կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-27 17:55
Քաղաքական

Ուշացածը, Փոխան Ճիշդ Պահու Բանաձեւին

Ուշացածը, Փոխան Ճիշդ Պահու Բանաձեւին

Եւրոպական խորհրդարանը 20 յունուարին որդեգրեց «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւն» եւ «Ընդհանուր անվտանգային ու պաշտպանական քաղաքականութիւն» տարեկան զեկուցում-բանաձեւերը, որոնցմէ առաջինին մէջ առանձին կէտով անդրադարձ կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

Եւրոպական խորհրդարանը խիստ կերպով քննադատեց խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառոյցներու, սրբավայրերու թիրախաւորումը, տարանջատուող ռումբերու օգտագործումը եւ այդ առնչութեամբ կոչ ուղղեց Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` վաւերացնելու տարանջատուող զինատեսակներու մասին հռչակագիրը:

Այսպիսով եւրոպացի երեսփոխանները, որոնք պարզ է, որ անտեղեակ չեն, թէ ո՛ր կողմը օգտագործած է տարանջատուող եւ ֆոսֆորային ռումբերը, եւ անոնցմէ ոմանք Եւրոպական խորհրդարանի 7 դեկտեմբերի նիստի ընթացքին դատապարտած էին այդ իրողութիւնը, կը յարգեն ու չեն շեղիր եւրոպական տարբեր կառոյցներու կողմէ նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարի վրայ դնելու երկարամեայ գործելաոճէն. աւանդութիւն մը, որ տարիներու ընթացքին աւելի յանդուգն դարձուցին Պաքուն, քաջալերեցին անոր յարձակողապաշտութիւնը եւ ի վերջոյ յանգեցուցին 27 սեպտեմբերի յարձակումի շղթայազերծման: Ուստի եւրոպական տարբեր կառոյցները` Եւրոպական Միութիւնը, ԵԱՀԿ¬ն ու անոր Մինսքի խմբակը պատասխանատուութիւնը կը կրեն այդ յարձակումին ու անոր հետեւանքներուն:

Եւրոպական խորհրդարանի 7 դեկտեմբերի նիստին երեսփոխաններու ճնշող մեծամասնութիւնը յստակօրէն եւ խիստ կերպով քննադատեց Թուրքիոյ դերը տագնապի սրման մէջ, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար, որոշ երեսփոխաններ դատապարտեցին վերջինիս կողմէ արգիլուած զէնքերու կիրարկումը, սակայն այդ բոլորէն ետք խորհրդարանը չորդեգրեց բանաձեւ մը եւ բաւարարուեցաւ անհատական ելոյթներով ու Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոնզեփ Պորելին ուղղուած արագ գործողութիւններու ձեռնարկելու անհատական կոչերով, որոնք բաղդատմամբ խորհրդարանին կողմէ կոչին, շատ աւելի տկար քաղաքական կշիռ ու լրջութիւն ունենալնուն պատճառով գործնական որեւէ արդիւնքի չհասան:

Եւրոպական խորհրդարանը 7 դեկտեմբերին չորդեգրեց ճիշդ պահու բանաձեւը եւ աւելի քան մէկ ամիս ետք որդեգրեց անոր ուշացած տարբերակը` այդ ալ իբրեւ տարեկան զեկուցում-բանաձեւերու մէկ բաժին եւ ոչ թէ անջատ, Արցախի հարցով յատուկ բանաձեւ:

Նշեալ զեկուցում-բանաձեւերը որդեգրուեցան 27 սեպտեմբերին Արցախի հանրապետութեան դէմ վարձկան ահաբեկիչներու աջակցութեամբ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի աւարտէն աւելի քան երկու ամիս ետք` ուշացում մը, որ կու գայ վկայելու անոնց արժէքի գերագնահատման ու կարեւորութեան գերարժեւորման անտեղիութեան մասին:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

aztagdaily.com