կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-02-14 09:47
Քաղաքական

Նիկոլ Փաշինեանի վտանգը մեր ազգային գոյատեւելիութեան

Նիկոլ Փաշինեանի վտանգը մեր ազգային գոյատեւելիութեան

Պատմութիւնը կ՛ապացուցէ այն ճշմարտութիւնը, որ երկիր մը կը քանդուի արտաքին թշնամի ուժերու հարուածներու տակ։ Պատմութիւնը նաեւ կ՚ուսուցանէ այն ճշմարտութիւնը, որ ազգ մը կը փլի ներքին ուժերու դաւադրութեամբ։

Երկրի քանդումը կրնայ յաղթահարուիլ երբ ժողովուրդը կը պահէ հաւաքականօրէն տոկալու իր կամքը։ Թշնամի ուժերու գրոհներուն դիմացող ժողովուրդը ներքին կարողութիւնը ունի երկիրը կրկին ոտքի հանելու եւ վերականգնելու։ Մեր պատմութեան էջերը կը վկայեն, որ մեր ժողովուրդի տեւաբար պահած է արտաքին ուժերուն դիմադրելու իր հաւաքական կարողականութիւնը։ Բազմիցս քանդուած է Հայաստան իբրեւ երկիր, բայց մեր ժողովուրդը իր դիմադրական կամքով կրկին ու կրկին անգամ վերականգնած է Հայաստանը։

Բայց ազգի մը ներքին փլուզումը ազգը հաւաքականօրէն կը մղէ դէպի ինքնասպանութիւն։ Տեղի կ՚ունենայ ազգային գոյատեւելիութեան աստիճանական վախճանը՝ յանգելու համար ազգային հաւաքական գոյութեան աւարտին։ Այսօր, Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ, մեր հայրենի ժողովուրդը կ՚ընթանայ իր հաւաքական գոյատեւելիութեան վախճանի ուղղութեամբ։

Հռովմէացի քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ Մարքուս Թուլիուս Կիկերոն երկու հազար տարի առաջ ամենայն պարզութեամբ ընդգծած է ազգի մը դէմ ներքին դաւադրութեան վտանգը։ Ըստ Կիկերոնի.-

«Ազգ մը կրնայ դիմանալ իր տխմար, նոյնիսկ փառասէր առաջնորդներուն։ Բայց ան չի կրնար դիմանալ ներքին դաւաճանութեան։ Որովհետեւ, դաւաճանը չի ներկայանար իբրեւ դաւաճան, այլ՝ ան կը խօսի իր զոհերուն լեզուով եւ կը դիմէ մարդոց սրտին խորքը պահուած ստոր զգացումներուն։ Ան կը փճացնէ ազգի ոգին։ Ան կը գործէ գիշերուան մթութեան մէջ գաղտօրէն եւ թաքուն՝ քանդելու համար երկրին հիմերը։ Ան կը վարակէ քաղաքական մարմինը, որպէսզի ազգը այլեւս չկարենայ տոկալ։»

Մեր հայրենիքի մէջ տիրող իրավիճակը համապատասխանող զուգահեռներ ունի Կիկերոնի վերոնշեալ բնորոշումներուն եւ դաւադրութեան վտանգի ահազանգին հետ։

Մեր այս ներքին իրավիճակը կառուցման ընթացքի մէջ էր երեք տարիներէ ի վեր, այն օրէն երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր գործակիցները իշխանափոխութեամբ տիրացան երկրի ղեկին։ Իշխանութեան լծակներուն յենած, ծրագրուած կերպով նիկոլականները քակտեցին մեր ազգային հիւսուածքը միացնող կապերը։ Յարձակեցան մեր ազգային արժէքներուն, պատմութեան, մշակոյթին եւ հաւաքական յիշողութեան դէմ։ Կազմաքանդեցին ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հիմերը։ Քաղաքականացուցին դատական համակարգը։ Ջլատեցին մեր զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը։ Թափանցեցին երկրի ուժային կառոյցներէն ներս...։

Այս բոլորը կատարուեցան Հայաստանին պարտադրելու արտաքին ուժերու կողմէ պատուիրուած որոշումներ եւ պայմաններ։

Պատուէրներու գործադրումը գագաթնակէտին հասաւ պարտութեամբը 44 օրեր տեւող պատերազմի մը, որ նախօրօք սարքուած ըլլալու բոլոր ապացոյցները ունէր։ Պարտութեան հետեւեցան գիշերուան մթութեան մէջ գաղտնօրէն կատարուած կորստաբեր զիջումներ, որոնց մանրամասնութիւնները ցարդ կը մնան մեր ժողովուրդէն անյայտ։ Անյայտ կը մնան նաեւ գալիք զիջումները որոնք, Արցախի տարածքի 75 տոկոսի յանձնումէն ետք, Հայաստանի տարածքներէն զգալի տոկոսի մը յանձնումի վտանգը կը ներկայացնեն։ Եթէ առաջքը չառնուի այս գաղտնի զիջումներուն, Հայաստան պիտի դադրի 30 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքով երկիր ըլլալէ։ Հայաստանի հողային կորուստները պիտի ըլլան մեր անվտանգութեան հաշւոյն։

Նիկոլական դաւադրական վտանգին կանուխէն անդրադարձած էինք։ Երեք տարի առաջ հրապարակաւ զգուշացուցինք Նիկոլի ու նիկոլականներու ապազգային օրակարգի մասին։ Ըսինք այն ատեն, Արցախը պիտի յանձնէ, Սփիւռքը պիտի պառակտէ, Հայ Դատը պիտի կասեցնէ։ Ասիկա առաջին փուլն էր նիկոլական դաւադրութեան օրակարգին։

Վերջին երեք ամիսներուն Փաշինեանի միանձնեայ որոշումներով կայացած գաղտնի համաձայնութիւնները կը պարզեն իր յաջորդ փուլային օրակարգը։ Եթէ այս օրակարգը սկսի գործադրութեան դրուիլ, մենք դէմ յանդիման պիտի գտնուինք մեր ազգային գոյատեւելիութեան վտանգին։

Փաշինեանի եւ իր գործակիցներուն վերոնշեալ առաջին փուլի օրակարգը հասած է գրեթէ իր լրումին։ Նիկոլականներու յաջորդ փուլի օրակարգը պիտի բաղկանայ հետեւեալ կէտերէ.-

1) Իրաւականօրէն հաստատել Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանագիծը, որ իրաւականօրէն չէ հաստատուած եւ պէտք չէ հաստատուի, այնքան ատեն որ Թուրքիա ապօրինաբար բռնագրաւած կը պահէ հայութեան հայրենական տարածքները՝ սահմանին միւս կողը։

2) Արցախէն ինչ որ մնացած է վերանուանել Ղարաբաղ եւ զայն ենթարկել Ատրպէյճանի կառավարման գերիշխանութեան։

3) Պաշտօնապէս հրաժարիլ Սեւրի Դաշնագրէն։

4) Պաշտօնապէս հրաժարիլ եւ իրաւականօրէն մերժել Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը։

5) Աւելի օտարացնել Սփիւռքը հայրենիքէն։

6) Իմաստազուրկ եւ ժամանակավրէպ դարձնել Հայ Դատը։

7) Շարունակել հայրենի ժողովուրդի ապազգայնացումը...։

Հիմա ըսինք եւ կը զգուշացնենք այս օրակարգի մասին։ Վաղը, երբ այս կէտերը ընթացք ստանան, մի՛ ըսէք չըսինք եւ չզգուշացուցինք։

Ի դէմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր գործակիցներուն, մենք այսօր կը գտնուինք մեր ազգային գոյատեւելիութիւնը ապահովելու մարտահրաւէրին դիմաց։

Ներքին դաւաճանութիւն մը այսքան յստակ եւ փաստացի չի կրնար ըլլալ։ Մենք գիտենք ներքին դաւադրութիւնը եւ ներսէն ծրագրուած դաւաճանութիւնը։ Հարցը այն է, որ չենք կրնար հաւաքականօրէն տոկալ, եթէ կրաւորականութեամբ ընկալէք այս բոլորը։

Դաւաճաններ կը փորձեն փճացնել մեր ազգային գոյատեւելիութիւնը։ Մեր պարտականութիւնէ է փճացնել մերօրեայ դաւաճաններու փաղանգը։ 

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս

Փետրուար 13, 2021