անհիմն մեղադրանքին՝ տարածաշրջանի մէջ զինարշաւի սկսման իր ենթադրական պատճառը բարդելով Հայաստանի վրայ։
Ռազմագիտական հիմնարկներն ու մասնագէտները գիտեն եւ փաստերով ապացուցած են, թէ Հարաւային Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ վերջին տասնամեակին տեղի կ՚ունենայ միակողմանի զինարշաւ, որուն միակ հեղինակը Ադրբեջանն է։ Անցնող տասնամեակին, Ադրբեջանի զինուորական պիւտճէն աւելի քան տասնապատկուած է։ Անցեալ տարուան հաշիւներով անոր գումարը 4.8 միլիառ տոլար էր։ Իսկ Հայաստանի պարագային պաշտպանական պիւտճէն հազիւ 447 միլիոն տոլարի կը հասնի։
Կանոնաւոր հերթականութեամբ Ադրբեջան իր զինանոցը հարստացուց արդիական հրասայլերով, ուղղաթիռներով, հակաօդային կազմածներով եւ այլ զինական սարքաւորումներով։ Ատրպեճանական զինարշաւի նոր ձեռքբերումները ըստ ամենայնի յարձակողական են։ Եւ տակաւին Իլհամ Ալիյեւ պատճառ ունի յոխորտանքով յայտարարելու, թէ «Ասիկա մեզի համար առաջնահերթութիւն է եւ պիտի շարունակենք մեր զինուորական ծախսերը։»
Արդ, տարածաշրջանի մէջ Ադրբեջան զինարշաւը շատոնց սկսած է։ Բայց Սահակյան գիտակցաբար լուռ կ՚անցնի Ատրպեճանական միակողմանի զինարշաւի փաստին վրայէն։ Ու այս մէկը ունի իր բացատրութիւնը։
Ադրբեջանի մէջ համատարած հալածանքի եւ կալանքի քաղաքականութիւն կը գործադրուի բոլոր մարդկային իրաւանց գործիչներուն եւ «անուղղայ» լրագրողներուն դէմ։ Միակ բացառութիւնը «մարդկային իրաւանց գործիչ եւ լրագրող» Արմինէ Սահակյանի պարագան է։
Անշուշտ, Սահակյան ցարդ չէ կարողացած ապացուցել թէ ի՞նչ աշխատանք կատարած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Սակայն, իր հերթական գրութիւններով ան ապացուցած է իր լրագրութեան հակա-Հայաստանեան կեցուածքը։ Հայաստանի կապակցութեամբ Սահակյանի գրութիւնները պարզապէս ու ըստ էութեան վարկաբեկել եւ պախարակել մեր հայրենիքը։
Այդ իսկ պատճառով, Ադրբեջանի իշխանութիւններուն համար Սահակյան միակ սիրելի մարդկային իրաւանց գործիչն է։ Անոր գրութիւնները հազիւ լոյս տեսած, Ադրբեջանի Թրէնդ մամլոյ գործակալութիւնը կ՚արտատպէ ու կը տարածէ զանոնք իբրեւ կարեւոր տեղեկութիւն։
Սակայն, ափսոս, Սահակյան մոռացութեան կու տայ այն ծանրակշիռ իրողութիւնը, որ Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, իսկ ներկայիս՝ վայրագ նախայարձակումներու եւ շարունակական շրջափակման, նոյնինքն այդ «հարեւաններուն» կողմէ։ Ան անհոգ անգիտութիւն կը ցուցաբերէ ի տես մեր հայրենիքի ու ժողովուրդի սեփական գոյութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութեան՝ ընդդէմ նախայարձակներու։
Եւ Հայաստանի պարագային, այդ նախայարձակները լաւապէս զինուած 92 միլիոնէ աւելի հաշուող «հարեւաններ» են։ Անոնց դէմ թումբ կանգնելու համար Իսկանդերը պաշտպանական վահան է, եւ ոչ թէ զինարշաւի կոչ։
Հայաստանի ու հայութեան համար ինքնապաշտպանութիւնը սրբազան պարտաւորութիւն ունի։ Արմինէ Սահակյանի կը մնայ այս ամսուայ վերջաւորութեան դիմելու առ որ անկ է՝
ստանալու համար իր ափ մը կանաչ տոլարը։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ