կարևոր
754 դիտում, 2 շաբաթ առաջ - 2024-11-07 20:52
Աշխարհ

Բեյրութում հայ քաղաքական կուսակցությունները քննարկել են երկրի իրավիճակն ու համայնքային խնդիրները

Բեյրութում հայ քաղաքական կուսակցությունները քննարկել են երկրի իրավիճակն ու համայնքային խնդիրները

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումները կը շարունակուին։ Միջկուսակցական նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։

Ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները, իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն անմիջական ու երկարաշունչ հետեւանքները։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերաշեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ներլիբանանեան մակարդակի վրայ հեռու մնալու ծայրայեղական կեցուածքներէ եւ ներքին համերաշխութեան պահպանման առումով անհրաժեշտ ճիգերը շարունակելու։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները քննարկեցին երկրին մէջ տիրող իրավիճակը։ Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձան հայահոծ թաղամասերու շրջակայքը հաստատուած գաղթականներու վիճակն ու անոնց տրամադրուող օժանդակութիւնները։ Յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, միութենական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու տարած համակարգուած աշխատանքներուն՝ շեշտելով անոնց կազմակերպուածութիւնը նման ճգնաժամային պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ աշխատելու տեսակէտէն։

Ժողովի աւարտին հայ քաղաքական կուսակցութիւնները անդրադարձան Ազրպէյճանի մէջ գումարուելիք ՔՈՓ-29 միջազգային վեհաժողովին՝ հաստատելով, որ Ազրպէյճան բարոյական եւ իրաւական առումով իրաւունք պէտք չէ ունենար նման տարողութեամբ համաժողով մը հիւրընկալելու։ Այս առումով ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին բարձրացնել Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ցեղային զտումի, բռնի տեղահանման հարցերը եւ՝ Արցախի ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնման համար միջազգային ընտանիքին դիրքորոշման ապահովումը։