կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-11-06 09:54
Առանց Կատեգորիա

Փակուղիի Խորութեան Անհամապատասխան «Փակուղի»ն

Փակուղիի Խորութեան Անհամապատասխան «Փակուղի»ն

Սփիւռքը տարողունակ է. նաեւ՝ յարափոփոխ, երբեմն կենսունակ՝ ըստ վայրի, երբեմն ալ՝ անյոյս ու խորտակուող։ Բայց միշտ ուժական (dynamic) ու երբե՛ք «սթաթիք»։ Ներկայ Սփիւռքը նախ բռնագաղթի, ապա արտագաղթի հետեւանք է։

Դասական, յետեղեռնեան Սփիւռքը իր հայրենիքէն զրկուած հայ մարդը դրաւ պարտադրանքներու տակ։ Առաջնահերթութեան կարգով, այս Սփիւռքին մէջ «հայ մնալ»ն էր հիմնականը, որ պարտադրանքի հանգամանքէն անդին անցնելով, յանգեցաւ ներքին պաշտպանական համակարգի ստեղծումին։ Պաշտպանական համակարգ՝ թէ՛ անհատական հոգեբանութեան եւ թէ՛ ղեկավարման ու կազմակերպչական իմաստներով։

Պարզ խօսքով, Սփիւռքի մէջ ծնած հայը, իր գիտակցական կեանքի առաջին իսկ օրէն ինքզինք գտաւ ինքնութեան պահպանումի պայքարի մը մէջ, որ իրականութեան մէջ զսպանակ հանդիսացաւ իր տոկունութեան։ Սփիւռքը «տոկուն» պահելու այս մտածողութիւնն էր, որ առաւելագոյն չափով նպաստեց յատկապէս համախումբ համայնքներու կենսունակութեան։ Սփիւռքածին հայը ունի այն գիտակցութիւնը, որ ինք ունի պարտաւորութիւններ, որոնք բնականաբար չունի իր արաբ, ֆրանսացի կամ ամերիկացի դրացին։ Ատոր համար, ան օրական քանի մը տասնեակ մղոն կը քշէ իր զաւակը հայկական դպրոց տանիլ ֊ բերելու, նիւթական հսկայական զոհողութիւններ յանձն կ’առնէ այդ նպատակին համար (երբեմն տունի մը մուրհակին չափ ամսական գումար վճարելով). այդ չի բաւեր՝ շաբաթավերջերը կամ հանգիստի օրերը կը զոհէ երեխան հայկական միջավայրի մէջ պահելու համար (մարզական, արուեստի կամ այլ միութիւններու գործունէութեանց ճամբով). երեխան տանիլ ֊ բերելով… ժողովրդական լեզուով՝ ձրի «շոֆերութիւն» ալ կ’ընէ…։

Մինչդեռ Հայաստան ծնած հայուն համար, անհեթեթ հարցադրում է «հայ մնալու» գաղափարը։ Երեւան կամ Սիսիան ծնած հայ երեխան կը յաճախէ թաղին դպրոցը (որ ի դէպ…հայկական է), կը յարաբերի իր թաղի ընկերներուն հետ (որոնք բնականաբար հայ են) եւ այսպէս շարունակ։ «Հայ մնալ»ու խնդիր չի դիմագրաւեր հայաստանածին հայը, որովհետեւ ան հասակ կ’առնէ սեփական երկրին մէջ եւ հետեւաբար, պաշտպանական համակարգ ստեղծելու կարիքը չի զգար ան։ «Պաշտպանուիլ» որմէ՞։ Հայաստանի մէջ…ձուլումի վտա՞նգ։ Անհեթեթութիւն է գաղափարն իսկ, չէ՞։ Մեծ գիւտ մը չէ մեր ըսածը։

Խնդիրը հիմնովին կը փոխուի, երբ այս պաշտպանական համակարգէն բնականաբար զուրկ հայը կը հասնի օտար երկիր մը, այս պարագային՝ «կրին քարտ» շահած Լեւոնը, Յարութիւն Խաչատրեանի «Փակուղի» վաւերագրական ժապաւէնին հիմնական կերպար ֊ օրինակը։

Անմիջապէս ըսեմ, որ այս յօդուածագիրը թատերական կամ ֆիլմարուեստի մասնագէտ չէ։ Այլ՝ միջին հանդիսատես մը։ Այնպէս որ, հոս ըսուելիքները աւելի յղացքային ու խորքային երեւոյթներուն կ’առնչուին, քան, ըսենք զուտ ֆիլմարուեստի։ Չեմ համարձակիր ժապաւէնի քննադատի գլխարկ դնել։ Ֆիլմարուեստի իմաստով, ներկայ հայկական իրականութեան մէջ (Հայաստան թէ արտասահման) ՄԻԱԿ քննադատը որ տեսած եմ, լիբանահայ Հրաչ Պարսումեանն է։ Այնպէս որ, ես ու՜ր, Հրաչ Պարսումեանը ուր։ Բայց, ինչպէս ըսինք, խորքային խնդիրներ կան հոս, որոնց պէտք է անդրադառնալ բաց մտքով ու աչքերով, որովհետեւ համահայկական հնչեղութիւն ունին եւ ճիշդ ա՛յս անկիւնն է, որ կը հետաքրքրէ այս յօդուածագիրը։

Յ. Խաչատրեանի ժապաւէնին տեսախցիկը, նոյն Լեւոնի անձնական կեանքին ոսպնեակով, պաստառ կը հանէ անոր հայու կերպարին խորտակումը։ 96 վայրկեան (կամ րոպէ, նայած…) տեւած ժապաւէնը կը փորձէ հանդիսատեսին ներկայացնել արտագաղթին վտանգը, մնալով սակայն զուտ անձնական ու շատ նեղլիկ պատուհանի մը մէջ։

Շատ նեղլիկ, որովհետեւ ժապաւէնը զուրկ է մեր կողմէ վերը նշուած այդ ընդարձակ համայնապատկերէն, որ ըստ մեզի, անհրաժեշտ ենթահողը պէտք է ըլլայ նմանօրինակ որեւէ քննարկումի, վաւերագրական ժապաւէն ըլլայ ատիկա, գեղարուեստական գործ, թէ բանաւոր կամ մամուլի քննարկում։

Փոքր սրահի մը մէջ կազմակերպուած այս ցուցադրութեան «բախտի բերմամբ կամ պատահմամբ» ներկայ եղանք քանի մը օր առաջ, Կլենտէյլի մէջ։

Ժապաւէնը չունէր «պատմող», առաջնորդող (narrator)։ Միակ խօսողը, պատմողը, Լեւոնը ինքն էր, որ ինչպէս ըսինք, մօտաւորապէս քսան քանի մը տարի առաջ «կրին քարտ»ով («շահելով»… ինչպէս ինք կ’ըսէ) կը հասնի Լոս Անճելըս։ Կը հետեւին տեղական կեանքի դաժանութիւնները՝ լեզուի դժուարութիւն, ապրուստ հոգալու պարտադրանքներ՝ իրենց բոլոր բաղադրիչներով։ Ասոնց վրայ կ’աւելնան իր նոր բնակած երկրի ընկերային յոռի բարքերը, խաբեբայութիւն (ո՞ր երկրին կամ հասարակութեան մէջ չկան), համակարգին կողմէ անհատին շահագործումը՝ մինչեւ վերջին կաթիլը (վայրագ դրամատիրական երկրի մը ընթացիկ յատկանիշ) եւայլն։

Յատկանշական եւ յաջողած տեսարան էր (մօտաւորապէս 20րդ վայրկեանին) Լեւոնի եւ բեմադրիչ Յ. Խաչատրեանի մտերմիկ զրոյցը, Լեւոնի աշխատանոցի փճացած ինքնաշարժներով լեցուն (ուրիշ «սիմպոլիզմ» մը) նրբանցքներուն մէջ։ Լեւոնը «կրին քարտ»ը «շահած» էր, սակայն իրականութեան մէջ իր «շահածը» իր իսկ խորտակումին վաւերաթուղթն էր… Այս էր ժապաւէնին ենթապատգամը, ներքին տրամաբանութիւնը ու մեր նշած այս տեսարանն էր իրավիճակի գագաթնակէտը։

Ատկէ անդին սակայն, մօտաւորապէս մէկ ժամ, ինչպէ՞ս դիտել մնացածը, որ մանրամասնութիւններու կոյտ մըն էր, զուրկ՝ որեւէ կշռոյթէ ու զարգացումէ։ Առաւել, կարգ մը տեսարաններու անհարկի երկարութիւններ ու դանդաղութիւն, ինչպէս օրինակ պսակի ու հարսանիքի մը տեսարանները, գերեզմանի մը վրայ աղօթքի մը գրեթէ ծայրէ ծայր պաստառահանումը. տեսարաններ, որոնք գրեթէ զուրկ էին որեւէ պարունակէ («քոնթեքսթ»)։ Գալով դանդաղութեասն, արդեօք խորհրդային ֆիլմարուեստի մտածողութեան դպրոցի՞ն պէտք է վերագրել այս մէկը։ Շատ հաւանաբար։

Ըսինք պարունակ ու յիշեցինք նաեւ այն տեսարանը, ուր հայ հոգեւորականներ կ’այցելեն հայ բանտարկեալներու, Աստուծոյ խօսքը փոխանցելով անոնց։ Ի՞նչ էր այս տեսարանին իմաստը, «եթէ արտագաղթէք, ձեր երիտասարդ զաւակները թմրամոլութեամբ բանտ կը նետուի՞ն»ն էր, այնքա՜ն պարզունակ՝ իր կարգին։ Տարբեր կրնար ըլլալ պարագան, եթէ բեմադրիչը «քննէր», թէ ինչո՞ւ այսքան մեծ թիւով հայ բանտարկեալներ կան Լոս Անճելըսի բանտերուն մէջ, որ ինքնին քննելի լուրջ խնդիր է եւ դարձեալ, սերտօրէն կ’առնչուի մեր նշած ներքին պաշտպանական համակարգի բացակայութեան։

Այս յօդուածագրին համար բացարձակապէս անտեղի էր նաեւ Լեւոնի ամուսնալուծման պարագան։ Արտագաղթի պատճառած «անել»ին հետ ոչ մէկ կապ կար, որովհետեւ, ըստ նոյնինքն ժապաւէնին, ոչ մէկ ձեւով առնչուած էր ատոր։ Ընդհակառակը, մինչ ամուսնալուծում մը Մ. Արեւելքի՝ պաշտպանական համակարգով գէշ ֊ աղէկ օժտուած  հայահոծ համայնքներուն մէջ գայթակղութեան համազօր է, անդին, Հայաստանի մէջ, շատ «սովորական» երեւոյթ է։ Այնպէս որ, Լեւոնի ամուսնալուծումը բերել դնել այս ժապաւէնին մէջ՝ զայն վերածեց առնչութենէ ու պարունակէ զուրկ գործի մը։

Խորիմաստ էր ժապաւէնին վերջին տեսարանը, ուր «հինցած» ինքնաշարժներ մեծ ու հզօր գործիքներով կը ճզմուին, իբրեւ մետաղի ջարդօն։ Մեր համոզումով, շատ աւելի հզօր «խօսք» կար այս տեսարանին մէջ, քան ժապաւէնի հերոսին երկարապատում նկարագրութիւնները իր «շահած» նոր երկրին հետ իր անհաշտութեան մասին։

Աւելի վեր նշեցինք տեսարան մը, ուր բեմադրիչն ու հերոսը կը ճեմէին աշխատանոցին մէջ։ Եթէ ինքնաշարժներու (մարդոց) ճզմուելու տեսարանը յաջորդէր այդ տեսարանին, հո՛ն պէտք է աւարտէր ժապաւէնը ու մենք կ’ունենայինք դիտուելիք գործ մը, աւելի կուռ, հոգ չէ թէ ոչ համապարփակ, առանց որ հանդիսատեսին համբերութիւնը չարաշահուէր անհարկի ու յաւելեալ 60 վայրկեաններով։

Միշտ այս յօդուածագրին համոզումով ալ, արտագաղթ ֊ Սփիւռք երեւոյթը խորունկ տագնապ է, փակուղի ըլլալու չափ։ Դժբախտաբար սակայն, «Փակուղի»ն զուրկ էր այս փակուղիին համապատասխան խորքային ու համապարփակ մօտեցումէն։ 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լոս Անճելըս, Նոյեմբեր 3 2016