Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ ազգային֊ազատագրական շարժման ռահվիրա, մեծագույն գաղափարաբան, ՀՅ Դաշնակցության հիմնադիրներից Քրիստափոր Միքայելյանի հիշատակի օրվա կապակցությամբ Yerkir.am-ը վերահրապարակում է «Քրիստափորի հարատեւ ներկայությունը» հոդվածը։
Գողթն գաւառը։ Հայութեան ըմբոստ ոգիի խանձարուրը։ Հայ քաջերու օրրանը։ Հոն, վերին Ագուլիս գիւղին մէջ, 160 տար առաջ, Հոկտեմբեր 18, 1859ին, ծնաւ հայ մը, որուն վիճակուեցաւ յեղաշրջել դարերով հալածուած հայ ժողովուրդին կամքն ու վճռականութիւնը։ Երբ վեց դարեր Գողթնի քնարները լռած էին, մեր հին երգը կը լսուեր տակաւին – «Երկնից թող գան անմահ հոգիք, հայոց քաջեր պսակել»։ Անմահ հոգիները Գողթնի քնարներով պսակեցին հայ քաջ մը, որ վառեց Հայկական Յեղափոխութեան կրակը՝ յանուն հայրենիքի ազատութեան։
Այդ քաջն էր՝ Քրիստափոր Միքայէլեան։
Քրիստափոր եղաւ հայ մարդը խիզախեցնող մարդակերտը։ Ան եղաւ հայ մարդը յանդգնեցնող յեղափոխականակերտը։ Ան եղաւ Հայկական Յեղափոխութեան ոգին, կամքը եւ միտքը։ Ան դարբնեց կռիւին յարատեւութիւնը, որպէսզի ազատագրուի հայկական լեռնաշխարհը։ Ան պատռեց հայութիւնը բաժանող քարտէսները, որպէսզի ամբողջացուի հայրենիքը եւ միացուի հայութիւնը։։ Ան պատգամեց, «Պատռել է հարկաւոր քարտէզների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»:
Ան ճգնեցաւ պատրաստել մեր ժողովուրդը յեղափոխական վճռականութեամբ եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ, երբ քաղաքական ստահակներ ճիգ չէին խնայեր ժողովուրդին առողջ միտքը ապականելու ամբոխային տրամաբանութեամբ։
Ամբոխային տրամաբանութեան վարպետները կը մեղադրէին մեր ազատագրական պայքարը իբրեւ պատճառ՝ հայութեան դէմ սուլթանական կոտորածներուն։ Անոնց կը պակսէր քաղաքական տրամաբանութիւնը տեսնելու, թէ կոտորածները երկար ժամանակէ կը գործադրուէին, երբ տակաւին չկար հայկական ազատագրական պայքարը։ Հետեւաբար ու պարզօրէն, կոտորածները հիմնական պատճառն էին հայկական յեղափոխութեան եւ ոչ թէ հակառակը։
Այսօր եւս կը շարունակէ քաղաքական տրամաբանութեան բախումը ամբոխային տրամաբանութեան դէմ։
Այսօր, ամբոխային տրամաբանութեան նոր վարպետները կը մեղադրեն մեր ազգային առաքինութիւնները – մեր արժէքները, հայրենասիրութիւնը, հայութիւնն ու Հայաստանը ամեն բանէ վեր դասելու յանձնառութիւնը – իբրեւ հիմնական պատճառ մեր ներկայ կացութեան։ Բայց մեր ներկայ կացութիւնը եւ անոր վատթարացող ընթացքը սկսաւ այն պահուն, երբ ամբոխային տրամաբանութեան վարպետները սակարկութեան դրին մեր ազգային առաքինութիւնները։ Եւ այդ սկսաւ 1921-ին պոլշեւիկեան բռնատիրութեամբ ու կը շարունակուի վերանկախացած հայրենիքի մենատիրութեամբ ախտաւորուած յաջորդական իշխանաւորներով։
Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ամբոխային տրամաբանութեան վարպետները այդ միեւնոյն քաղաքական ստահակներն են, որոնց պատուէրները կը ներածուին օտարածին աղբիւրներէ։
Քրիստափոր լաւապէս ճանչցած էր այս ստահակներու տեսակը՝ ըլլան անոնք անցեալէն եկող թէ ներկայէն բխող։
Արարքի մը, դէպքի մը, երեւոյթի մը, կամ կացութեան մը գոյութիւնն ու զարգացումը ունին հիմնական պատճառներ։ Այս ըմբռնումն է որ մեզի կը պարտադրէ Քրիստափորեան քաղաքական տրամաբանութիւնը։ Ամբոխային տրամաբանութիւնը պարզապէս կ՚ապաւինի անցողակի «առիթներու» եւ «պատրուակներու»՝ ծածկելու համար այդ տրամաբանութիւնը մեր ժողովուրդին մէջ սրսկող ստահակներուն վարձկանութիւնը։
Քրիստափորի քաղաքական տրամաբանութեան.մեկնակէտը յստակ է-
«1- Երբ կան հիմնական պատճառներ ո՛եւէ երեւոյթի առաջ գալու համար – առանց ակներեւ «առիթի» էլ երեւոյթը զարգանում է:
2- Երբ չկան հիմնական պատճառներ – նոյնիսկ խոշոր դէպքերն էլ «առիթի» նշանակութիւն չեն ստանում:
3- Երբ կան հիմնական պատճառներ – հարկաւոր դէպքում «առիթ» կամ «պատրւակ» երբեք չի պակասիլ:
4- Երբ կան հիմնական պատճառներ – դրանց դէմ կռւող բոլոր միջոցները ոչ միայն վնասակար չեն կարող լինել, այլեւ միանգամայն անհրաժեշտ հակակշիռ պիտի համարւեն:»
Հետեւաբար, պէտք է կատարել ճիշդ ընտրութիւնը քաղաքական տրամաբանութեան եւ ամբոխային տրամաբանութեան միջեւ։ Երկրորդը օտարածին աղբիւրներէ ջուր խմող քաղաքական ստահակներուն կը պատկանի։ Առաջինը մեր ազգային առաքինութիւններուն պատուանդանն է։
Քրիստափորի համար ամբոխային տրամաբանութեան վերացումը պարտադրանքն է մեր ազգային իրավիճակին։ Հետեւաբար, պէտք է ազգովին ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ.-
«Եթէ մարդիկ ուզում են ձեզ հաւատացնել՝ թէ իրենք «ուրիշ համոզմունքներ են դաւանում» այն ժամանակ, երբ ոչինչ չեն անում ոչ մի տեսակ համոզմունքների համաձայն կամ յանուն «գերագոյն շահերի միայն թունաւորում են հասարակական կարծիքը եւ կամ օր ու գիշեր օդը յանուն բանուորական «յաւելեալ աշխատանքի», բայց մնում են ստոյիկեան սառնասիրտներ մի ամբողջ ժողովրդի «յաւելեալ արեան» դիմաց։»։
Քրիստափոր գործեց իր պատգամին համաձայն։ Իր խօսքը զուգորդեց գործին՝ իր անձին օրինակով։ Մեր ազատագրական պայքարը վճռական հանգրուանի հասցնելու նպատակով, 1904ի Հ.Յ.Դ. Երրորդ Ընդհանուր Ժողովին Քրիստափոր առաջադրեց Սուլթան Ապտիւլ Համիտի վերացումը։ Ժողովը որոշեց։ Ան նաեւ պահանջեց անձնապէս գործադրել ծրագիրը։ Ժողովը ընդառաջեց։ Այսպէս էր ու է՛ Դաշնակցութիւնը։ Անոր առաջնորդները թէ՛ ղեկավարներ են եւ թէ պարզ զինուորներ։
Քրիստափոր չէր կրնար բացառութիւն ըլլալ, իսկ Դաշնակցութիւնը չէր կրնար բացառութիւն ընել Քրիստափորին, հոգ չէ թէ ան գլխադիր առաջնորդն էր կուսակցութեան։ Քրիստափորը նաեւ յեղափոխական զինուորն էր։ Նոյնիսկ իբրեւ առաջնորդ, ան պատրաստ էր կատարելու գերագոյն զոհաբերումը՝ Հայաստանի համար, հայութեան համար։
Սուլթանի սպանութեան ծրագրին համաձայն, ան լծուեցաւ գործածուելիք ռումբի պատրաստութեան՝ Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան շրջանին մէջ։ Ռումբի փորձի մէկ դժբախտ պահուն՝ պայթիւնէն նահատակուեցան 46-ամեայ Քրիստափոր եւ իր ընկերակիցը՝ Վռամշապուհ Քէնտիրեան։
Իր գործով եւ օրինակով Քրիստափոր մեր ժողովուրդին կտակեց ազգային ազատագրական պայքարի գերագոյն զոհաբերութեան յեղափոխական աւանդը, որուն կառչած կը մնայ մեր ժողովուրդը սերունդ առ սերունդ՝ մինչեւ մեր հայրենական հողերու ամբողջական եւ վերջնական ազատագրումը։
Ա՚յս աւանդը մենք կը պարտինք Քրիստափորի յարատեւ ներկայութեան, որ պիտի շարունակէ մեր բոլորին յուշել.- ։
«Յարատեւ կռիւ,- ահա թէ ուր է մեր փրկութեան բանալին…չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով…», որովհետեւ «ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից, եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում»:
Գողթնի քնարները ալ չեն լռած։ Անմահ հոգիները միշտ պիտի իջնեն վար՝ օծելու համար հայ քաջերը Վարդանանցէն մինչեւ Պանք Օթոման, Սարդարապատ, Լիզպոն եւ Արցախ…։
Գողթնի քնարները պիտի չլռեն, որովհետեւ Քրիստափորի ներկայութիւնը յարատեւ է։
ՍԵԴՈ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Լոս անճելըս