կարևոր
2995 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-16 17:29
Հասարակություն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քուէյթի Մէջ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով Պարգեւատրեց Կիրակոս Գույումճեանը եւ Բացումը Կատարեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» Սրահին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քուէյթի Մէջ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով Պարգեւատրեց Կիրակոս Գույումճեանը եւ Բացումը Կատարեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» Սրահին

Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առիթով համահայկական տարողութեամբ յատուկ նշումներ ու հանդիսութիւններ տեղի կ՛ունենան աշխարհի տարածքին:

Այս առիթով Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ վերանորոգուած եւ Շնորհալի հայրապետին անունով վերանուանուած ներքնասրահին բացումը 11 մայիս 2023-ի երեկոյեան կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթ:

Յայտնենք, որ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» սրահին վերանորոգման բարերարութիւնը ստանձնած էին քուէյթահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեաններն ու իրենց զաւակները:

Սրահի բացումէն ետք թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախ վեհափառին, ապա` Կիրակոս Գույումճեանին, որ ընդառաջելով թեմի փափաքին` ստանձնեց սրահի վերանորոգման բարերարութիւնը: Ապա ընթերցուեցաւ սրբատառ կոնդակը, ուր հայրապետը կ՛ըսէր. «Քաջածանօթ ենք այն սիրոյն ու նախանձախնդրութեան, զորս ցուցաբերած էք միշտ, եւ կը շարունակէք ցուցաբերել ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ: Ուրախութեամբ կը վկայենք, որ այդ սէրն ու նախանձախնդրութիւնը դուք գիտցաք գործնապէս արտայայտել նաեւ Քուէյթի թեմէն ներս: Արդարեւ, երկար տարիներէ ի վեր Քուէյթ հաստատուած ըլլալով` ձեր կարեւոր ներդրումը ունեցաք թեմի կազմաւորման մէջ, եւ որպէս գործօն անդամ ազգային մարմիններուն` ձեր նիւթական օժանդակութիւնը չխնայեցիք` ի խնդիր թեմի առաւել բարգաւաճման: Օժանդակութեան ձեռք երկարեցիք ոչ միայն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Ազգային վարժարանին, այլ նաեւ ձեր հիմնած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակին ճամբով քաջալեր հանդիսացաք ուսումնատենչ երիտասարդներու ու պատանիներու: Հայ թէ օտար մամուլի էջերուն մէջ ձեր ստորագրած յօդուածներով դուք պայքարեցաք ի խնդիր մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման: Մենք կը հաւատանք, որ այս ծիրէն ներս ձեր տարած հետեւողական ճիգով միշտ արծարծ պիտի պահէք մեր ժողովուրդի արդար դատը, յատկապէս` օտար շրջանակներէ ներս»:

Հանդիսութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակոս Գույումճեանին եւ կոչ ուղղեց ազգայիններուն` առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալու համայնքի ծրագիրներուն:
Յայտնենք, որ Կիրակոս Գույումճեանին «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանը շնորհուեցաւ շաբաթ, 13 մայիս 2023-ին, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի ընտանիքը կը շնորհաւորէ Կիրակոս Գույումճեանը, որ թերթին հայերէն եւ արաբերէն բաժիններու աշխատակից է:

 

ԵՐԵՎԱՆ, 15 ՄԱՅԻՍԻ
«Ազդակ» օրաթերթ