կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-04 15:19
Աշխարհ

Նոր տարուան մարմաջ

Նոր տարուան մարմաջ

Ինչե՜ր պատահեցան անցեալ տարուան ընթացքին։

Հազիւ երկու ամիս անցած, Մարտին ծայր առած եւ ցայսօր շարունակուող ահաւոր համաճարակով «պսակուեցաւ» աշխարհը։ Պսակաձեւ ժահրը՝ Քովիտ-19-ը մահ սփռեց ամէնուրեք։

Հայաստանն ալ անմասն չմնաց այս զարհուրելի եւ սարսափելի պատուհասէն, մանաւանդ երբ սկզբնական օրերուն տղայական արհամարհանքով եւ անլրջութեամբ մօտեցան այս նորօեայ ժանտախտին։

Կարծէք թէ այդքանը բաւարար չէր հայուն եւ Հայաստանի համար․ եւ ահաւասիկ վրայ հասաւ Հայոց Պատմութեան էջերուն արձանագրուած նորագոյն սեւ ու կարմիր թուականը՝ 27 Սեպտեմբերը։

Արցախի վրայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ ծայրայեղական ահաբեկիչներու շղթայազերծած յարձակումը մոռցնել տուաւ համաճարակը։ Եթէ դիմակով եւ յատուկ նախզգուշական միջոցներով կարելի էր պայքարիլ Պսակաձեւ ժահրին դէմ, նոյնը կարելի չէր ընել պատերազմին պարագային։ Այո՛, դիմակներ վար առնուած էին ոճրածին յարձակողներուն եւ ներխուժողներուն կողմէ, որոնց գերագոյն նպատակն էր համաթուրանական երազը իրագործել։ Այս բոլորին դիմաց, ողջ աշխարհը ո՛չ միայն դիմակով ծածկած էր իր բերանը եւ կզակը, այլեւ՝ ամբողջ գլուխը, ներառեալ տեսողական ու լսողական համակարգը…

Եւ պատահեցաւ ԱՀԱՒՈՐը։

Այս իրականութեան դիմաց, տեղին է շեշտել, թէ մաղթանքէ աւելի՝ մարմաջի, ձգտումի՛ մասին պէտք է խօսուի նոր տարուան այս օրերուն։

Մաղթանքի բացատրութիւնը հպանցիկ եւ դիւրաթեք է։ Մէկ խօսքով, կարելի է մաղթել, անցնիլ ու մոռնալ։ Կարիք չկայ հետապնդելու, վերստին քննելու հարցը, շարունակ քննելու եւ ի վերջոյ բարւոք լուծում մը, վերջնական դարման մը գտնելու։

Քառասուն օրերէ աւելի տեւողութեամբ պատերազմը, ապա, անոր յաջորդած՝ աւելի քան քառասուն օրերու շարունակուող անորոշութիւնը դուռ բացած են ալեկոծ մտածումներու, հայն ու հայրենիքը դնելով «լինել-չլինելու» կացութեան դէմ յանդիման։

Եւ դեռ ԱՀԱՒՈՐը կը շարունակուի։

Բաներ կան, որ պէտք է նշել, պէտք չէ մոռնալ եւ շարունակ յիշել ու յիշել։

Առաջին հերթին, մեր մարմաջն է յարատեւօրէն ահազանգ հնչեցնել աթոռին կառչած վարչապետին եւ անոր լծակը հանդիսացող՝ ներկայ ղեկավարութեան, որպէսզի հրաժեշտ առնէ քաղաքական բեմէն, նկատի ունենալով, որ պատերազմի առաջին օրերէն, հետզհետէ սխալներ – մերթ տարրական, մի՛շտ աններելի – գործելով, երկիրը հասցուց ո՛չ միայն պարտութեան, այլ կործանման: Եւ թող ո՛չ ոք չափազանցութիւն նկատէ կործանում բառը, երբ աչքի առջեւ ունինք Սոթքի եւ յատկապէս Սիւնիքի մէջ թշնամիին յանձնուած հողատարածքները, որոնք վաղը կրնան վարչապետին կողմէ արձանագրուիլ «տժգոյն Շուշի»-ի ցանկին…

Մեր մարմաջն է նաեւ արթնցնել Ժողովուրդը, տեղեկացնել եւ բացատրել, թէ կարելի չէ հանդուրժել ամբոխավար եւ ամբոխահաճ իշխանաւորներուն պարտուողական ընթացքը, որ մեզ բոլորս, մեր հայրենիքին հետ, կը շարունակէ տանիլ դէպի ԱՀԱՒՈՐ կործանում:

Մեր մարմաջն է նաեւ գերադասել գաղափարը՝ անհատէն․․․ իւրայատուկ «Աքիլլէսեան կրունկ» մը, որուն հլու կամակատարն է հայորդին։

Հուսկ, մեր մարմաջն է չմոռնալ այդ երիտասարդ եւ անփորձ կորիւնները, որոնք ամենայն խիզախութեամբ, անվախութեամբ եւ անաչառութեամբ մեկնեցան ճակատ, քաջատեղեակ ըլլալով, թէ հակառակ իրենց հազիւ բուսած պեխ-մօրուքին եւ կուտակած քանի մը գարուններուն՝ պիտի հեռանան այս աշխարհէն։ Դեռ շատ բաներ պիտի գրուին, անոնց դիւցազնութեան մասին։ Անմար խունկ եւ անմար մոմ անոնց յիշատակին։

Նոր տարին թեւակոխած ենք եւ դեռ ԱՀԱՒՈՐը կը շարունակուի։ Սակայն չենք մոռցած, պիտի չմոռնանք, որ մեր սեփական բազուկներով պիտի շրջենք մեր պատմութեան անիւը եւ պիտի վերականգնենք մեր արդար իրաւունքներուն վերահաստատման երթը:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

31դեկտեմբեր 2020թ