Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամէն անգամ, որ խնդրանք մը , պատուէր մը կամ իրականանալի աշխատանք մը ունէր յանձնարարելիք ընկ. Վահանը , դիմելով տուեալ ընկերոջ, իրեն յատուկ հիւմուրով, պատուէրը անպայման կատարելու գրաւչութիւն պարուրելով կ՜ըսէր.Հայրենքը ձեզ չի մոռանայ։Առանց հրահանգչական ոճի, առանց բռնութեան, առանց համոզելու յատուկ ճիգի, խնդրանքը, պատուէրը կամ հրահանգը կատարուած էր. Եւ կատարուած էր սիրով, գոհ, գոհունակ, հանգիստ, ժպիտով։ Ժպիտով ու հիւմուրով փոխանցուած, ժպիտով ու հիւմորով ընկալուած եւ նոյնքան սիրով կատարուած։
Գուցէ ա՜յս էր ընկ. Վահանի գրաւչութեան գաղտնիքը ամէնէն շատ։ Իր մասնագիտութեան, իր պատրաստաբանութեան, հռետորական հմտութեան, շրջապատին մէջ կեդրոն դառնալու բնածին յատկութեան, կուսակցական եւ պետական մտածողութիւններու համատեղման արուեստի տիրապետման վահանեան արժէքներուն առընթեր այս անմիջականութիւնը, բայց մանաւանդ անգերազանցելի հիւմուրը Վահանին անձին վրայ կեդրոնացուցած էին այն մագնիսական ուժը, որ իր շուրջ կը հաւաքէր գաղափարակիցներն ու ոչ գաղափարակաիցները, հարազատները, ընկերները, գաղափարական հակառակորդները, բոլո՜րը։
Իր իւրայատկութիւններուն, բացառիկ հմտութիւններուն,, առաջնորդի եւ ղեկավարի տաղանդաշատ յատկանիշերուն դեռ երկար անդրադարձ կը կատարուի։ Ամենաթէժ քննարկումներու ընթացքին անգամ, երբ ընկ. Վահանը յայտնուէր ամպիոնի ետին, հետեւողը գիտէր, որ սուր ակնարկներով, դիպուկ քննադատութիւններով, երգիծական երանգով ըսուածը տեղ կը հասնէր եւ ենթական անպայման հաշուի կը նստէր կատարուած դիտողութեան հետ։ Եւ փաստ է, որ որ ոչ ոք` ամենաբարձր պաշտօնեայէն մինչեւ խորհրդարանի ոեւէ անդամ ընկ. Վահանի հետ չէր գործածած այն լեզուն, որ այլապէս գործածած էր։ Համատարած, ընդհանուր ընկալում կար Վահան Յովհաննիսեանի նկատմամբ։ Եւ այս մէկը մեծ առաւել էր ոչ միայն անձին, այլ ընդհանրապէս իր կոուսակցութեան։
Ընկ. Վահանը իրաւունքը ունէր հայրենիքի անունով չմոռնալու խոստումներ փոխանցելու։ Ինքը համակ հայրենիքն էր իր հոգեկերտուածքով, նկարագրով, մտածողութեամբ եւ նուիրումով։ Հայրենիքը, գուցէ մեզմէ շատերիս մոռանայ, եւ սա օրինաչափ է ու նորմալ։ Սակայն հաստատ չի մոռանայ ընկ. Վահանին։
Շահան Գանտահարեան
Բեյրութ