Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան «Նիտա ուաթան» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան առաջին յիսնամեակը շատ դժուար էր հայ ժողովուրդին համար, որ սգալու փուլին մէջ կը գտնուէր եւ կը յուսար հայրենիք վերադառնալ: «Սակայն սպասումը երկարեցաւ, եւ հայութիւնը իր սուգը վերածեց պայքարի` բռնագրաւուած հողերուն վերատիրանալու նպատակով: Այդ իսկ պատճառով ան իր ձայնը լսելի դարձուց միջազգային ընտանիքին եւ ժրաջան աշխատանք տարաւ ու կը շարունակէ տանիլ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու: Հայ ժողովուրդը աշխարհի որոշումները կայացնող հզօր երկիրներուն մէջ ստեղծած է լոպիներ եւ շարունակ կը գործէ: Այսօր մենք շատ աւելի համոզուած ենք, որ տնտեսական կամ քաղաքական պայմանները կրնան յարմար ըլլալ Հայ դատին համար, հետեւաբար մենք բնաւ չենք յուսահատիր: Հայ ժողովուրդը չի յուսահատիր», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հակառակ Ողջակիզում ապրած ըլլալուն, Իսրայէլ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, Ա. Կիտանեան ընդգծեց. «Թշնամի Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումը կամ ընդունումը ուղղակիօրէն կախեալ է քաղաքական շահերէ եւ ռազմավարութիւններէ: Ժամանակի ընթացքին մենք սորված ենք, թէ երկիրները «բարեսիրական միութիւններ» չեն: Պատմութեան ընթացքին քաղաքականութիւնը փաստած է, թէ ան զուտ մարդկային հասկացութիւններու վրայ չի հիմնուիր, այլեւ` շահերու, որոնք կ’արտօնեն այս կամ այն դատին զօրակցիլ»:
Ա. Կիտանեան նշեց նաեւ, որ փորձառութիւնը սորվեցուցած է, որ երբ պայմանները կարգ մը երկիրներու շահերուն հետ կը համընկնին, ապա անոնք կը սկսին Հայ դատը իրաւացի նկատել եւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Արաբական երկիրները իրենց կարգին ունին իրենց սեփական շահերը, եւ անոնց կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը իր կարգին պէտք է համընկնի անոնց շահերուն: «Այս իմաստով մենք երազներ չենք հիւսեր: Ընդհակառակն` մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կը հաւատայ արդարութեան յաղթանակին, անկախ «ժամկէտի շրջանցելիութենէն»: Հետեւաբար մենք տասնամեակներէ ի վեր պայքար կը մղենք, եւ մեր իրաւունքներուն պիտի տիրանանք` ուշ կամ կանուխ, ճանաչումը ուշանայ թէ մօտալուտ ըլլայ: Այդ ամբողջը մեր պայքարի տարազին մէջ ոչինչ կը փոխէ: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկային համաշխարհային պարտականութիւն է», աւելցուց ան:
Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ այսօրուան Թուրքիան նման է Օսմանեան կայսրութեան, եւ ան օրէ օր կը փաստէ ծաւալապաշտական իր միտումները, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորէ իր բարեկամ երկիրներուն տիրելու իր թաքուն ախորժակները: «Արաբական երկիրներուն եւ հարցերուն հանդէպ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարուելակերպը ինքնին փաստացի ցուցանիշ է, թէ չկայ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իմաստով անոր համոզելու կարելիութիւն, բացի անոր վրայ բանեցուելիք ճնշումները: Մենք պատմական մեր փաստերը ունինք եւ կ’աշխատինք Հայ դատին նկատմամբ քաղաքական եւ դիւանագիտական զօրակցութիւն ապահովել: Իսկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը կարօտի երկու կողմերուն անկեղծ քննարկումներուն, որոնց Թուրքիա կը մերժէ անսալ: Հետեւաբար, ներկայիս յարաբերութիւններու բնականոնացում չկայ` թրքական մնայուն գոռոզութեան պատճառով», հաստատեց ան:
Աւետիս Կիտանեան նկատել տուաւ, որ հայը ներքուստ որոշած կ’ըլլայ պահել իր հայկական ինքնութիւնը: «Կրնան ըլլալ պարագաներ, որոնք ձուլուած են այն երկիրներուն մէջ, ուր ապաստանած են, սակայն կան մեծ թիւով հայեր, որոնք պահպանած են իրենց հայկական ինքնութիւնը: Իսկ ինքնութեան կամ պատկանելիութեան երկուութիւնը հպարտութիւն է եւ հարստութեան ազդակ մը, որ դրական բազմաթիւ երեւոյթներ ունի: Այս առումով կը հաստատենք, որ մենք կառչած կը մնանք մեր լիբանանեան ինքնութեան, այնպէս ինչպէս անշեղ կը մնանք մեր հայկական ինքնութենէն», նշեց ան:
Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ լիբանանահայութիւնը իր դերակատարութիւնը ունի Լիբանանի կերտման մէջ` աւելցնելով, որ նոյնիսկ այն հայերը, որոնք Լիբանանէն մեկնած են եւ հաստատուած այլ երկիրներու մէջ, Լիբանանը իրենց հայրենիքը կը նկատեն եւ լիբանանեան պատկանելիութիւնը կը պահպանեն` առանց մոռնալու իրենց հանդէպ Լիբանանի բարիքները: «Անոնք յանձնառու կը մնան իրենց յիշողութեան եւ յիշատակներուն` Լիբանանը սեպելով իրենց երկրորդ հայրենիքը», ըսաւ ան:
Երկրին տնտեսական տագնապին պատճառով Հայաստան փոխադրուող լիբանանահայերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ տնտեսական տագնապին պատճառով կայ լիբանանցիներու հսկայ թիւի հոսք մը դէպի արտերկիր: «Թերեւս լիբանանահայերու որոշ թիւ մը կը նախընտրէ Հայաստան երթալ` նկատի ունենալով, որ Հայաստանը քաղաքական եւ տնտեսական առումով կայուն երկիր է, երկու երկիրներուն միջեւ հեռաւորութիւնը մեծ չէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-հայկական երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւններու գոյութիւնն ու լիբանանահայուն հայերէնի իմացութիւնը: Այս բոլորը կը դիւրացնեն լիբանանահայուն Հայաստան փոխադրութիւնը: Բայց եւ այնպէս կը կրկնեմ, որ անոնց թիւը սահմանափակ է, այն լիբանանցիներուն քով, որոնք կը լքեն իրենց հայրենիքը: Պէտք է գտնել ձեւ մը եւ կասեցնել այս հոսքը, որ ցաւալի է եւ երկրին ներուժը կը սպառէ», շեշտեց Ա. Կիտանեան:
Թուրքին, լիբանանահայուն, սփիւռքահայուն եւ լիբանանցիներուն խօսք մը ուղղելու առումով Ա. Կիտանեան ըսաւ. «Թուրքին ոչ մէկ խօսք ունիմ ուղղելիք, բացի այն, որ մենք մեր պայքարի ուղիով հպարտացող ազգ ենք, ինչպէս նաեւ հպարտ ենք մեզի հիւրընկալող երկիրներուն հանդէպ մեր հաւատարմութեամբ, իսկ այդ երկիրներուն առաջիններէն է Լիբանանը: Մենք շնորհակալ ենք Լիբանանին, որ մեզի առիթ ընծայեց մեր ինքնութիւնը կերտելու եւ սրտբաց ընդունեց մեզի` կատարեալ ազատութիւն շնորհելով եւ առանց նախապայմանի արտօնելով, որ մեր սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն կառչած մնանք: Այս չի նշանակեր սակայն, որ մենք մեր արմատները կ’ուրանանք, այլ` կը հարստանանք մեր զոյգ ինքնութիւններով եւ պիտի շարունակենք մեր բռնագրաւուած իրաւունքները պահանջել, որքան ալ երկար ժամանակի կարօտի ան: Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, եւ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած ուրացումի քաղաքականութիւնը ապարդիւն է: Թուրքիայէն կը պահանջենք այդ հարցին նկատմամբ լուրջ մօտեցում ցուցաբերել եւ իր պատմութեան արիւնալի էջերը փակել: Կը մաղթեմ, որ ամբողջ աշխարհին մէջ մեր ջանքերը կ’արդիւնաւորուին, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր վէրքերը ամոքել եւ այլ ժողովուրդներու կեանքին մէջ նման աղէտներ կանխարգիլել»:
aztagdaily.com