Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Արեւելք»-ի հարցերուն կը պատասխանէ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Տնօրէն, հասարակական գործիչ՝ Տօքթ. Ներսէս Սարգիսեանը:
-«Քովիտ»ով պայմանաւորուած բարդ իրավիճակը կը շարունակուի Քուէյթի մէջ. Ի՞նչ են իրական պատճառները։
Պատճառները բազմաթիւ են եւ բարդ։ Նախ մինչեւ օրս այս ժահրի առանձնայատկութիւնները լրիւ չեն բացայայտուած։ Ան արագ փոխուելու mutation-ի յատկութիւն ունի եւ անոր վարակելու եղանակը շատ արագ է եւ պայմանաւորուած մարդկանց դիմադրողականութեան հետ։ Վիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ։
-Մահաբաեր համավարակէն ասդին, ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ կարող ենք յայտարարել, որ արդէն ընտելացաք կեանքի նոր պայմաններուն հետ։
Կրնանք ըսել յարմարեցանք, սակայն չընտելացանք կացութեան հետ: Գոյատեւելու հարց կայ, պատասխանատուութիւններ կան՝ անհատական թէ հաւաքական, պարտաւոր ենք յարմարիլ եւ մեր պարտականութիւնները կատարել։
-Քուէյթի հայկական գաղութը, ինչպէս համայն երկիրը, տագնապեցաւ «Քովիտ»ին հետեւանքով։ Ի՞նչ էին իրական դժուարութիւնները եւ կարողացաւ համայնքը բարեյաջող կերպով դուրս գալ տագնապէն։
Դժուարութիւնները բազմաթիւ են եւ բազմերես, որոնք ազդած են մեր կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ՝ ընկերային, հոգեբանական, առողջապահական, տնտեսական եւայլն։
Քուէյթի հայկական գաղութի պատասխանատու շրջանակները ամէն ճիգ ի գործ դրին, որպէսզի մեղմեն իրվիճակի ազդեցութիւնը հայ ընտանիքներուն վրայ, եղաւ պահ մը, երբ շատ վատ կացութեան մէջ յայտնուած ընտանիքներուն սննդակողովներ բաժնուեցան, տրուեցան առողջապահական խորհրդատուութիւններ, օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ կեցութեան հետ կապուած թղթաբանական հարցերու շուրջ եւայլն։ Նոյն ատեն գաղութը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ որպէսզի համայնքային կեանքը շարունակուի։ Եկեղեցին, դպրոցը եւ բոլոր միութիւնները անխափան գործեցին, յարմարուելով ստեղծուած կացութեանց եւ օրէնքներուն։ Նոյն ատեն գաղութը անկախ իր աննպաստ պայմաններուն, օժանդակութեան ձեռք երկարեց հայրենիքին 44 օրեայ պատերազմի օրերուն։ Գաղութէս աւելի քան 190 հազար տոլար հանգանակուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ Հայաստան ու Արցախ որպէս օժանդակութիւն։ Նոյնը եղաւ Լիբանանի գաղութին համար, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի զարհուրելի պայթումին որպէս հետեւանք՝ լիբանանահայութիւնը շտապ օգնութեան կարիքը ունէր, եւ այս բոլորը այս փոքրիկ հայ գաղութի կենսունակութեան, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ցուցանիշներն էին։
-Կը հետեւիք անշուշտ Հայաստանի զարգացումներուն: Ի՞նչպէս կը դիտարկէք ընդհանուր պատկերը եւ ձեր կարծիքով Հայաստան ու Արցախ ի՞նչ յենարաններով պիտի կարողանան դուրս գալ ամեհի աղէտէն։
Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը խորապէս ազդած է գաղութի հոգեբանութեան վրայ։ Բոլորս հիասթափութիւն կ'ապրինք, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները 44 օր ստեցին, սուտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին, տեղւոյն արաբ ժողովուրդին մօտ հեղինակազրկման հոգեվիճակ ապրեցանք, որովհետեւ մենք անոնց կը պնդէինք հայկական պաշտօնական տեղեկատուութեան թէզերու ճշգրտութիւնը եւ լծուած էինք այդ քարոզչութեան։ Ապա Հայաստանի եւ Արցախի օժանդակութեան նպատակով հանգանակուած գումարները (մանաւանդ գաղութի տնտեսական աննպաստ շատ դժուար կացութեան պայմաններուն մէջ) Հայասատան համահայկական հիմնադրամի ճամբով մտան պետական պիւտճէ, եւ այդպիսով անվստահութեան խոր մթնոլորտ ստեղծեցին գաղութէն ներս, այդ հաստատութեան եւ ՀՀ Իշխանութիւններուն նկատմամբ։ Այդ գումարները չէին հանգանակուած, որպէսզի պետական ընթացիկ ծախսերը բաւարարէին, որոնցմէ բաժին մըն ալ պարգեւավճարի ձեւով մսխուէին։ Հաշուեքննութեան բացակայութիւնը բարդ իրավիճակ ստեղծած է եւ այս իրավիճակը խոր վիհ կը յառաջացնէ Հայաստան-սփիւռք կապերուն վրայ. պատերազմի իրադարձութիւններու անյստակութիւնը, պատասխանատուութենէ խուսափելու փորձերը եւ ապա յետ պատերազմի ժամանակահատուածին բրօ թրքական քարոզչութիւնը, պարտուածի դիրքերէն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ եղբայրութիւն ընելու կոչերը, որոնք կը հնչեն այս իշխանութիւններու զանազան ներկայացուցիչներու կողմէ, Սփիւռքի մօտ խոր ընդվզում յառաջացուցած են։
Այս բոլորը մեր մօտ ստեղծած են այն համոզումը, որ Հայաստանի այս իշխանութիւնները դաւաճանած են 2018-ի ժողովուրդի արդար ցասումի տեսլականներուն եւ օր առաջ պէտք է հեռանան եւ ենթարկուին հաշուեքննութեան եւ դատաստանի։
-Խօսելով մասնաւորապէս Քուէյթի Ազգային Վարժարանին մասին, որուն տնօրէնն էք, ի՞նչ են յետ-քովիտեան շրջանին ստեղծուած նոր պայմանները եւ արդեօք կարողացաք դիմակայել նոր տեսակի մարտահրաւէրներուն։
Քուէյթի Ազգային Վարժարանը գերագոյն ճիգեր ի գործ դրաւ որպէսզի յաղթահարուի համավարակի ստեղծած իրավիճակը։ Այսօր կրնանք քաջ յայտարարել, որ մենք յաղթական դուրս գալու ճանապարհին վրայ ենք եւ այս բոլորը եղաւ որպէս արդիւնք հսկայական ճիգերու եւ կազմակերպուած աշխատանքի։ Այս շրջանին մենք կրցանք բարեյաջող ձեւով լուծել երկու խնդիրներ.-
* Դասական դասաւանդութենէն անցնիլ առցանցային դասաւանդութեան, լուծելով բազմաթիւ խնդիրներ, եւ ապա առցանց դասաանդութիւնը իրագործեցինք արհեստավարժ ձեւով, եւ ասիկա հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էր, ուր մէկ մարդու պէս աշխատեցան Տնօրէնութիւնը, Հոգաբարձութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ ուսուցչական կազմը։
* Դպրոցը իր բոլոր զուգահեռ եկամտաբեր աղբիւրներէն (աւանդական Քերմէս, ամավերջի հանդէսներ, նուիրատուութիւններ, ձեռնարկներ) զրկուելու պայմաններուն մէջ, մանաւանդ որ Կրթական Նախարարութիւնը 25% զեղչ պարտադրեց կրթաթոշակներուն վրայ, եւ ծնողները յայտնած էին տնտեսական տագնապի մէջ, կրցանք հաւասարակշռել դպրոցի տնտեսական վիճակը, կրճատումներ եւ վերադասաւորումներ կատարելով, որու նկատմամբ վարժարանիս պաշտօնէութիւնը գիտակից գործակցութիւն եւ հասկացողութիւն ցուցաբերեց։
Այս բաժնին մէջ վարժարանիս Շրջանաւարտից միութիւնը կը կատարէ գնահատելի աշխատանք։ Մեր շրջանաւարտ աղջիկներն ու տղաքը մեծ սիրով եւ նուիրումով փարած են վարժարանիս:
Կը հաւատամ որ Քուէյթի Ազգային Վարժարանը տակաւին երկար ճանապարհ ունի իր դիմաց եւ պիտի շարունակէ իր երթն ու առաքելութիւնը։