կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-04-06 11:11
Հասարակություն

Արգենտինայում հայ համայնքի բողոքի ցույցը՝ ադրբեջանական դեսպանատան առջև

Արգենտինայում հայ համայնքի բողոքի ցույցը՝ ադրբեջանական դեսպանատան առջև

Ապրիլ 5-ի երեկոյեան, Արժանթինի հայ համայնքը միասնական բողոքի ցոյց մը կատարեց Ատրպէյճանի Դեսպանատան առջեւ։ Աւելի քան հազար հոգի համախմբուեցան եւ Արցախի խաղաղութեան պահանջքով քայլարշաւ կատարեցին մինչեւ ազերի դիւանագիտական նստատեղին։ Հոծ բազմութիւնը առաջնորդեց Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլէի Առաջնորդ՝ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ Տ. Մաղաքիա վրդ. Ամիրեան եւ կղերական ներկայացուցիչները։ Անոնց կողքին ներկայ էին համայնքային կազմակերպութիւններուն ղեկավարները, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերը, երգչախումբերու կազմերը, բոլոր սկաուտական խումբերու անդամները, համայնքային ամբողջ կազմակերպութեանց երիտասարդները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։

Ըստ սովորութեան, ցոյցի մասնակիցներու շուրջ կը գտնուէին բազմաթիւ ոստիկաններ, որոնք հսկողութեան նպատակով հրաւիրուած էին Ատրպէյճանի Դեսպանատան կողմէ։

Տ. Գիսակ արք. Մուրատեանի կողմէ «Հայր Մեր» աղօթքէն ետք, ներկաներուն ընկերակցութեամբ, Կիժերմօ Ֆեռայոլի Գարամանեան եռանդուն պատգամ մը ներկայացուց.- «Գիտէինք թէ այս օրը կրնար հասնիլ։ Գիտէինք թէ 1994 թուականի թնդանոթներու հրադադարը երբեք ամբողջովին չէին պաղած։ Գիտէինք թէ հայերու էթնիքական ոչնչացման ծրագիրը երբեք մոռացութեան չէր տրուած», Արժանթինի հայ համայնքի անունով իր խօսքի սկիզբը արտասանեց Կիժերմօ Ֆեռայոլի Գարամանեան։

«Կը գտնուինք այստեղ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը պահանջելու նպատակով, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած մարդկային իրաւանց դէմ ոճիռներու դադրեցումը», շարունակեց Գարամանեան, եւ աւելցուց. «Կը պահանջենք որ Ալիեւ ու Էրտողան Միջազգային Ատեանի մը առջեւ տարուին, որպէսզի մի քանի օր առաջ թուրք դասատու քաջալերանքով ազերիական զորքերուն կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիռներու համար հաշիւ ներկայացնեն», փակելով իր ներկայացումը։

Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը, Տ. Գիսակ արք. Մուրատեանի գլխաւորութեամբ, մօտեցան Ատրպէյճանի Դեսպանատան, Արժանթինի հայերու կողմէ ստորագրուած պահանջքի բողոքագիրը ներկայացնելու միտումով։

Միջոցառման ընթացքին նաեւ ընթերցուեցաւ մեր համայնքի հաստատութիւններուն ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւն մը։

Արժանթին