կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-08-10 17:23
Առանց Կատեգորիա

Սեւրի Դաշնագիրին 91-Ամեակին Առիթով

Սեւրի Դաշնագիրին 91-Ամեակին Առիթով

Սեւրի դաշնագիրին եւ յատկապէս անոր հիման վրայ կայացած նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին 90-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կատարեց շատ կարեւոր, նոյնիսկ աննախադէպ յայտարարութիւն: Նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ Սեւրի դաշնագիրին եւ ուիլսընեան վճիռին իրաւական եւ այժմէական նշանակութեան մասին: Այս յայտարարութիւնը համապատասխան արձագանգ չգտաւ հայկական լրատուական, քաղաքական եւ առհասարակ հասարակական դաշտերուն մէջ: Այս մէկը փաստօրէն հայոց պահանջատիրութեան պետականացումի համազօր արարք էր:

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահը, օրին, ի պատասխան «Սի. Էն. Էն. Թուրք»ի իրեն յղած հարցումին, թէ պաշտօնական Երեւանը հողային պահանջ ունի՞ Թուրքիայէն, կը յստակացնէր, որ Երեւանը այսօր  (ընդգծումը` մեզմէ) հողային հարց չ՛արծարծեր Թուրքիոյ նկատմամբ: Այս յայտարարութիւնը ի հարկէ հողային պահանջատիրութենէ հրաժարում չէր. այս բնականաբար կ՛ենթադրէր, որ Երեւանը վաղը կրնայ պաշտօնապէս արծարծել այդ հարցը: Աւելորդ է խօսիլ առաջին նախագահին այս ուղղութեամբ կատարած, աւելի ճիշդը` չկատարած յայտարարութեան մասին: Ըսել կ՛ուզուի այստեղ, որ իրօք, նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը աննախադէպ էր: Նոյնիսկ ծաղկաձորեան ելոյթը այս առումով համեմատաբար թոյլ էր եւ չէր բովանդակեր այն յստակութիւնը, որ նախագահ Սարգսեան կը բանաձեւէր իրաւարար վճիռի 90-ամեակին առիթով: Կարելի է յիշել նաեւ նախագահին ամերիկեան ուղեւորութեան ընթացքին նախագահ Ուիլսընի շիրիմին տուած այցելութիւնը, որ այս առումով  յստակ խորհուրդ ու պատգամ կը փոխանցէր ինչպէս ներազգային, այնպէս ալ արտաքին եւ յատկապէս Թուրքիոյ ուղղութիւններով:

Յստակ չեն այն պատճառները, թէ ինչո՞ւ նման զգայացունց յայտարարութեան մը դիմաց թրքական թէ՛ լրատուադաշտը եւ թէ՛ պետական աւագանին անարձագանգ մնացին, մինչ, ծաղկաձորեան ելոյթին նկատմամբ ցուցաբերեցին հիւանդագին հակազդեցութիւններու շղթայ մը: Յստակը այն է, որ առաջին պարագային մէջբերուած էր աշխարհաքաղաքական կարեւոր ուժի մը օրուան նախագահին տնօրինումը եւ լոյսին բերուած անոր իրաւական այժմէականութիւնը: Նախընտրելի էր հաւանաբար լուռ մնալ իրաւական դաշնագիրի մը վերյիշեցման դիմաց, մինչ աղմկարարութիւն սարքել ելոյթի մը աղաւաղուած լրատուութեան  առիթով: Այլապէս, երկու պարագաներն ալ, իրենց բովանդակային տարբերութիւններով հանդերձ, յստակօրէն կը վերաբերէին հայոց համազգային պահանջատիրութեան հիմնախնդիրին:

Երկար ատեն համազգային եւ պետական մակարդակներու վրայ Սեւրի դաշնագիրը աննկատ մնալէ ետք, լոյսին բերուեցաւ միջազգային իրաւագիտութեան փորձագէտներու կողմէ եւ տակաւ վերստին մուտք գործեց հայ քաղաքական մտածողութեան օգտագործած քաղաքական եզրաբանութիւններուն մէջ: Բարձրակէտը այս ընթացքին եղաւ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը: Երեւանը բարձրագոյն մակարդակով կը բարձրաձայնէր դաշնագիրին եւ վճիռին այժմէականութեան ու ներկայացուցած իրաւական նշանակութեան մասին:

Նուաճուած այս բարձրակէտէն ետք սակայն, Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններուն տակ հայկական ստորագրութիւն թողելը քաղաքական տրամաբանութեան հետ աղերս չունի: Այդ արձանագրութիւններուն մէջ Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընի վճիռին ոչ միայն հակասող բաժիններ կան, այլ նաեւ այդ նախանիշերն ու սկզբունքները հարուածող, ջրող, չէզոքացնող սկզբունքային կէտեր:

Սեւրի դաշնագիրին եւ իրաւարար վճիռին վերաբերեալ նախագահի յայտարարութեան բովանդակային ուղենիշերուն ընդառաջ` Երեւանը անյապաղ պէտք է վերցնէ իր ստորագրութիւնը Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններէն:

Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր