Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ՛ողջունենք այս եզակի իրագործումը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի մարմինները եւ յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող Հայ դատի գրասենեակը:
Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը, քաջալերած ենք Հայ դատի նուիրեալներուն աշխատանքը եւ մեր հայրապետական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցած: Նաեւ հանդիպումներ ունեցած ենք հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Հայ դատի բարեկամ պետական պատասխանատուներու հետ: Ահա թէ ինչու մենք յատուկ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք այս կարեւոր նուաճումը, որ հետեւանքն է հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքի»:
«Այս ուրախ առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին` այն սպասումով, որ Ներկայացուցիչներու տունէն եւ Ծերակոյտէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս վճռական քայլ մը առնէ այս ուղղութեամբ»:
«Փառք ու յարգանք իր բռնաբարուած իրաւունքներու պայքարին նուիրուած հայ ժողովուրդին»:
aztagdaily.com