| 
                         
                            Փոխարժեքներ
                                                        04 11 2025
                         
                     | 
                ||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.55 | 
| EUR | ⚊ | € 440.47 | 
| RUB | ⚊ | ₽ 4.7293 | 
| GBP | ⚊ | £ 502.25 | 
| GEL | ⚊ | ₾ 141.19 | 
                
            Ապրիլ 9-ին, Ատրպէյճանի կատարած վայրագ յարձակումին դէմ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ, Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մօտակայքը:
Ի յիշատակ, հայրենիքին համար զոհուած զինուորներուն, հոգեհանգստեան աղօթք կատարեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցուոյ հովիւ՝ Մեսրոպ Լագիսեանը։ 250-է աւելի հայորդիներ շամանած էին իրենց բողոքը արտայայտելու: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, խօսք առաւ Արամ Յովակիմեան, որ պահանջեց Պաքուէն ամէն, կասեցնել անմեղներու հանդէպ կատարած իր ռմբակոծումները:
Հաւաքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ անուանի գրող, տոքթ. Հրանդ Մարգարեանը, որ ըսաւ.- «Այսօր որպէսզի մենք կարողանանք պատմութեանը նայել բաց աչքերով, պէտք է յիշենք մեր նահատակներուն, մեր անցեալը։ Դուք, որպէս երիտասարդներ այստեղ հաւաքուած, թուրքին ու ազերիին, այդ խրտուիլակներուն պիտի ըսէք՝ չի կրնար այդ ազգին տեղաշարժ ընել, որովհետեւ այդ ազգը պատմութիւն ունի:
Այդ նոյն թուրքը կ՛ուզէ ձախողեցնել մեր պատմութեան ընթացքը, սակայն պիտի չյաջողի: Սիրելիներ մենք զէնք մը ունինք, որ ազերին ու թուրքը չունին: Մենք հաւատք ունինք պատմութեան հանդէպ, նահատակներ ունինք մեր մէջ: Մենք այդ ժողովուրդն ենք , որ ոչ ոք չի կրնար շարժել իր տեղեն։ Արցախը մինակ չէ, Հայաստանը մինակ չէ, մենք ամբողջական՝ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ մէկ շունչ ենք, մէկ պատմութիւն, մէկ պահանջք, մէկ յաղթանակ ։ Այդ յաղթանակն է, որ մենք կը սպասենք»։
Հաւաքը աւարտեցաւ Արցախին նուիրուած երգերով։