Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ գործիչ, քաղաքագետ Վաչե Բրուտյանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է.
«1996-ի նախագահական ընտրութիւններէն քանի մը ժամ անց, պաշտօնավարող նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան բաժակ բարձրացուց ու շնորհաւորեց ինքզինքն ու իր շրջապատը՝ իր «վերընտրութեան» առիթով։
Ինքն ալ գիտէր, իր շրջապատն ալ գիտէր, որ այդ «յաղթանակը» սուտ էր։ Ժողովրդային բողոքի հուժկու ալիքը ուրի՛շ բանի մը վկայութիւնն էր, որ ընտրութեան արդիւնքները գլխիվար շրջուած էին։
Այդ օրերու իշխանութեան ուժեղ անձնաւորութիւններէն Վազգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը նոյնիսկ եթէ քուէներու 100 տոկոսն ալ հաւաքած ըլլար, «մենք իշխանութիւնը յանձնողը չենք»։
Այդ օրէն 23 տարի վերջ, ՀՀ ներկայ՝ «թաւշեայ», «սիրոյ եւ հանդուրժողութեան» իշխանութիւնը կը գործէ նոյն «վազգէն-սարգսեանական» մտայնութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Ն. Փաշինեան բառացիօրէն կը յայտարարէ. «Եթէ անգամ 10 հազար մարդ փողոց դուրս բերեն, եթէ անգամ 24 ժամ նստացոյց անեն, ինձ համար դա մի ցենտի արժէք չունի։ Արայիկ Յարութիւնեանը շարունակելու է պաշտօնավարել»։
Այո պրն. վարչապետ։ Շնորհակալ ենք, որ առիթը չէք փախցներ Ձեր իսկակա՛ն մտակառոյցը ամէն առիթով բացայայտելու։ Դուք կը պատկանիք «վազգէն-սարգսեանական» վերոնշեալ մտածողութեան, որ ոչ կապ ունի պետականութեան, ոչ ալ ժողովրդավարութեան հետ։
Վազգէն Սարգսեանը գէթ քաջութիւնը ունեցաւ երկու տարի վերջ սրբագրելու իր սխալը, երբ միացաւ ԼՏՊն իր պաշտօնէն հրաժարիլ տուողներու խումբին։
Իսկ Դուք անսրբագրելի էք պրն. վարչապետ»: