կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-30 14:14
Քաղաքական

Մեղք է մեր երկիրը, որ ամէն օր քար առ քար կը քանդուի այս ապաշնորհ մարդոց ձեռքերով․ Վաչէ Բրուտեանի արձագանքը սփյուռքէն

Մեղք է մեր երկիրը, որ ամէն օր քար առ քար կը քանդուի այս ապաշնորհ մարդոց ձեռքերով․ Վաչէ Բրուտեանի արձագանքը սփյուռքէն

ՀՅԴ գործիչ, քաղաքագետ և սփյուռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Վաչե Բրուտյանը իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է.

«Այո, հիասթափուած չեմ ՀՀ ներկայիս իշխանութիւններէն։ Աւելի ճիշդ՝ ՀՀ վարչապետի պաշտօնը վարող Նիկոլ Փաշինեանէն («աւելի ճիշդ»ը անոր համար, որ եթէ զինք պատկերէն դուրս հանես, իր «կուսակցութիւն»ը խաւաքարտէ տուփի նման կը փլի 10 վայրկեանէն)։

Հիասթափուած չեմ, որովհետեւ ես ինքս մամուլի գործիչ ըլլալով, օրին արդէն շատ լաւ ծանօթ եղած եմ Փաշինեանի «լրագրողական» անցեալին, գումարներու փոխան ասոր-անոր դէմ (կամ ի նպաստ) յօդուածներ գրելը, իր խմբագրած թերթին դեղնագոյն նկարագիրը եւայլն։
Հիասթափուած չեմ, որովհետեւ բազմատասնեակ ժամեր տեւողութեամբ տեսերիզներ դիտած եմ 2008ի օրերուն իր խօսած ճառերը, գրգռիչ ելոյթները, «մայրաքաղաքը ազատագրենք ղարաբաղցի տականքներից» ոճով ու բովանդակութեամբ հակապետական ու հակաազգային ելոյթներուն։ Վաւերագրուած են զինեալ ըմբոստութեան իր կոչերը այդ օրերուն։
Հիասթափուած չեմ 2018ի «յեղափոխութեամբ», որովհետեւ ինծի եւ շատ շատերու համար եղածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ աշխարհաքաղաքական դաւադրութիւններու շղթային մէկ օղակը (գունաւոր յեղափոխութիւն, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Սերպիոյ եւ վերջերս ալ... Լիբանանի մէջ կատարուած փորձին նմանողութեամբ)։
 
Հիասթափուած չեմ այսօր մեր երկրին մէջ տիրող իրավիճակէն, որովհետեւ Փաշինեան երկու տարիէ ի վեր փողոցային լեզուով անդադար կը սպառնայ աջին ու ձախին, ասֆալթին փռելով, թաթիկները կտրելով ու այս բոլորը՝ յանուն «սիրոյ եւ համերաշխութեան»։ Այսինքն սիրոյ եւ համերաշխութեան քօղին տակ, ան բացայայտօրէն երկիրն ու ժողովուրդը կը պառակտէ, ատելութիւն կը սերմանէ։ Գաւառի ու Նորադուսի դէպքը, ոստիկանութեան աչքին դիմաց, նորագոյն փաստն է։
 
Հիասթափուած չեմ այս իշխանութեան՝ երկիրը կառավարելու կատարեալ անատակ ու ապաշնորհ նկարագրէն։ Որովհետեւ կօշկակարին յանձնուած է խոհարարի պաշտօն...
Հիասթափուած չեմ ՀՀ Քաղաւիացիային ստացած եւրոպական ապտակէն, որովհետեւ անոր ղեկավար նշանակուած տիկինը ժամանակին օդանաւի տոմսավաճառ եղած է միայն, ոչ աւելին (կօշկակարէն՝ խոհարար)։
Հիասթափուած չեմ քանի մը օր առաջ խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած գռեհկութենէն (նորագոյնը, ոչ թէ միակը), որովհետեւ օրէնսդիր մարմինը լեցուած է փողոցի պատահական մարդոցմով, սկսելով իր նախագահէն ու տեղակալներէն։ ալէն սիմոնեանէն եւ էդմին մարուքեանէն (երկուքն ալ փոքրատառով) տարբեր բան կարելի չէր ակնկալել։ Իրենք հարազատ ներկայացուցիչներն են փողոցի գռեհկութեան։
Կը հիաթափուիս, երբ հիմնաւորուած ակնկալութիւն մը կ՚ունենաս եւ այդ ակնկալութիւնդ չ՚իրականանար։
 
Երբ սկիզբէն իսկ ոչ մէկ ակնկալութիւն ունիս, չես ալ հիասթափուիր։ Բայց մեղք է մեր երկիրը, որ ամէն օր քար առ քար կը քանդուի այս ապաշնորհ մարդոց ձեռքերով։
 
Մամաներուն կոչ.- Եկէք եւ ձեր այս երեխաները տուն տարէք։ Ժամանակն է արդէն»։