Փոխարժեքներ
26 09 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 382.71 |
EUR | ⚊ | € 446.43 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.5866 |
GBP | ⚊ | £ 510.8 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.38 |
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը կ՚ողջունէ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի 24 Սեպտեմբեր 2025-ի նիստի որոշումը, որ «Կովերու Պարտէզ (Հայոց Պարտէզ)»ի վարձակալութեան հարցով 2021 թուականին ստորագրուած պայմանագիրը կը հռչակէ «անօրինական, հակականոնական եւ անվաւեր» եւ կը մերժէ «հաշտարարի միջոցով ձեռք բերուածը Յաւելուածը (Addendum) եւ Կարգաւորման Համաձայնագիրը»։ Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը նաեւ որոշած է «հետապնդե[լ] չեղարկման դատական հայցն ընդդէմ 'Զանա Կարտընս' ընկերութեան»։
Իր այս որոշումներով Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը եւ իրաւական պարտաւորութիւնը՝ Երուսաղէմի հայապատկան հողերը տնօրինելու յօգուտ հայ համայնքին։
Կը կրկնենք, թէ հարցին կարգաւորումը պէտք է կատարուի բացառաբար տեղական եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ՝ առանց ուժ կիրառելու կամ ուժ կիրառելու սպառնալիքի։ Երուսաղէմի մէջ հայկական իրաւունքներու հարցը կը վերաբերի համայն հայութեան, հետեւաբար՝ այդ իրաւունքները ոտնահարելու որեւէ փորձ՝ ենթակայ է համայն հայութեան համարժէք վերաբերմունքին։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը կը շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ գործակցաբար Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին՝ զօրավիգ կանգնիլ Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ Հայոց պատրիարքութեան՝ պաշտպանելու իրենց հազարամեայ իրաւունքները։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
26 Սեպտեմբեր 2025