կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-21 13:47
Քաղաքական

Այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագիր» եւ մասամբ նորին

Այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագիր» եւ մասամբ նորին

Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, անցնող երեսուն տարիներուն, ամէն անգամ, որ հայ-թրքական այսպէս կոչուած յարաբերութիւններուն մէջ Հայկական կողմը (իմա՛ օրուան իշխանութիւնը) որեւէ տկարութիւն ցուցաբերէ, միջազգային ընտանիքը անմիջապէս կ՛անցնի իր քաղաքական վարքագիծի դասական մարտավարութեան՝ շեփորահարել, մղել, քաջալերել, ի հարկին պարտադրել ու աջակցիլ, երբեմն նոյնիսկ ուղղակի հովանաւորել սոյն գործընթացը:

Նախորդ բոլոր իշխանութիւնները եւ նախագահները՝ ԼՏՊ, ՌՔ, ՍՍ բախած են այս փորձաքարին, առաւել կամ նուազ չափով, ոմանք՝ կամովին, հաւատալով թեզին, ոմանք հարկադրաբար, տեղի տալով միջազգային ճնշումին:

Այսօր, սակայն, ամէն առումով հայավնաս այդ գործընթացը նախորդներէն շատ աւելի գործնական ու մահացու փուլի մէջ է: Ինչու՞: Պարզ է: Որովհետեւ պատերազմ պարտուած, արտաքին թէ ներքին ճակատի վրայ բարոյալքուած ապազգային ներկայ իշխանութիւնը կամովին կլանուած է այդ գործընթացով: Միջազգային ընտանիքին համար բնականաբար ձեռնտու է հայկական կողմի այս թուլամորթ, անձնատուր, դասալիք խայտառակ վիճակը: Անոնք արդէն առանց բառերը ծամծմելու մեզի կը թելադրեն ճանչնալ Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը», սպառնալով, որ այլապէս վտանգը այսուհետեւ ոչ միայն Արցախին է, այլ նաեւ Հայաստանին:

Այս կացութեան մէջ թուրք-ազերի թշնամին յաղթական է առայժմ եւ միակ պարտեալը մենք ենք, մանաւանդ որ պաշտօնական Երեւանը մէկ կողմէ տարբեր առիթներով բացայայտօրէն թեր կ՛արտայայտուի Ատրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան», անհաշիւ ու անհարկի կը ճառէ սահմանագծման ու սահմանազատման մասին, միւս կողմէ սահմանի ու միջանցքներու բացման օրակարգով ջերմ սիրաբանութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ հետ: Եւ այս բոլորը՝ խաղաղասիրութեան կեղծ պիտակին տակ, խաղաղութիւն ապահովելու պատրուակով: Բայց փաշինեանական քարոզուող հեքիաթային «խաղաղութեան» արդիւնքը չճաշակեցի՞նք արդէն. պատերազմ, հողային կորուստ, հազարաւոր զոհ, գերիներ, կազմաքանդ բանակ, քայքայուած տնտեսութիւն, պառակտուած ազգ …

Իրերու այս դրութեան մէջ է նաեւ, որ գլխաւոր դաւաճանը յամառօրէն տակաւին կը շարունակէ գովերգել թշնամիին հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու կամ կնքելու «անհրաժեշտութեան» մասին, ստապատիր, աժան, նենգ ու դարանակալ իր քարոզչութեամբ առաւել մոլորեցնելով արդէն իսկ մոլորեալ իր հետեւորդները:

***
Սակայն զգուշ, շա՜տ զգուշ եւ ուշադիր պարտին ըլլալ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խաղալ այս վտանգաւոր խաղը, որովհետեւ խորքին մէջ կրակի հետ է, որ կը խաղան, առ այդ կրնան հրկիզուիլ:

Ժողովուրդներու պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ կեղծ, շինծու ու մանաւանդ արտաքին աշխարհէն թելադրուած կամ պարտադրուած խաղաղութեան պայմանագիրները չեն յանգած դրական արդիւնքի: Ընդհակառակն, անոնք ունեցած են ցաւոտ վախճան: Վերջին յիսնամեակին այդ առումով կան բարացուցական օրինակներ: Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթ, միջազգային ընտանիքի մղումով եւ հակառակ սեփական ժողովուրդի կամքին, խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրեց Իսրայելի հետ, որուն հետեւանքը եղաւ իր սպանութիւնը: Արիւնալի նոյն վախճանը ունեցաւ նաեւ Իսրայելի վարչապետ Իցհաք Ռապին, որ առանց իր ժողովուրդի կանաչ լոյսին՝ կը պատրաստուէր խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել պաղեստինցիներուն հետ:

Փաստ է ուրեմն, որ իրարու հետ հողային հարց, ազգային դատ, իրաւունքի խնդիր ունեցող ժողովուրդներու պետութեանց ներկայացուցիչները վերջին հաշուով խաղաղութեան պայմանագիր կրնան ստորագրել միայն այն ատեն, երբ տուեալ երկու ժողովուրդները հաւասարապէս համաձայն կ՛ըլլան իրարու հետ ունենալ բարի դրացիական յարաբերութիւններ, այլապէս որեւէ ձեւի պայմանագիր, նոյնիսկ՝ կնքուած, կը մնայ ճերմակ թուղթի վրայ սեւով գրուած շարադրութիւն պարզապէս:
Այո, կան նաեւ յաջողած պարագաներ, ինչպէս՝ նախկին Չեխոսլովաքիոյ օրինակը, երբ Պաղ Պատերազմի աւարտէն ետք Չեխիա եւ Սլովաքիա իրարհասկացողութեամբ, փոխըմբռնումով ու իմաստութեամբ բաժնուեցան իրարմէ եւ կնքեցին խաղաղութեան պայմանագիր, պարզապէս որովհետեւ երկու ժողովուրդները հաւասարապէս համաձայն էին սրբագրելու իրենց նկատմամբ նախապէս կատարուած պատմական միջազգային անարդարութիւնը եւ պատրաստ էին համերաշխօրէն միասին ապրելու կողք-կողքի իբրեւ բարեկամ ու հարեւան երկիրներ: Եւ յաջողեցան:

Ինչ կը վերաբերի մեզի, հայութեան, ապա հարցը յստակ է ու մեկին: Միջազգային ընտանիքը թէ ներքին դաւաճաններ, ապազգային տզրուկներ, մոլորեալներ ու միամիտ տխմարներ լաւ պիտի իմանան, որ թուրքին հետ խաղաղութեան պայմանագիր կարելի է ստորագրել միայն այն ատեն, երբ ան առաջին հերթին կ‘ընդունի իր գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ ապա պատրաստակամութիւնկը յայտնէ հատուցելու հայ ժողովուրդի հողային, նիւթական եւ բարոյական բոլոր իրաւունքները, այնպէս ինչպէս իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ունեցաւ եւ ըրաւ Գերմանիան՝ հրեաներու նկատմամբ: Սակայն Թուրքիա առայժմ ոչ միայն հեռու է այդ քայլէն, այլեւ ազերի եղբօր հետ միասին ոգի ի բռին կը շարունակէ վարել փանթուրանական հայակուլ իր միեւնոյն քաղաքականութիւնը, հետեւաբար ան կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան թշնամին:

Եւ անգամ մը եւս ընդգծենք այստեղ, կրկնելու գնով, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, խաղաղութեան, հաշտութեան, բարի դրացնութեան պայմանագիրի կնքման որեւէ որոշում քաղաքական որեւէ ուժ կամ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւունքը չունի առանձին տալու, որովհետեւ այս թղթածրարը համազգային էական եւ բարդ խնդիր է, հետեւաբար կը կարօտի համազգային համախոհութեան ու համաձայնութեան, համազգային որոշումի: Այս օրակարգով այլ տարբերակ ու այլակարծութիւն ընդունելի չի կրնար ըլլալ ընդհանրապէս հայ քաղաքական մտածողութեան ու հա՛յ մարդուն համար:

Հրաչ Վարժապետեան
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ