կարևոր
5767 դիտում, 7 ամիս առաջ - 2024-04-18 12:19
Հասարակություն

Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ – Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի տարեկան սեմինարը

Տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ – Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի տարեկան սեմինարը

Անցնող շաբաթավերջին «Kinkora» բանակավայրէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Մոնթրէալի «Լեւոն Շանթ» եւ Լաւալի «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու տարեկան սեմինարը, որուն ընթացքին երիտասարդականի անդամներուն մատուցուեցաւ հայեցի կրթութեան եւ քաղաքական դաստիարակութեան յատուկ ծրագիր:

Սոյն սեմինարի դաստիարակչական ծրագրին մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան 50 երիտասարդներ, որոնք հնարաւորութիւնը ունեցան լսելու փորձառու դասախօսներէ՝ ազգային ու յեղափոխական նիւթերու վերաբերող զանազան դասախօսութիւններ՝ ամրապնդելով սեմինարին ընդհանուր թեման՝ Զինեալ ազատագրական պայքար։ Մասնակից երիտասարդները հայաշունչ ու ընկերային մթնոլորտի մը մէջ մասնակցեցան դաստիարակչական հարց-պատասխանի մրցումներու, խաղերու եւ աշխատանոցներու։

Նման սեմինարներու միջոցաւ է, որ ապագայի դաշնակցական, քաղաքականացած ու մարտնչող սերունդը կը պատրաստուի, որպէսզի միշտ պատրատ ըլլայ կամաւորաբար ընդառաջելու հայ ժողովուրդի կանչին։

Ինչպէս ըսած է ազգային հերոս Գարեգին Նժդեհ՝ «Եթէ ուզում ես գուշակել մի ազգին ապագան՝ նայիր նրա երիտասարդութեան»:

 

Աղբյուրը՝ horizonweekly.ca