Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի տեղի ունեցաւ Արգախեան վերջին պատերազմին նահատակուած բոլոր հերոսներուն եւ ի մասնաւորի Հալէպահայ երեք կամաւոր հերոսներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մովսէս (Մոսիկ) ՍԷքլեմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի Շուշիի մէջ նահատակութեան քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութիւնը:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Նահատակ Մոսիկ Սէքլեմեանի ծնողքն ու հարազատները ցաւակցութիւններ ընդունեցին ապա որպէս յարգանքի եւ մեծարանքի խորհրդանշական արտայայտութիւն տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վիեննայի Մէկուսի Շրջանի ակումբի սրահին պաշտօնական անուանակոչման արարողութիւնը: Սրահը կոչուեցաւ՝ «Մոսիկ Սէքլէմեան»:
Նահատակի ծնողքին՝ Տիկին Լուսին Սէքլեմեանի Տէր Արթինեանի, Նահատակի Քրոջ Արմիկ Մելքոնեան-Սէքլեմեանի կողքին, արահի անուանակոչութեան արարողութեան ներկայ էին Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Տիրան Եպս. Պետրոսեանը, Աւստրիոյ մէջ ՀՀ.-ի Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Արման Պապիկեան, Վիեննայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Անտէրիաս Քհն. Իսախանյան, Դեսպանատան Խորհրդական Տիար Ստեփան Պաղտասարեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վիեննայի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչը եւ շարք մը սկաուտներ:
Բացման արարողութեան յաջորդեց մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութիւն յարգելու յիշատակը Արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Ապա արարողավար եղբ. Յակոբ Սահակեանը յաջորդաբար հրաւիրեց եղբ. Ճորճ Իսկէնտէրեանը Համօ Սահեանի «Ինծ Բացակաա Չդնէք» բանաստեղծութիւնը ասմունքելու եւ Ատրիանա Թաշճեանը Ջութակի վրայ «Ատանայի Ողբ»ն ու «Կռունկը» նուագելու: Ապա եղբ. Սահակեան ընթերցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան յղած ցաւակցագիրը եւ բեմ հրաւիրեց Հ.3.Դ. Կեդրոնական Եւրոպայի Ներկայացուցիչ Ընկ. Գէորգ Յակոբճեանը փոխանցելու օրուան դամբանականն ու ուղերձը: Ընկ. Յակոբճեանը իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց նահատակ Մոսիկ Սէքլեմեանի կենսագրական գիծերը, մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, մասնագիտութիւնը, նկարագրային գիծերը, ինչպէս նաեւ Սուրիական պատերազմի օրերուն անոր տարած աշխատանքները եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր ընկերներուն հետ ստանցնած պատասխանատու պարտականութիւններն ու նահատակութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ երեք կետերու անդրադարձաւ՝ ա. Սուգի որ կը վերաբերէր հազարաւոր նահատակներուն, վիրաւորներուն, հայրենազրկումին ու կորուստներուն պատճառած ցաւին, վիշտին ու ողբերգութեան. Բ. Հպարտութեան զգացումներուն ի դիմաց Մոսիկի, իր ընկերներուն եւ հազարաոր հերոսներու գիտակցուած զոհողութեան եւ սխրագործութիւններուն ու անոնց հերոասծին մայրերու տեսակին. Գ. Պարտաւրութիւններու, որոնք կը կեդրոնանային դասեր քաղելու Մոսիկին ու բոլո՛ր նահատակներուն սխրագործութիւններէն, յարգելու անոնց յիշատակը, չքաղաքականացնելու ու չչարաշահելու անոնց նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ վճռականօրէն շարունակելու իրենց կէս ձգած ճանապարհը առանց յուսահատելու եւ ընկճուելու: Ան խօսքը սրահին մէջ գտնուող սկաուտներուն ուղղելով յորթորեց անոնց որ «Եւրոպայի հանգստաւէտ ու համեմատաբար խաղաղ պայմաններուն մէջ ապրելով չհեռանան ազգային կեանքէ, չհեռանան հայութենէ, չհեռանան այս ակումբէն, այս շէնքէն ու այս եկեղեցիէն, տէր ու պաշտպան կանգնին մեր ազգային արժէքներուն, հայ եկեղեցւոյ, մեր ազգային մշակութեային ու հոգեմտաւոր ժառանգութեան եւ ամէնէն կարեւորը անշահախնդրօրէն ծառայել մեր ժողովուրդին ու պետականութեան ու երբ ահազանգը անգամ մը եւս հնչէ Մոսիկին նման պատրա՛ստ ըլլան իրենց գերագոյնը զոհաբերելու: Մեր պետականութեան համար տագնապալի ու ծանր այս օրերուն, իւրաքանչիւրս անխտիր գործ ունինք կատարելիք՝ քաղաքական, քարոզչական, մարդասիրական ու ընկերային մակարդակներու վրայ: Ամէն անգամ որ Մոսիկին հայեցի ու խրոխտ աչքերուն կը նայիք, իրմէ ստացէք քաջութիւն, անկոտրուն կամք, զոհողութեան եւ ծառայասիրութեան ոգի: Ամէն անգամ որ իր աչքերուն կը նայիք, քիչ մը աւելի մարդասէր, ազգասէր ու հայրենասէր դարձէք: Ընկ. Յակոբճեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ «Մոսիկն ու իր նման հազարները մեր կողքին չեն այսօր, անոնք միացան պատմութեան ընթացքին հայութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսներու աստղաբոյլին ու իւրաքաչիւրը այսօր որպէս մէկական փայլուն աստղ, խաւարին մէջ կը լուսաւորէ մեր հոգիներն ու մեր ճանապարհը: Իրենք վերէն, երկնային բարձրունքներէն կը գծեն ու կը լուսաւորեն արդարութեան ճիշդ ուղին, որ Շուշիի արահետներէն կ՛անցնի: Իրենց գծած ճամբայէն պիտի տողանցենք ու իրենց լոյսով ու փայլքով պիտի առաջնորդուինք խաւարէն դէպի լոյս, պարտութենէն դէպի յաղթանակ ու կայուն խաղաղութիւն»:
Խօսք առաւ նաեւ Աւստրիոյ Մէջ ՀՀ.-ի Դեսպան Պապիկեանը, որ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելէ ետք, վեր առաւ նահատակի զոհողութեան ոգին, դրուատեց նահատակներու մայրերուն ունեցած դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ թէ օրուայ խորհուրդը կը թելադրէ յիշել, հպարտանալ ու պատրաստուիլ, որովհետեւ պայքարը դեռ չէ աւարատծ ու պէտք է բոլորս պատրաստուիլ: Ան հաստատեց որ Մոսիկին ու մնացեալ հերոսներուն նահատակութիւնը ի զուր չէր, այլ կը նպատակադրէր հայ ժողովուրդի ու պետականութեան գոյերթին ու յաւերժութեան ամրագրումին: Ան շեշտեց, որ պայքարը կը շարունակուի եւ իւրաքանչիւրս գործ ունի կատարելիք յանուն հայրենիքի ու մեր ժողովուրդին:
Բացման արարողութեան աւարտին Նահատակին նկարը զետեղուցաւ սրահին ճակատը ստեղծելով յուզումնախառն մթնոլորտ մը: Գերշ. Տ. Տիրան Պետրոսեանը եւս ցաւակցեցաւ նահատակին մօր ու հաստատեց որ Եռաբլուրը Հայութեան համար սրբութիւն սրբոց է եւ հպարտութիւն է, որ այսօր Մոսիկը Եռաբլուրի մէջ կը հանգչին Մոսիկն ու իր ընկերները: Ան ըսաւ թէ, Մոսիկի ու իր նմաններուն նահատակութեան սիրոյն այսօր Հայ Ժողովուրդը նոր Հերոսներ ունի:
Սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք, ներկաները ՀՀ. Հանրապետութեան օրհներք «Մեր Հայրենիքի»ի երգեցողութեամբ փակեցին արարողութիւնը:
Յաւերժ փառք ու պատիւ Արցախեան մեր բոլոր նահատակներուն: