Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան արդիւնքը, այլ խօսքով՝ Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութիւնը հայրենի մեր ժողովուրդին նկատառելի մասի մը, բայց յատկապէս դասական Սփիւռքի լայն զանգուածին մօտ յառաջացուցած է համատարած յուսախաբութեան (հասկնալի) եւ յուսահատութեան (անընդունելի) մթնոլորտ մը: «Առանց Նիկոլ Հայաստան»ի համար պայքարած հատուածին մօտ հետեւեալ հարցումն է, որ կը հոլովուի շարունակաբար.- Ինչպէ՞ս վերընտրուեցաւ այն մարդը, որ գլխաւոր պատասխանատուն է մեր խայտառակ պարտութեան, որ ստորագրողն է Նոյեմբեր 9ի տխրահռչակ, դաւադիր, գաղտագողի անձնատուութեան, որ իր ուսերուն վրայ ունի հինգ հազար զոհի մեղքը, որ թշնամիին ինքնակամ յանձնած է ամբողջ Կիպրոսի տարածքէն աւելի հայրենի հող, եւ մասամբ նորին …
Արդար է միտք չարչրկող հարցումներու այս շարանը, սակայն ցարդ անորոշ՝ անոնց պատասխանը: Առ այդ, փորձենք գտնել, պեղել զայն, որ անհրաժեշտ է, յոյժ կենսական է, դուրս գալու համար յուսախաբութեան իրավիճակէն եւ շարունակելու համար քաղաքական պայքարը, այս անգամ ընդդիմութեան դիրքերէն: Որովհետեւ մենք տակաւին պիտի հասկնանք, թէ ինչո՛ւ հողատուն, դաւաճանը, «կապիտուլիանտը» եւ ամբողջ ութ ամիս նմանօրինակ այլ ածականներով պիտակաւորուած ու հեղինակազրկուած խլեակը վերընտրուեցաւ։ Արդեօք զայն ընտրողներուն համար նախկին ռեժիմի վերադարձի մերժու՞մ էր ամէն գնով, պատերազմի վերսկսման վա՞խ, բարօր կենսամակարդակ, լուսաւոր ապագայ ունենալու տրուած անհիմն, դատարկ, ամբոխավարական խոստումներու գայթակղութիւ՞ն, ընտրակեղծիքնե՞ր, ընտրախախտումնե՞ր, ընտրակաշա՞ռք, պետական լծակներու շահագործու՞մ, թէ՞ … Կամ դեռ մենք մեզի հարց տանք, ինքնաքննադատական շինիչ կարգով, թէ արդեօք մե՛ր բացթողումները ո՛ւր էին, որ չյաջողեցանք մեծամասնութիւնը համոզել, համախմբել մե՛ր փլաթֆորմին շուրջ, որ շատ աւելի բովանդակալից ու ամբողջական էր անվիճելիօրէն: Շատ աւելի խորքային ու փայլուն էր նաեւ ընտրարշաւ-քարոզարշաւի մեր ամբողջ թղթածրարն ու ընթացքը, որուն անձամբ հետեւած ու մասնակցած եմ գետնի վրայ, տարբեր շրջաններու, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Այսուհանդերձ, արդիւնքը յստակ է:
Վերոյիշեալ հարցադրումներուն պատասխանը միանշանակ չէ հարկաւ ու թերեւս ամբողջին գումարման մէջ է: Սակայն, ըստ իս, այս բոլորէն անդին եւ վեր, մեր մատը պիտի դնենք բո՛ւն վէրքին վրայ եւ առանց բարդոյթի, առանց վիրաւորանքի, առանց մեղադրանքի պիտի բարձրաձայնենք այլեւս այն չոր ու դառն իրականութիւնը, թէ մեր ժողովուրդին նկատառելի մասին մօտ, հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ՝ առաւել կամ նուազ չափով, ազգային մտածողութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, քաղաքական միտքի ու հայկական արեւելումի պակասը ոչ միայն զգալի է մեր առօրեային մէջ, այլեւ հիմնական պատճառն է այն արդիւնքին, զոր ունինք այսօր, զոր ստացանք ընտրութիւններուն: Փաստօրէն ընտրազանգուածը գերակշռեց ընթացիկը, անհատականը, անձնականը՝ հաւաքականէն, ազգայինէն։ Այլապէս ինչո՞վ կամ ինչպէ՞ս բացատրել ընտրութեան արդիւնքը: Եւ այստեղ կը ցցուի բնականաբար մեծագոյն հարցադրումը. ինչպէ՞ս, ինչու՞, ե՞րբ, ո՞վ կամ ովքե՞ր մատնեցին ազգը այս կացութեան:
Արժէքներու անկման ու կերպարանափոխման գծով առարկայական ու մասնագիտական վերլուծումը, իրերու յստակ ընդգծումը, հուսկ՝ ախտաճանաչումը անհրաժեշտ է, հաւաքական պատասխանատուութեամբ, ապա անոր բուժումը նոյնքան եւ աւելի կենսական է, որ ի հարկէ դարձեալ կը կարօտի բոլորիս կողմէ պատասխանատուութեան հաւասար ստանձման ու հաւաքական ճիգի, անշուշտ՝ մասնագիտական մօտեցումներով, կրթական, ընկերային, մշակութային, քարոզչական ուղղորդուած ու թիրախաւորուած դաստիարակչական ծրագիրներով, ի խնդիր ազգային գաղափարախօսութեան ու մտածողութեան, ազգային արժէքներու վերականգնման, ի խնդիր նոր սերունդի մը ազգային «տեսակ»ի ձեւաւորման ու կազմաւորման, որուն այլընտրանք չկայ:
Հրաչ Վարժապետեան