Գրիգոր Գուլեանի պատմությունը
Տրապիզոն
Աղբյուրը՝ armeniangenocide100
Գրիգոր Գուլեանի պատմությունը
Տրապիզոն
Ցեղասպանությունը վերապրած Գրիգոր Գուլեանը պատմել է, որ բռնագաղթի նախօրեին մայրն իրեն ու մեկ տարեկան քրոջն ամերիկացի միսիոնարներին է հանձնել: Երեք շաբաթ անցած ոստիկանությունը պաշարել է շենքը ու բոլոր հայ երեխաներն ու խնամող հայ աղջիկներն ու այրիներին այլ վայր տեղափոխել: Եվս մի քանի օր անց ոստիկանները եկել են ու տարել երիտասարդ աղջիկներին, բռնաբարել ու բերել հետ: Հաջորդ առավոտ 5 տարեկանից մեծ բոլոր երեխաներին, աղջիկներին ու այրիներին աքսորել են:
Բռնագաղթի նախօրեակին մայրը Գրիգորին ու մէկ տարեկան անոր քրոջը ամերիկացի միսիոնարներուն կր յանձնէ, ուր 60-70 երեխաներ եւս կային: Երեք շաբաթ անցած ոստիկանութիւնը շէնքը կը պաշարէ ու բոլոր հայ երեխաներն ու խնամող հայ աղջիկներն ու այրիները ուրիշ շէնք կը փոխադրէ: Հազիւ քանի մը օր անցած ոստիկանները կու գան երիտասարդ աղջիկները կը տանին ու բռնաբարելէ ետք կը վերադարձնեն:
Յաջորդ առաւօտ հինգ տարեկանէն վեր երեխաները, աղջիկներն ու այրիները կ՚աքսորուին։ Երբ բռնագաղթը կը սկսի եւ կարաւանը Տէրմէնտէրէ գետին մօտէն կ՚անցնի, Գրիգորը սարսափահար` հարիւրներով անհաշիւ, անթաղ դիակներ կը տեսնէ գլուխնին ջախջախուած կամ առանց գլուխի…
Կէսօրին Ճեվիզլըք գիւղը կը հասնին եւ պարտէզի մը մէջ ձիթապտուղ եւ ապուր կը բաժնեն: Երեխաները մտածելով որ ապուրը թունաւորած կ՚ըլլան, ոչ մէկը ապուր կ՚ուտէ: Այս միջոցին թուրք մը կը մօտենայ Գրիգորին եւ կը հարցնէ.
«Կու գա՞ս հետս, դրամ ունի՞ս»
«Այո կու գամ, մէկ կարմիր ոսկի ունիմ» կը պատասխանէ Գրիգորը: Սակայն մէկ ոսկիէն աւելի ունէր: Ծնողներէն բաժնուած ժամանակ հայրը բաւական դրամ տուած էր ու ըսած. «Տղաս այս դրամը լաւ պահէ, օգտակար կ՚րլլայ քեզի»։ Գրիգորը ոսկի մըն ալ իր սիրելի ընկերոջ Սուրէնին կու տայ, որ իրմէ երեք տարի մեծ էր ու մատնանշելով Սուրէնին, ան թուրքին կ՚ըսէ. «Հօրեղբօրս տղան ալ ոսկի մը ունի»:
Թուրքը երկու որբերը հետը կը տանի եւ կառավարութեան մօտ կ՚՚արձանագրէ ու ապա կը տանի իր տունը: Թուրքը Ճեվիզլըք գիւղին մէջ խանութ մը կը բանայ Գրիգորի եւ Սուրէնի տուած երկու ոսկիով, ուր չոր պտուղներ կը վաճառուի` կաղին, ընկոյզ, չոր թուզ եւ այլն եւ Սուրէնին կ՚՚աշխատցնէ խանութին մէջ իսկ Գրիգորին կօշկակարի մը քով կը տեղաւորէ որպէս աշակերտ:
Սուրէնը թուրքին շարունակ կ՚ըսէր «էմրուլայի (Գրիգոր) հայրը հարուստ էր եւ Տրապիզոնի մէջ իր սեփական տունն ունէր»: Տրապիզոնը 20-25 քիլոմեթր հեռու էր Ճեվիզլըքէն։ Օր մը թուրքը տղաքը Տրապիզոն կը տանի, պահ մը ազատ կը ձգէ, ապա կը պայմանաւորուի երեկոյեան քալելով երթան անոնց գիւղը: Բայց ինք կառք մը կը վարձէ ու զանոնք ալ կը վերցնէ:
Բաւական թափառելէ ետք, երբ ժամանակը եկած էր, որ երկու որբերը վերադառնան գիւղ, Տրապիզոնի մէկ արուարձանի մէջէն քալելու ժամանակ, յանկարծ մէկը «Գրիգոր» կր պոռայ: Երեխաները կը կենան, սակայն բան մը չտեսնելով կը շարունակեն քալել: Նորէն «Գրիգոր» կը լսեն։ Կը կենան ու չորս կողմերնին նայելէ ետք ձեռք մը կը տեսնեն, որ տունի մը պատուհանէն կը շարժի: Արդեօք ո՞վ կրնայ ըլլալ այս անհատը։
Երեխաները կ՚ուղեւորուին դէպի այդ տունը եւ երբ կը հասնին, դուռը բաց կը գտնեն: Ներս կը մտնեն, ի՜նչ զարմանք, ի՜նչ հրաշք… Գրիգորին մեծ քոյրը Արաքսին էր։ Ան կը գրկէ եղբայրը եւ համբուրելով` եղբօր թուշերը արցունքով կ՚ողողէ։ Բռնագաղթին` թուրք մեծ զինուորական մը Արաքսին տարած էր իր տղուն համար որպէս կին։
Երեկոյեան Արաքսիին ամուսինը տուն կու գայ ու կը ծանօթանայ անոր եղբօր եւ Սուրէնին հետ: Ամառ էր երեկոյեան ժամը 9-ին Արաքսիի ամուսնուն հայրը կու գայ երկուքին ալ կը վռնտէ տունէն։ Գիշերը նորէն քաղաքին կեդրոնը կ՚երթան։ Տրապիզոնի փողոցները թափառելէ ետք, Գրիգորի հօր խանութին քով, ուր ճաշարան մը կար, ներս կը մտնեն: Ճաշարանին տէրը ուշադրութեամբ Գրիգորին կը նայի ու մօտենալով կը հաստատէ թէ Միսաք էֆէնտիին տղան էր։ Ճաշարանապետը ճաշ կը բերէ եւ երկուքն ալ կուշտ մը կ՚ուտեն։Գիշերուայ ժամը 11–ն է, մեծ զինուորական մը ճաշարան կը մտնէ։ Մտերմիկ խօսակցութենէ մը ետք, երբ ուտելիք սպասարկելով ճաշարանապետը զինուորականին կ՚ըսէ` մեր քովի Միսաք էֆէնտիին տղան է։ Ճաշելէ ետք, զինուորականը Գրիգորին քովը կը կանչէ ու գլուխը շոյելէ ետք կ՚ըսէ «դուն իմ զաւակս պիտի ըլլաս»։ Ան տուն կը տանի ու կնոջ կ՚ըսէ «Տղայ մը բերի մեր զաւակը պիտի ըլլայ»։ Իրենք զաւակ չէին ունեցած։
Կարճ ժամանակ անց, ռուսական բանակը Տրապիզոնի վրայ կը յառաջանայ, թուրք «Հայր»ը նախքան ճակատ երթալը Գրիգորին բարեկամ ընտանիքի մը քով կը տեղաւորէ։
Գրիգորը քրոջ հետ կապը կը պահպանէ, ամէն ուրբաթ այցելութեան երթալով: Սուրէնը կարճ ժամանակ մը թուրք ճաշարանին մէջ կ՚աշխատի եւ յոյն բարեկամի մը հանդիպելով, կը հեռանայ ճաշարանէն։
Ռուս-թրքական պատերազմին, Գրիգորին նոր տէրը կը փոխադրուի Օրտու ծովեզերեայ գիւղաքաղաք մը, ուր ծանր կը հիւանդանայ։ Ամիսէ մը աւելի հիւանդանոց կը մնայ, ոչ ոք տէր կը կենալ այս երեխային, ու երբ ապաքինման մէջ էր, ոստիկան մը կու գայ հիւանդանոց եւ Գրիգորը քարափ կը տանի թուրք որբերու հետ, որոնք կը տեղափոխուէին Սամսոնի թրքական որբանոցը, որ կը կոչուէրՏարիլի Իթամ։
Աամսոնի որբանոցին մէջ 19 հայեր կային, որոնք իրար հետ թրքերէն կը խօսէին, սակայն ուրբաթ օրերը, երբ որբանոցէն դուրս կ՚ելլէին, իրար հետ հայերէն կր խօսէին։ Երբ Գրիգորր կ՚իմանայ Սամսոնի մէջ հայկական որբանոց բացուած է, թրքական որբանոցէն կը փախի ու հայկական որբանոցը կը մտնէ։
Օր մը որբանոցին տնօրէնը կը յայտարարէ Եփրանոսեաններուն նաւը Տրապիզոն պիտի հանդիպի։ Նոյն օրը, Գրիգորր կ՚երթայ քրոջ տունը անոր հետ պտոյտի ելլելու պատրուակով։ Ան որբանոց կը բերէ քրոջը եւ ուրիշ երկու կիներու հետ նաւը կը մտնեն։ Նաւը Տրապիզոն կը հասնի, քոյր-եղբայր հայկական որբանոց կը մտնեն ու ի՜նչ զգայացունց լուր, կ՚ըսուի թէ մայրերնին ողջ է եւ Պաթում կ՚ապրի։ Հայրերնին Եղեռնի ժամանակ սպաննուած է։
1918-ին քոյր-եղբայր կ՚երթան Պոլիս, ուր կը հանդիպին իրենց մօրը, որ ամուսնացած էր Տրապիզոնցի հայու մը հետ։ 1922-ին, երբ Քեմալական ուժերը կը սկսին շարժուիլ դէպի Պոլիս, Գրիգորը, քոյրն ու մայրը իր ամուսինով Ռումանիա կը փոխադրուին եւ Պուքրէշ կը հաստատուին։
Ազատեան Լ., Հայ որբերը մեծ եղեռնի, գիրք երրորդ, Լոս Անճելըս, 2002, 263 էջ, էջ 118-121: