կարևոր
0 դիտում, 9 տարի առաջ - 2015-01-19 15:28
Առանց Կատեգորիա

Մենք ճիշդ ենք. այցելություն Կարս եւ Անի. Վաչէ Բրուտեան

Մենք ճիշդ ենք. այցելություն Կարս եւ Անի. Վաչէ Բրուտեան

Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն» շարականը այսքան քաղցր ու հրեշտակային մեկնաբանութեամբ լսած չէի երկար ատենէ ի վեր։ Լուսինէ Զաքարեանի մեկնաբանութիւնը զիս այնքան կլանած էր, որ չէի ակնկալեր նմանատիպ, այդ որակին մօտեցող, առնուազն զայն յիշեցնող մեկնաբանութիւն մը։ Հիմա սակայն, աշնանային այս արեւոտ եղանակին, մօտաւորապէս երկու հարիւր հայորդիներ, Լոռիի մարզի Այգեհատ գիւղին մէջ Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին շուրջ հաւաքուած, կ՛ունկնդրենք 5 ֊ 6 պարմանուհիներու՝ տառացիօրէն վերացնող «Հաւուն հաւուն»ը (մեզի ըսին, որ Վանաձորի եկեղեցիներէն մէկուն երգչախումբի անդամներն են)։

 

Այս պարմանուհիները կարծէք երկինքին մէջ հայոց սուրբերուն յատկացուած անկիւնէն հրաշքով մը, հրեշտակներու թեւերով հասած են Այգեհատի բարձրադիր այս անկիւնը, որպէսզի այս անգամ Աշխարհիկ Սուրբին շիրիմին շուրջ երգեն նոյն հրեշտակային մեղեդին։

 

Այս մտածումներով տարուած, մտայ Կարսի Առաքելոց եկեղեցիէն ներս, երկիւղածութեամբ, ակնկալելով, յուսալով, որ Այգեհատի՝նոյն հրեշտակներու խումբը, հոս եւս, զիս պիտի դիմաւորէ «Հաւուն հաւուն»ով։ Արեւամուտ էր. այդ պահուն, փոխան իմ հայրերուս շարականներուն, սկսաւ հնչել թուրք կրօնաւորին աղօթքի կոչը՝ մզկիթի վերածուած Առաքելոց եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Անկախ այն յարգանքէն, զոր կը տածեմ բոլոր կրօններուն նկատմամբ, այդ պահուն աղօթքի այդ կոչը ականջներուս մէջ արձագանգեց «ձեր ինչքը մեզի հալալ է» իմաստով։ Ո՞վ չ’ընդվզիր։

 

Սակայն, սեւ պազալթով կառուցուած եկեղեցւոյ պատերը, մօտաւորապէս հարիւր տարուան յամառ ու խլացուցիչ լռութեամբ պատասխանեցին թուրք կրօնաւորին։ Անոնք մեր խունկն ու մոմը, «Քրիստոս յարեաւ»ը եւ «Սուրբ սուրբ»ը կը փնտռէին տակաւին։ Նոյն այս պատերը, խորանն ու քանդակները, որոնք հազարամեակ մը առաջ մերժած էին Քաղկեդոնական ծէսով օծուելու սպառնալիքը (պատճառ դառնալով, որ այս եկեղեցին կառուցած Աբաս Բագրատունի թագաւորը փորէ աչքերը այդ սպառնալիքին տիրոջ), հիմա վեհ, տոկուն դիմադրականութեամբ կը դիմաւորէին թուրք կրօնաւորին երգը։ 

 

Հաւատաք կամ ոչ, Կարսի Առաքելոց եկեղեցին տակաւին միայնակ կը դիմադրէ թրքական բռնագրաւումին, իբրեւ օրինակ մեր բոլորին։

 

...

 

Այդ նոյն օրը, առտու կանուխ ճամբայ ելած էին Երեւանէն ու հասած՝ Ախալքալաք, որպէսզի ընկերոջս Արտակին հետ, իր ինքնաշարժով, ուղեւորուինք դէպի Կարս ու Անի։

 

Ախալցխայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ վրացական խնկալին ուտելէ ետք (կերած չըլլայի բարով. ստամոքսս…), հայկական փոքր գիւղերու մէջէն անցնելով հասանք Վալէի սահմանակէտը։ Վրացական ստուգման կէտէն ետք՝ թրքական է։ Իբրեւ վիզաներու ստուգման գրասենեակ ծառայող փոքր տնակի մը պատուհանին առջեւ խռնուած իրանցի վարորդներուն ետին կարգի կանգնելէ ետք, անցագիրս երկարեցի թուրք պաշտօնեային։ Նայեցաւ, ներս գնաց, ուրիշ պաշտօնեայ մը զիս հրաւիրեց այլ գրասենեակ մը, ուր գրասեղանին ետեւէն զիս դիմաւորեց թուրք պաշտօնէուհի մը…Պետրոս Դուրեանի «Թրքուհին» յիշեցնող…։ Ի վերջոյ, ընթացիկ զննումներէ եւ թղթաբանութիւններէ ետք, «հոշ կելտինիզ» ըսին ու ճամբայ տուին մեզի։ «Բարի եկաք»էն աւելի՝ մեր պարտութիւնը մեր երեսին շպրտելու իմաստ ունէր այդ թրքական «հոշ կելտինիզ»ը։ Գէթ այդպէս թուեցաւ մեզի։

 

Դժուար նկարագրուող կացութիւն է չէ՞, երբ մարդ իր իսկ սեփական, հայրենի հողը մտնելու համար արտօնութիւն պէտք է առնէ օտար իշխանութենէ մը։

 

Սահմանակէտէն Կարս ճամբուն վրայ պարսկական բեռնատարներու եւ մանաւանդ հեղուկ բեռնատարներու արտասովոր եռուզեռ կայ։ Հաւանաբար թրքական իշխանութիւններուն համար ռազմավարական նշանակութիւն ստացած ըլլալուն պատճառով է, որ այս ճամբան կը նորոգուի, աւելի կը լայնցուի։

 

...

 

Մօտաւորապէս քսան անգամ այցելած եմ Հայաստան ու զայն լայնքին ու երկայնքին չափած։ Տեսադաշտէս դուրս մնացած է միայն Կապանէն Մեղրի երկարող հատուածը։ Շիրակի ու մանաւանդ Արագածոտնի մարզերը «ջուրի ճամբայ» ըրած եմ։ Հիմա, կը քշենք դէպի Կարս եւ ուշագրաւ է, որ այդ շրջանը աշխարհագրական ու բնական շարունակութիւնն է Արագածոտնի ու Շիրակի մարզերուն։ Ոչ մէկ տարբերութիւն։ Եթէ ճամբու թրքերէն ցուցանակները զանց առնենք, կարելի չէ շփոթիլ. Հայաստանն է մեր չորս դին, հայկական հողամասեր են մեր աջ ու ձախ կողմերը։ Մեր բերրի հողերն են, Խորենացիի կողմէ նկարագրուած «Շիրակի ամբարները», որոնք կարծէք տակաւին Շարան կը փնտռեն, անո՛ր, ու ոչ թէ թշնամիին որկորը գոհացնելու համար։

 

Կը մտնենք Կարս. 70 ֊ 80 հազարնոց փոքր քաղաք մը։ Մէկ երկու մայր պողոտաներէ աջ ու ձախ դառնալէ ետք, կանգ կ՛առնենք պանդոկի մը առջեւ ու կը տեղաւորուինք։

 

Ուրախ ու գոհ զգալու պատճառ չունինք, որովհետեւ կը գտնուինք այն քաղաքին մէջ, որ երկուքուկէս տարուան ընթացքին երկու անգամ դաւաճանութեան զոհ գնաց, հակառակ ռազմավարական դիրք ունեցող իր բերդին ու հոն տեղադրուած հեռահար թնդանօթներու մարտկոցներուն։ Ինկաւ թշնամիին ձեռքը, առանց որ այդ թնդանօթները մէկ անգամ իսկ որոտային։ Քաղաք մը, որ ատենին հայ ազատագրական շարժումի գաղափարական հնոցը եղած էր։ Հոն թրծուած էր հայրենիքի նուիրեալներու առնուազն մէկ սերունդ։ Նոյն այդ սերունդը, որուն համն ու հոտը ուրիշ էր եղած Ռուբէնի համար, իր ըսելով՝ Արտամետի խնձորին նման, «թեկուզ որ մէջը որդ ընկած լինի»։ Կարսը հայ ազատագրական շարժումի գաղափարական իւրայատուկ «մարզարանն» ու «զօրանոցն» էր. յար եւ նման այն զօրանոցներուն, ուր նորակոչ զինուորներ ամիսներով կը մարզուին՝ նախ քան իրենց ճակատ մեկնումը, կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ։

 

Հիմա նոյն այդ Կարսի փողոցներէն կը քալենք եւ կ’ուղղուինք դէպի բերդը։ Բերդը թառած է բլուրի մը վրայ։ Անոր ստորոտին է Առաքելոց եկեղեցին, մաքուր ու խնամուած շրջափակով, որովհետեւ…մզկիթ է այլեւս, առաւել՝ պետական «պահպանութեան» ենթակայ։

 

Ի՜նչ մեծ շնորհ հայ ժողովուրդին ու անոր ստեղծած մշակոյթին հանդէպ…

 

Հոն այլեւս խունկ ծխող չկայ։ Գմբէթի խաչն ալ վերցուած է։ Պատմական վայր ըլլալով, իշխանութիւնները «հոգ կը տանին». Ցուցանակմըն ալ զետեղած են, թրքերէն ու անգլերէն, ուր կ’ըսուի, թէ «Առաքելոց եկեղեցին կառուցուած է Աբաս Բագրատունիի կողմէ, 932 ֊ 937 տարիներուն», ապա՝ թէ երբ մզկիթի, թանգարանի ու դարձեալ մզկիթի վերածուած է։ Այդքան։ Ոչ մէկ խօսք անոր՝ հայկակա՛ն եկեղեցի ըլլալուն, հա՛յ թագաւորի մը կողմէ կառուցուած ըլլալու փաստին մասին։ Ո՞ր օտար այցելուն գիտէ (եթէ պատմաբան չէ), թէ ով է Աբաս Բագրատունին. անոր անունէն դատելով՝ արաբ ըլլալու է, պիտի մտածէ։ Մէկ խօսքով, թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն իւրացուցած են մեր եկեղեցին, այլեւ կ’ուրանան անոր ծննդոցը։ Մէկ խօսքով՝ ցեղասպանութիւն գործել հայ ժողովուրդին դէմ, իւրացնել անոր հայրընիքը, նիւթական ու մշակութային արժէքները ու ապա՝ ուրանալ ոճիրը։ Թուրք պետութեան այս տրամաբանութեան իրեղէն ապացոյցներէն մէկն է Կարսի Առաքելոց եկեղեցիին ցուցանակը… այնքա՜ն բարացուցական։ Բայց միա՞յն Առաքելոց եկեղեցիին… Յաջորդ օրը, Անիի մէջ եւս նոյն պղծումին ականատես պիտի ըլլայինք։

 

Սովորական, ուրախ ու անհոգ զբօսաշրջիկներ չենք։ Ծանր է մեզի համար Կարսի փողոցները պտըտիլը։ Հին թաղերէն երբ կ’անցնինք, կը զննենք իւրաքանչիւր ցուցանակ, հին տուներ, արդեօք «այդ» օրերէն մնացած հայու խորովածանոցի կամ խանութի ցուցանակ պիտի տեսնե՞նք, յանկարծ Ռուբէնը պիտի ելլէ՞ մեր դիմաց։ Կարսը, Բագրատունիներու հնամենի մայրաքաղաքը, «ցեղային մաքրազտումի» ենթարկուած է, լրիւ։ Չկան զայն հիմնած ժողովուրդին զաւակները։ Կը մտաբերեմ երեւանցի բազմաթիւ ծանօթներուս խօսքը՝ «պապս ղարսեցի է…»։ Կարսը, մեր հին մայրաքաղաքը, դատարկուած է իր բնիկներէն։ Հիմա ինքն է մեզ կարօտակէզ նայուածքով դիմաւորողը, կը խնդրէ, կ’աղաչէ, որ ազատագրուի իր կապանքներէն։ Օտարի լուծին տակ է։ Ինքն ալ տխուր է։ Միայն բերդն է, որ վերէն իրեն յոյս կու տայ, կը քաջալերէ որ շարունակէ տոկալ, դիմադրել։

 

Երեկոյեան, կը մտնենք ճաշարան մը, ընթրիքի։ Զարմանալիօրէն անօթի չեմ զգար. ախորժակ չկայ։ Թուրք սպասեակը խորոված կը բերէ մեզի։ Դժուար է պատառները կուլ տալը։ Ինչպէ՞ս ուտել, երբ քիչ անդին մեր գլխուն վերեւ, նոյն այդ բերդին մէջ, անզօր յուսահատութեան մէջ ինքնասպան եղած է մեր բանակի գնդապետ Մազմանեանը, 28 տարեկան։ 1918ին, «հասկցանք», դաւադիրը օտարն էր, վրացի Չխենկելին, որ բերդի կայազօրին կը հրահանգէր նահանջել թրքական յառաջացող ուժերուն առջեւէն։ Սակայն երկուքուկէս տարի ե՞տք. 1920ի աշնան նոյն այս օրերուն, այս անգամ շան ծիծ կերած հայու զաւակներն էին, հայ պոլշեւիկ գործիչները, որոնք հայկական բանակի զինուորներուն կը յորդորէին չկրակել Քեազիմ Գարապեքիրի «եղբայրական» թուրք զինուորներուն վրայ, յանուն «ինտերնացիոնալիզմի», չէ՞ որ Լենինը դաշնակցած էր Ալիին հետ, «դաշնակիցին» վրայ ինչո՞ւ կրակել։ Գարապեքիրին կը մնար միայն քմծիծաղով հետեւիլ իր նորայայտ ու ինքնակոչ «ախմախ էրմէնի» զինակիցներու արարքներուն։ Ի զուր էին գնդապետ Մազմանեանի յորդորներն ու հրահանգները։ Իր զինուորականի պատիւը փրկելու համար՝ «Նա իր ջեբից հանեց ատրճանակը, զուր տեղը զոհ տուեց ջահել հասակը», ինչպէս պիտի երգէր հայ աշուղը տարիներ անց, նոյն խորհրդային կարգերուն տակն իսկ, թուք ու մուր քսելով այն «անաստուած հայերուն», որոնք «թուրքին գնացին»։

 

Յանուն «ինտերնացիոնալիզմին» կատարուած այդ ազգադաւ արարքին լրջութիւնը, իր ամբողջ ծանրութեամբ զգացինք յաջորդ առաւօտուն, երբ բերդ բարձրացանք։ Հոն մեր աչքին առջեւ պարզուեցաւ Կարսի ընդարձակ դաշտավայրը։ Այդ բերդէն, հմուտ հրետանաւորի մը համար, դժուար չէ 20 քիլոմեթր հեռուն շարժող նոյնիսկ տերեւ մը հարուածելը, ալ ուր մնաց յառաջացող թշնամի ուժերը։

 

Մազմանեանի արիւնը դեռ չէ չորցած հոն, վերը, բերդին մէջ։ Հիմա ինչպէ՞ս խորոված ուտել նոյն այդ բերդին ստորոտը գտնուող ճաշարանին մէջ։ Ո՞ր հայուն կոկորդէն վար կրնայ իջնել պատառը, որ կարծէք ճաշարանատիրոջ կողմէ միտումնաւոր կերպով գնդապետ Մազմանեանին վճիտ արիւնով թաթխուած ու հրամցուած է մեզի։

 

Բայց Կարսը կարծէք լուռ ու մունջ եւ յամառօրէն, տակաւին կը դիմադրէ… Աչք ունեցողը թող տեսնէ։

 

...

Բերդէն դուրս կ’ելլենք ու բլուրին ետեւի ճամբէն կ’իջնենք վար, քաղաք։ Այնտեղէն՝ դէպի հարաւ ֊ արեւելք, մաքուր ու ասֆալթապատ ճամբայ է։ Պէտք է քշենք մօտաւորապէս կէս ժամ։

 

Մանկութեանս տարիներուն, կարծեմ Բեթէլ եկեղեցիի գրադարանէն, մէկը (շատ հաւանաբար Սեզա քոյրս, կամ իր ընկերուհին՝ Սօնան)ինծի տուած էր վիպակ մը, որ յափշտակութեամբ կարդացած էի. «Անին ծախուեցաւ»։ Այդ եղած էր իմ առաջին «ծանօթութիւնս» Անի քաղաքին ու անոր վերջին օրերու դրական ու ժխտական դերակատարներ՝ դեռատի Գագիկ Բ. թագաւորին, Վեստ Սարգիսին ու Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսին հետ։

 

Իրականութեան մէջ, Շիրակի դաշտավայրն է, որ կը կտրենք հիւսիսէն հարաւ։ Ճամբուն երկու կողմերը բերրի դաշտեր, արածող անասուններ եւ քանի մը գիւղեր են։ Երթեւեկ շատ չկայ։ Շուտով կը հասնինք խեղճուկրակ գիւղ մը, կը դառնանք մէյ մը ձախ, մէյ մը աջ ու կանգ կ’առնենք ինծի ու վստահ եմ ձեր բոլորին շատ ծանօթ պարիսպներու առջեւ։ Անկէ անդին ճամբայ չկայ։

 

Անին է։ Մե՛ր Անին։

 

Մուտքի տոմս գնելէ ետք, կը մօտենանք դարպասին։ Ձախին, մեծ ցուցանակներու վրայ կայ Անիի ամփոփ պատմականը, թրքերէնով ուանգլերէնով, եւ քաղաքին քարտէսը։ Հոս եւս, ՈՉ ՄԷԿ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԱՅ ԱՆԻԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ։ Ուրացումը եւս ցեղասպանական արարք է, որ այսօր կը շարունակուի։

 

Դարպասէն ներս կը մտնենք ու մեր աչքերուն դիմաց կը փռուին մեր մայրաքաղաք Անիի աւերակները։ Հուժկու է տպաւորութիւնը։ Կարծէք հողին ընդերքի ամենախոր վայրերէն դէպի ներբաններդ կը թափանցէ դրականօրէն ահարկու ուժ մը։ Այդ ուժը մեր ժողովուրդի հերոսական, ողբերգական ու փառաւոր պատմութեան անտեսանելի խտացումն է։ Այդ ուժը մեր նախնիներու ստեղծած մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան խտացումն է, որուն միայն չնչին տոկոսը տեսանելի է կառոյցներու ձեւով։ Մնացեալը՝ միայն կարելի է զգալ։ Ճիշդ սառցալերան մը նման, որուն տեսանելի մասը միայն 10 տոկոսն է իսկական զանգուածին։

 

Կը քալենք ճամբէն, որ ասկէ հազարամեակ մը առաջ կը վխտար կեանքով։ Այստեղ ուղտերու եւ ջորիներու կարաւաններ զիրար կը հրմշտկէին, աջէն ու ձախէն կը լսուէին հնդկերէն, յունարէն, հայերէն, պարսկերէն ու շատ հաւանաբար նաեւ չինարէն խօսակցութիւններու խաժամուժ, սակարկութիւններ, առեւտուրի համաձայնութիւն, ապրանքներ՝ մետաքս, համեմներ, ցորեն, գինի, գունաւոր հիւսուածեղէն, ոսկի ու արծաթ։ Յանկարծ բազմութիւնը ճամբայ կու տայ։ Մայրաքաղաքին կայազօրի հրամանատար սպան է, իր թիկնապահներով, որ կ’ուղղուի պալատ՝ հաւանաբար իր ամէնօրեայ զեկուցումը տալու հայոց Բագրատունի թագաւորին։ Աւելի վարը, ձախ կողմը բանուորներու մեծ խումբ մը կ’աշխատի, վարպետ քարտաշներ են։ Իրենցմէ քիչ անդին կանգնած է մարդ մը, ձեռքին մեծ չափագրութիւններ։ Տրդատ ճարտարապետն է, որ բացատրութիւններ կու տայ իր կողքին կանգնած պալատական տոկնոջ մը։ Հայոց Կատրանիդէ թագուհին է, դուստրը Սիւնեաց Վասակ թագաւորին, տիկինը Գագիկ Ա. Բագրատունի թագաւորին։ Կատրանիդէ թագուհին անձամբ կը հսկէր Անիի մայր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն…։

 

Այդ ամայութեան մէջ, կը լսենք, կը տեսնենք այս բոլորը ու անտեսանելի կերպով անցնելով բազմութեան մէջէն, կը քալենք դէպի Մայր եկեղեցին։

 

Գմբեթը փուլ եկած է։ Եկեղեցւոյ չորս կողմը ցանկապատ քաշուած է, նորոգութիւններու համար։ Ամբողջ Անիի մէջ նորոգութիւններ տեղի կ’ունենան ամերիկեան պետական բաժանմունքին յատկացուցած գումարներով, բայց… առանց մէկ հատիկ հայ մասնագէտ ճարտարապետի մը ներկայութեան։ Թրքական կողմը մերժած է… Բայց թուրք ճարտարապետը ի՞նչ գիտէ հայկական ճարտարապետութեան ոգեղէնին ու անոր ծնունդ տուած հոգեզգացական աշխարհին մասին։ Աւելի ճշգրիտ ըմբռնելու համար այս «նորոգութիւններուն» գործած աւերին մասին, ընթերցողին խորհուրդ կու տամ այցելել www.virtualani.org կայքէջը։

 

Եկեղեցւոյ մօտ կանգնեցուած ցուցանակին վրայ կը կարդանք, թէ Աբաս Բագրատունի անունով մէկը սկսած է կառուցել եկեղեցին, յետոյԿատրանիդէ թագուհին շարունակած է, ճարտարապետն է Տրդատը, որ նաեւ նորոգած է Այա Սոֆիան եւայլն։ Դարձեալ, ՈՉ ՄԷԿ ԽՕՍՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ։

 

Կողքի դուռնէն կը մտնենք եկեղեցի։ Հայաստան իմ բազմաթիւ այցելութիւններուս ընթացքին, մտած եմ տասնեակներով պատմական եկեղեցիներ։ Սքանչացած եմ Կարմրաւորի գողտրիկ կառոյցով, հիացած եմ Գանձասարի գանձարանով, Կեչառիսով, Ամբերդի Ս. Աստուածածին գոհարեղէն ֊ եկեղեցիով, ներքնապէս ճզմուած ֊ փշրուած եմ Գեղարդով։ Բայց Անիի Մայր եկեղեցին, իր հսկայութեամբ, սիւներու խոյանքով, ներքին կամարներու ճարտարապետական հիանալի գիւտերով ու արտաքին պատերու քանդակներով ու «տիզայնով», «կը լռեցնէ» մեզ երկուքս։ Անոր հսկայութիւնը կը խորհրդանշէ երկինքի արքայութեան ուժը, որուն դիմաց ոչինչ ենք մենք, հողեղէններս։

 

Ապշիլ միայն կարելի է։ Մեր պապերը առանց համակարգիչի, առանց երկրաչափական Autocad ծրագրին, ինչպէ՞ս լուծած են մաթեմատիկական ու ձեւաչափական բոլոր այն բարդ խնդիրները, որոնք անհրաժեշտ են նման կառոյց մը ստեղծելու համար։ Բայց փաստ է, որ լուծած են այդ խնդիրները։ Ֆիզիքական ու մտքի աչքերով պէտք է տեսնել այս ժառանգութիւնը։ Միայն այդ ձեւով անոր տիրութիւն ընելու մեր կամքը աւելի ու աւելի կը զօրանայ։

 

Մարդ չկայ մեր երկուքէն զատ, սակայն եկեղեցին «լեցուն» է, արտակարգ եռուզեռ մը կայ անոր շրջափակէն ներս եւս։ Խորանին վրայ եկեղեցականներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսին, իրենց գունագեղ զգեստներով, շարականներ կ’երգեն քշոցներու կշռոյթով, բուրվառները կը շարժին վեր ֊ վար, ծուխը գուլայ ֊ գուլայ տարածելով հաւատացեալ բազմութեան վրայ։ Դասին մօտ՝ պալատականներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, խոնարհութեամբ կը հետեւին արարողութեան։ Խորանին առջեւ, վարը, ծունկի եկած է երիտասարդ Գագիկ Բ. Բագրատունին։ Իր թագադրութիւնն է…

 

«Արձանացած» այս տեսարանով, կ’ուղղուինք դէպի խորանը։ Վանտալիզմը գլուխը առած ֊ գացած է հոս. հսկայական բեմի ամբոողջ որմնանկարները սպիտակ ներկով կամ կիրով ծածկուած են ու փճացուած։ Վերէն, սիւներու կամարներուն ետեւէն, կարծէք մեր շարժումներուն գաղտնաբար ու սրտատրոփ կը հետեւին Տրդատ ճարտարապետը եւ Կատրանիդէ թագուհին, ստուգելու, որ հայու զաւակնե՞ր են ներս մտնողները, թէ թուրք վանտալներ։ Մեր «Հայր մեր»ը կը հանգստացնէ զիրենք ու սուսիկ ֊ փուսիկ կ’անհետանան…

 

Քիչ անդին, հոն ուր կը սկսի Ախուրեանի անդունդը, կայ Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, 13րդ դարուն կառուցուած։ Որոշ չափով վերանորոգուած է արտաքնապէս։ Ներսը սակայն, միտումնաւոր քանդումի տեսարաններ քիչ չեն։ Տեղ մը, մուրճով քանդուած ֊ փճացուած են որմնանկարները (տեսնել լուսանկարը), չհաշուած «այցելուներու» թողած արձանագրութիւնները, թրքերէն, ռուսերէն ու երբեմն ալ…հայերէն։ Այս վերջինի պարագան ուղղակի ընդվզեցուցիչ է (Սրտի պարտք է, պէտք է ըսեմ. Անթուան Ակուճեան անունով մէկը իր անունը աւելցուցած է եկեղեցւոյ մէկ պատին վրայ, իր այցելութեան թուականով. լուսանկարած եմ. հրապարակաւ պէտք է պախարակել զինք, ուր որ ալ ըլլայ)։

 

Սպիտակ գաճով ծեփուած են այս եկեղեցւոյ բոլոր որմնանկարները եւս, իբրեւ ուրացումի արդիական խորհրդանիշ…

 

Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ մօտ, Ախուրեանի ափին ենք։ Ըստ պատումի մը, այս գետին յատակը թաղուած են Հայց. եկեղեցւոյ միւռոնիկաթսաները՝ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսին հրամանով, որպէսզի թշնամիին ձեռքը չանցնին ու չպղծուին։ Հազար տարի առաջ։

 

Հոս, Ախուրեանի ափին, Անիի ներքին թափը ուրիշ իրականութիւն մը կը պարզէ մեր աչքին առջեւ ու մեր ներսը։ Դիմացի ափը, բլուրին վրայ, քարահանքեր են. «հոն Հայաստանի Հանրապետութիւնն է», մեզի կը յուշէ միջազգային անարդարութիւնը։ Մեր շեշտակիպատասխանը չուշանար. «Բայց հո՞ս ինչ է, հայկական հող չէ՞։ Հո՛ս ալ Հայաստան է, հո՛ն ալ»։ Պէտք է կանգնի՛լ Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ կողքը, Ախուրեանի ափին վերերը, որպէսզի Դանիէլ Վարուժանի հարիւր տարի առաջուան մարգարէութեան իսկական տարողութիւնը կարելի ըլլայ ըմբռնել։ Տարողութիւնը այն «վարդահեղեղ արշալոյսին», որուն «ոտնաձայնը» բանաստեղծը սկսեր էր առնել…։

 

Պատմակա՞ն, թէ միջազգային օրէնքի անարդարութիւն՝ միեւնոյնն է։ Պէտք է սրբագրուի այդ անարդարութիւնը, ինչպէս որեւէ այլ անարդարութիւն։ Որովհետեւ Անին ալ հայապատկան է, Կարսն ալ, Վանն ալ, Տարօնի աշխարհն ալ։ Եւ այդ սրբագրութիւնը կատարելու, հայ ժողովուրդին արդարութիւնը վերականգնելու յանձնառութիւնը աւելիո՛վ կը զօրանայ իւրաքանչիւր հայու մօտ֊, երբ այցելէ հայապատկան այս տարածքները։ Մանաւանդ երբ ինքզինք հաւատաւոր զինուորը կը համարէ Միացեալ Հայաստանին իտէալին։

 

Անին կ’եռայ երակներուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան նուիրեալներն են։ Իբրեւ անվիճելիօրէն հայկական ժառանգութիւն, Անին իւրաքանչիւր հայ այցելուի արիւնին, միս ու ոսկորին մաս կը կազմէ։ «Վարակիչ» է ան։

 

Վերադարձի ժամն է արդէն։ Ֆիզիքապէս յոգնած ենք Անիի «փողոցներէն» ժամերով թափառելէ ետք։ Յոգնած ենք, բայց ոչ ճնշուած։ Ընդհակառակը. այն հաւատքը, որմով դաստիարակուած ենք իբրեւ դաշնակցական, անբացատրելի ձեւով բազմապատկուած է մեր մէջ։ Միացեալ Հայաստանի իտէալով, արդարութիւնը վերականգնելու ձգտումով ու պահանջատիրութեան տրամաբանութեամբ առաջնորդուողները ճիշդ են ուրեմն։

 

Անին մեզի այդ ըսաւ։

 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

[email protected]

 

ՅԳ.֊ Այս յօդուածը պէտք է գրէի տարի մը առաջ, Կարս ու Անի այցելութենէս անմիջապէս ետք։ Սակայն կարգ մը անձնական եւ այլ հանգամանքներ թոյլատու չեղան։ Ես ալ անդադար ձգձգեցի։ Բայց Անին զիս հանգիստ չձգեց։ Ի վերջոյ գրեցի։ Անին հոս եւս «յաղթեց»…։

 

Լուսանկարները՝ Վաչէ Բրուտեանի