կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-16 12:48
Հասարակություն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Սուրիոյ նախագահին եւ հանրապետութեան միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ:

Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ, հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան, առիթ ունեցած էր այցելելու նաեւ դեսպանատուն եւ մօտէն հետաքրքրուելու անոր կատարած աշխատանքներով:

Վեհափառ հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց, որ կը գտնուի հայկական հողի վրայ, եւ բարձր գնահատեց դեսպանատան գործունէութիւնը, յատկապէս սուրիական տագնապի շրջանին Դամասկոսի դեսպանատան ու Հալէպի հիւպատոսարանին կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին նկատմամբ: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը սփիւռքի մէջ գործող բոլոր հայկական դեսպանատուներու աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ Դամասկոս կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Ան իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, գնահատեց անոնց ամուր կառչածութիւնը իրենց տուներուն ու գործատեղիներուն` հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալից օրերուն, կոչ ուղղելով համայնքի բոլոր զաւակներուն` իրենց ներքին միասնականութիւնը աւելի ամրապնդելու: