Փոխարժեքներ
04 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 399.59 |
EUR | ⚊ | € 420.17 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.75 |
GBP | ⚊ | £ 506 |
GEL | ⚊ | ₾ 139.96 |
ՆԻԿՈՍԻԱ («Արձագանգ» / ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան) – Կիպրոսի ընկերվարական ԷՏԷԿ կուսակցութեան հրաւէրով երկօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մարիօ Նալպանտեանը:
Մարտ 31-ի առաւօտեան ընկ. Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ հիւրընկալ ԷՏԷԿ կուսակցութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքագէտներու աւագ սերունդի կարկառուն ներկայացուցիչ Տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի հետ, որ խանդավառութեամբ յիշած է 1999-ին ՀՅԴ-ի հրաւէրով Հայաստան իր այցելութիւնը: Նոյն օրը ընկ. Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Եոաննիս Կասուլիտիսի հետ, ուր քննուեցան Հայաստանն ու Կիպրոսը յուզող զանազան հարցեր:
Նախարար Կասուլիտիս դարձեալ հաստատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը եւ յոյս յայտնեց, թէ անոնք հետզհետէ կը դառնան աւելի արդիւնաւոր: Տարածաշրջանային հարցերու կարգին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պարագան, երբ ընկ. Մարիօ Նալպանտեան նախարարի ուշադրութեան յանձնեց ծայրայեղականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած Քեսապի պարագան, ուր թրքական պետութեան մեղսակցութիւնը ակնյայտ է:
Ընկ. Մարիօ Նալպանտեան ապա ընդունուեցաւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան եւ ԵՏԷԿ կուսակցութեան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի կողմէ: Հանդիման ընթացքին քնուեցան Կիպրոս-Հայաստան խորհրդարանական կապերը, որոնք բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Խորհրդարանի նախագահը տեղեկութիւններ տուաւ կիպրական հարցի լուծման բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին, միեւնոյն ատեն յայտնելով իր մտահոգութիւնները որոշ զարգացումներու նկատմամբ:
Երկուստէք շեշտուեցաւ նաեւ ԷՏԷԿ-ՀՅԴ միջ-կուսակցական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալու եւ համագործակցութեան ծրագիրներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը: Կէսօրէ ետք ընկ. Մարիօ Նալպանտեան տեսակցութիւն ունեցաւ ԷՏԷԿ-ի կնոջական բաժնի պատասխանատուներուն հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի կազմին հետ, ուր քննարկուեցան երկու երկիրները յուզող տարածաշրջանային զանազան հարցեր եւ միջազգային քաղաքական զարգացումներ:
Այսօր՝ Ապրիլ 1-ին, ընկ. Մարիօ Նալպանտեան պիտի շարունակէ իր հանդիպումները: Երեկոյեան, այցելութեան պաշտօնական բաժնի աւարտին, ընկերը պիտի հիւրընկալուի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ, ուր ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի հրաւէրով տեղի պիտի ունենայ համայնքային հաւաք, առիթ ընծայելով որ ընկ. Մարիօ տեղեկութիւններ փոխանցէ հայաշխարհի անցուդարձերուն ու յատկապէս Քեսապի մասին ու պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն: