Փոխարժեքներ
15 08 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 384.03 |
EUR | ⚊ | € 443.29 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.795 |
GBP | ⚊ | £ 510.11 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.29 |
Մինա՛կ ենք, միայն ու միայն մենք մեր ուժերուն վրայ վստահելու իրականութեան հետ պէտք է հաշտուինք:
Մինակ ենք ու մեր ուղեղէն պէտք է արմատախիլ ընենք այն միտքը, թէ ամէնէն ծանր պահուն «դաշնակից» ուժ մը պիտի հասնի ու փրկութեան ձեռք երկարէ մեզի:
Արցախեան ճակատին վրայ մղուած վերջին մարտերը, անոնց ընթացքին թշնամիին կողմէ օգտագործուած զինատեսակներն ու անոնց աղբիւրները մեզի ցաւագնօրէն յայտնի դարձուցին, թէ մեր բանակը պաշտպանողական եւ յարձակողական ժամանակակից զինատեսակներու խի՛ստ կարիքը ունի: Հայաստանի պետական պիւտճէով կարելի չէ պատկերացնել, որ Հայոց բանակի ռազմական կարիքները ամբողջականօրէն կը բաւարարուին, մանաւանդ ա՛յն մակարդակով, որ կը պահանջուի՝ անոր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու:
Հիմա ժամանակը յարմար կրնայ չըլլալ հարցնելու, թէ մեր պետական պիւտճէն ինչո՞ւ այսքան խեղճ է, եւ աջ ու ձախ մեղադրանքներ ուղղելով՝ պատասխանատուներ փնտռելու այս տխուր վիճակին համար:
Յամենայնդէպս, Հայոց բանակին հնարաւորութիւնները ուժեղացնելու միջոցը պէ՛տք է գտնել եւ պէտք է գտնել՝ արա՛գ:
Այստեղ, Սփիւռքը մեր ազգային իրականութեան մէջ իսկական գործօն ըլլալու կամ դառնալու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնէ ինքզինք: Հայրենասիրական ամէնէն վառ զգացումները արտայայտելու հանգրուանը սպառած է արդէն. ժամանակն է, որ թէ՛ աշխարհին, թէ՛ մենք մեզի եւ մանաւանդ՝ մեր թշնամիի՛ն ցոյց տանք, որ կայ սփիւռքեան գործօն մը, որ կրնայ վճռական ներդրում ունենալ Հայոց բանակի ուժեղացման ծրագիրներուն մէջ:
Այդ վճռական ներդրումին պահը հիմա՛ է: Օգնե՛նք, որ մեր յաղթական բանակը զինավառութեան մէջ չխեղճանայ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com