կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-04-18 13:30
Հասարակություն

Արամ Ա կաթողիկոսը «Հայեր, միացեք» է երգում Լիբանանի դաշնակցական պատանիների հետ

Արամ Ա կաթողիկոսը «Հայեր, միացեք» է երգում Լիբանանի դաշնակցական պատանիների հետ

Կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններէն 190 պատանիներ այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք: Հաղորդութիւն ստանալէ ետք, անոնք Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Կարին Մինասեան ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Նաթալի Մարգարեան ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը»:

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական խօսքը ուղղելով պատանիներուն, ողջունեց անոնց կատարած այս այցելութիւնը եւ անդրադառնալով հայ եկեղեցւոյ պատմական ու ներկայ դերակատարութեան, վեր առաւ հայ պատանիին դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային արժէքներուն փարելու անոր սուրբ կոչումը: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայոց պատմութեան ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը, որ պիտի յանգի մեր անցեալին ու ներկային միջեւ զօրաւոր կամրջումին: Անդրադառնալով Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն` Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Սփիւռքը Արցախի զինուորներուն ու ժողովուրդին յայտնեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը, որուն կենդանի օրինակն ալ նորագոյն սերունդն է: Ապա, պատանիները միասնաբար երգեցին փունջ մը յեղափոխական երգեր ու «Հայեր միացէք» երգով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի ժողովուրդին: