Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նոր տարուան նախօրեակ է ու ամէնուրեք նախապատրաստական աշխատանքներու տենդ կայ: Օրացուցային պարզ փոփոխութիւն մըն է Ամանորը, տարեթիւի մը փոխարինումը այլ տարեթիւով մը. կէս գիշերային այդ փոփոխութիւնը, տարբեր ցամաքամասերու վրայ, նոյնիսկ տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր ժամերու զուգադիպող այդ դէպքը տօնի վերածուած է, կամայականօրէն, մարդոց կողմէ: Իրականութեան մէջ, փոփոխութեան այդ ժամերուն ոչինչ պիտի պատահի. երկիր մոլորակը առանց երկվայրկեան մը իսկ դանդաղելու պիտի շարունակէ պտոյտ գործել արեւուն շուրջ, նոյն կշռոյթով, անփոփոխ նոյն արագութեամբ:
Երբ Նոր տարուան կէս գիշերին զիրար կը շնորհաւորենք ու բարի մաղթանքներ կը կատարենք, իրականութեան մէջ մեր ու մեր մերձաւորներու կեանքերէն կ՛ուզենք հեռացած տեսնել վատը, ժխտականը, անորոշն ու ձախողումը եւ ակնկալել, որ անոնք փոխարինուին լաւով, դրականով, որոշակիով ու յաջողութեամբ: Որքան ալ կեանքի երեւոյթներուն սովոր ըլլանք հետեւելու առարկայականօրէն, ենթակայական յոյս մը, անորոշ ու չբանաձեւուած բաղձանք մը կը պարուրէ մեր բանականութիւնը:
Նոր տարիէն ետք, աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Անձնապէս իւրաքանչիւրիս համար, բայց նաեւ մեր համայնքին համար, մեր ազգին համար, Հայաստանի համար, Արցախի համար, մեր հայրենիքին համար:
Այո՛, մեր հայրենիքին համար: Մաղթենք, որ հինը վանելով նորին պիտի ձգտին մեր որբացած հայրենիքին ղեկավարները: Պիտի դադրին շփոթելէ հայրենիք եւ պետութիւն, պետութիւն եւ վարչաձեւ, վարչաձեւ եւ իշխանութիւն: Ժամանակի պայմաններու պահանջով, այժմեան Հայաստան պետութեան պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն կը վայելէ, բայց կարելի չէ անտեսել, որ ներկայ պետութիւնը մեր ամբողջական հայրենիքը չէ. հայրենիք է նաեւ Արցախը, Կարինը, Վանը, Մուշը եւ մասամբ նորին: Ամանորեան սրտագին մաղթանք, որ այս մոլորութիւնը սրբագրուի:
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը պնդեն, որ վերջ գտած է նոր սերունդները պայքարի ու յաղթանակի թեմաներով կրթելու սովորութիւնը: «Խաղաղութեան խաչմերուկի» խաչակիրները կ՛ուզեն, որ պատանիներն ու երիտասարդները չսնանին իրենց խրոխտ նախահայրերու հպարտառիթ խիզախումներով, այլ հեզ ու խոնարհ` ձգտին միայն դառնալու տուրքեր եւ հարկեր վճարող շարքային քաղաքացիներ: Ասիկա իրականացնելու համար, սկսած են փոխել հայոց պատմութեան դասագիրքերու պարունակութիւնը, սկսելով 7-րդ դասարանէն: Յուսատու ու դրական երեւոյթ մը. պատմաբաններու, ուսուցիչներու եւ մասնագէտներու դիտողութիւններուն արձագանգելով, խոստացուած է սրբագրել թերութիւնները: Մաղթենք, որ դիտողութիւններ լսելու, քննադատութիւնները հաշուի առնելու ժողովրդավարական գործելաձեւը սովորական դառնայ եւ կիրարկուի հանրային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Ժողովրդավարութիւններու ամենահիմնական ստորոգելիներէն մէկը կը հանդիսանայ ընդդիմութեան գոյութիւնը: Ժողովուրդը իշխանութիւն կ՛ընտրէ, բայց նաեւ ընդդիմութիւն կ՛ընտրէ: Ընդդիմութիւնը ոչ թէ հանդուրժուող կառոյց է, այլ պետական մեքենայի անհրաժեշտ շարժիչներէն մէկը: Ընդդիմութիւնը կարելի չէ մերժել, կարելի չէ հարածել, կարելի չէ չլսել: Հայկական հանրային կեանքի որոշ հատուածի մը համար, իշխանութեան արարքներու քննադատութիւնը կը նոյնացուի… պետութեան մերժումին հետ: Սա ծանրագոյն հերետիկոսութիւն է ժողովրդավարութեան նկատմամբ: Մաղթենք, որ հայկական լրատուական միջավայրը պայծառանայ ու ընդդիմութեան նկատմամբ վերաբերումը ժողովրդավարանայ:
Մաղթանքներու շարքը կրնանք շատ երկարել: Բաղձանքը ձրի կը բաշխուի բոլորին: Կարեւոր է, տարեվերջի այս խոհերուն առիթով անդրադառնալ, որ անցնող տարիներու կորուստները պէտք չէ վերջնականանան, որ ձախողումները պէտք չէ յաջողութիւն համարուին: Խաղաղութիւնը բնականաբար ցանկալի է, ու Նոր տարուան առիթով ամէն բանէ առաջ խաղաղութիւն կը մաղթենք: Սակայն առանց արդարութեան խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, խաղաղութիւնը արժանապատիւ պէտք է ըլլայ: Մաղթենք արժանապատիւ խաղաղութիւն հայոց աշխարհին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ