կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-10 10:14
Առանց Կատեգորիա

«Հայրենիքը ձեզ չի մոռանա»

«Հայրենիքը ձեզ չի մոռանա»

Հետեւելով Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքին, մտաբերեցի մեր հանգուցեալ ընկերոջ՝ Վահան Յովհաննիսեանի խօսքերը։ Ամէն անգամ երբ իրականացնէինք աշխատանք մը, որ կը սատարէր Արցախի, Հայաստանի կամ Սփիւռքի տնտեսական վերելքին, պաշտպանական հզօրացման, քաղաքական-դիւանագիտական նուաճումին, Վահանը քնքուշ ժպիտով մը կ՚ըսէր, «Տղերք, հայրենիքը ձեզ չի մոռանայ։»

Հիմա, Հայաստանի քաղաքացին քուէարկեց։ Քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը կատարեց։ Պէտք է շնորհաւորել մեր բոլոր հայրենակիցներուն։

Հայրենի ժողովուրդի այս ընտրութենէն պիտի ըլլան յաղթողներ, նաեւ՝ պարտուողներ։ Պէտք է շնորհաւորել թէ՛ յաղթողներուն, թէ պարտուողներուն, որովհետեւ վերջաւորութեան յաղթանակը կը պատկանի հայրենիքին եւ հայրենի ժողովուրդին։

 Այս յաղթանակը պէտք է պատկանէր նաեւ Արցախին, Սփիւռքին եւ Հայ Դատին։ Դո՛ւք պէտք է ընէինք։

 Սակայն այդպէս չեղաւ։ Չըրիք, ցաւ ի սիրտ։ Քուէատուփին առջեւ մոռցաք, որ կը քուէարկէք համայն հայութեան համար՝ Արցախահային համար, Սփիւռքահային համար, Հայ Դատին համար։

 Ինչո՞ւ մոռցաք։

 Այս փոքր հողատարածքը, որ Հայաստան կը կոչենք, միթէ նաեւ անոնց հայրենիքը չէ՞։ Սփիւռքը, Արցախը եւ Հայ Դատը միթէ Հայաստանին չե՞ն պատկանիր։

 Դուք պէտք է ձեր քուէն տայիք նաեւ Արցախին, Սփիւռքին եւ Հայ Դատին համար։

 Բայց դուք մոռցաք։

 Հաւանաբար թաղապետն ու գիւղապետը ձեզ մոռցնել տուին։ Թէկուզ մենաշնորհային համակարգի պարտադրանքը ձեզ մոռցնել տուաւ։

 Բայց միեւնոյնն է, դուք մոռցաք։

Սակայն եւ այնպէս, Վահանը վկա՛յ, Արցախը, Սփիւռքը եւ Հայ Դատը ձեզ երբեք չեն մոռնար։ Անոնք ձեզ հետ են, ձեր մէջքին են՝ յաւիտեանս յաւիտենից, հոգ չէ թէ դուք այսօր պահ մը մոռցաք...։ 

Սեդօ Պոյաճեան, Լոս Անճելըս

Դեկտեմբեր 9, 2018