կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-04-10 09:34
Քաղաքական

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցության ցույցը՝ «Սթեյփըլզ» կենտրոնի առջև

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցության ցույցը՝ «Սթեյփըլզ» կենտրոնի առջև

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 7 Ապրիլի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի հռչակաւոր «Սթէյփըլզ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տեղւոյն «Լէյքըրզ» եւ Եութայի «Ճեզ» խումբերուն միջեւ մրցումէն դուրս եկող հազարաւոր համակիրները ականատես եղան տասնեակներով ցուցարարներու, որոնք կը մասնակցէին ՀԵԴի կազմակերպած ցոյցին։

Ցոյցին նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնել, նոյն ժամանակ դատապարտելով պատմական այդ իրողութիւնը ուրանալու բոլոր փորձերը։

Ցուցարարները գետին պառկած էին՝ մահացած ձեւանալով եւ կը կրէին ցուցատախտակներ կամ հագած էին շապիկներ, որոնց վրայ կ՛երեւէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող, Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող եւ Թուրքիայէն Քալիֆորնիոյ ներդրումները ետ քաշել պահանջող պատգամներ։

ՀԵԴի անդամները պիտի մասնակցին նաեւ Ապրիլ 24ին, կ.ե. ժամը 1ին սկսող համագաղութային բողոքի ցոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ (6300 Wilshire Boulevard, Los Angeles, CA 90048)։

«Ասպարեզ»