Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերու տնօրէնները հանդիպում ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` զրոյց-խորհրդակցութիւն մը ունենալու համար ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս համահայկական առումով տարբեր մարզերու վերաբերող երեւոյթներուն մասին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան օրակարգային հետեւեալ կէտերը.
Ա. Ներկայ համաշխարհային ճգնաժամային պայմաններուն մէջ կաթողիկոսարանի գործունէութիւնը թէ՛ ներքին` վարչական, ժողովական եւ թէ՛ թեմերու հետ յարաբերութեան առումներով:
Բ. Յատուկ լիբանանահայութեան պարագան. ցարդ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր արժեւորումը:
Գ. Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը եւ այս շրջածիրին մէջ եկեղեցին յուզող վերջին իրադարձութիւնները:
Դ. Հայոց ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի արտակարգ պայմաններու մէջ նշումը: Այս փուլին ընդգծուող առաջնահերթութիւնները` պահանջատիրական ուղին հունաւորելու առումով: Եւ այլ այժմէական խնդիրներ:
Վեհափառ հայրապետը համազգային նշանակութիւն ունեցող արծարծուած հարցերուն առնչութեամբ կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ մտածումները` փոխանցելով համապատասխան թելադրանքներ:
«Գնահատանք` «Արարատ», «Ազդակ» Եւ «Զարթօնք» Օրաթերթերուն»
«Հայ մամուլի պատասխանատուներուն հետ պարբերական այս զրոյց-քննարկումները օգտաշատ են հայ հանրային կարծիքը իրազեկելու եւ ժամանակակից համահայկական խնդիրներու մասին տեսակէտներ յայտնելու առումով: Այս խորհրդածութիւնները ուղենիշ են նաեւ համահայկական ծրագիրներու մշակման եւ մանաւանդ այդ բոլորին գործնականացման հրամայականին ընդառաջ», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց լիբանանահայ երեք թերթերուն` «Արարատ»-ին, «Ազդակ»-ին եւ «Զարթօնք»-ին: «Հայրական սիրով կ’ողջունեմ ձեր ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Այս կեդրոնը հաւաքական տունն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն: Ես կ’ուզեմ, որ այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ մօտենան հոգեւոր այս տան մեր ազգին զաւակները: Այս տունը սոսկ վարչական կեդրոն չէ, այլ` առաքելութիւն է, մեր կեանքի հոգեւոր, մշակութային, ընկերային ու ազգային տարածքները ընդգրկող: Իմ սպասումս է, որ մեր բոլոր կառոյցներն ու զաւակները մասնակից դառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան: Ո՛չ միայն ձեզ ուրախութեամբ կ’ողջունեմ, իբրեւ երեք համահայկական կուսակցութեանց կարեւոր օրկանները, այլ նաեւ` իմ բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ ձեզի` ձեր կատարած լրագրական աշխատանքին ու յատկապէս ձեր գործակցութեան համար: Սփիւռքի մէջ հայ թերթը սովորական հասկացողութեամբ լրագրութիւն չէ որ կը կատարէ, այլ` ան հայապահպանման եւ ազգային իղձերու հետապնդման մեր հաւաքական պայքարին կարեւոր ներդրում ունի: Այս ծիրին մէջ ձեր երեք թերթերուն միջեւ ծաւալող գործակցութիւնը կ’ուզեմ որ օրինակ դառնայ այլ շրջաններու», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
«Համաճարակի Ստեղծած Համաշխարհային Տագնապը Իր Ծանր Հետեւանքները Ունեցաւ Նաեւ Մեր Կեանքին Մէջ»
Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ համաճարակին ստեղծած ներկայ տագնապալից պայմաններուն: «Դժբախտաբար սովորական ու գնայուն երեւոյթ մը չէ «Քորոնա» կոչուող ժահրի յառաջացուցած համաշխարհային տագնապը: Համաշխարհային երրորդ պատերազմը իր հիւլէական զէնքերով թերեւս նման ծանր տագնապ մը պիտի չստեղծէր համայն մարդկութեան համար: Նոյնիսկ գիտական ու ճարտարագիտական լայն կարելիութիւններով oժտուած երկիրներ պատրաստ չէին դիմագրաւելու նման ահաւոր տագնապ մը: Յայտնեմ, որ ներկայ տագնապի առնչուած իմ մտածումներս սկսած եմ գրի առնել անգլերէն լեզուով “PRAYING AND REFLECTING AT A TIME OF PANDEMIC” վերնագրով: Վստահաբար, ներկայ համաճարակէն յետոյ աշխարհը պիտի փոխուի. մարդոց մտածումները, մօտեցումները, առաջնահերթութիւնները փոփոխութեան պիտի ենթարկուին: Աստուած մարդը օժտած է փոխուող պայմաններու հետ գոյակցելու, համակերպելու եւ համապատասխան կենցաղակերպ ճշդելու կարողութեամբ: Բնականաբար համաշխարհային տագնապին մաս կը կազմէ նաեւ մեր ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Հազար փառք Աստուծոյ, որ մեր վնասները յարաբերաբար նուազ են: Կարեւորը այս փուլին մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնն է, իսկ տագնապին ստեղծած տնտեսական դժուարութիւնները հանգրուանային կերպով կարելի է յաղթահարել»:
Իր խօսքը կեդրոնացնելով համաճարակի ներկայ օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքին վրայ` վեհափառ հայրապետը յայտնեց հետեւեալը. «Բնականաբար մեր Սուրբ աթոռին ենթակայ թեմերուն մէջ մենք անմիջապէս լծուեցանք լուրջ աշխատանքի: Մեր գործունէութիւնը ունեցաւ երկու հիմնական երեսներ. առաջին, մեր զաւակներուն մօտ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու ամրացումը: Այս առաքելութիւնը կատարուեցաւ մեր առաջնորդարաններուն ու ծուխերուն կողմէ, յատկապէս օգտագործելով ընկերային ցանցերը եւ առցանց հաղորդակցութիւնը: Այս ուղղութեամբ, կաթողիկոսարանին CILICIA TV-ն կարեւոր դեր ունեցաւ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին. աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներ հետեւեցան Անթիլիասի մայր տաճարի արարողութեանց ու Մեր հայրապետական պատգամներուն: Երկրորդ, ընկերային ծառայութեան ծաւալումը: Համաճարակին ստեղծած տնտեսական տագնապը իր ծանր հետեւանքները ունեցաւ մեր ընտանիքներուն վրայ: Մեր թեմական ու ծխային եկեղեցիները անմիջապէս լծուեցան գործի. հանգանակութիւններ կատարուեցան, ուտեստեղէններ գնուեցան եւ բաժնուեցան մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն` բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութի ներքին դրուածքին ու պայմաններուն համաձայն: Հոս կ’ուզեմ կարեւորութեամբ յիշեցնել, որ եկեղեցին միայն հոգեւորականը չէ, այլ նաեւ` մեր թեմական ու ծխային մարմինները, կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք թէ՛ առանձնաբար եւ թէ՛ համախմբուելով եկեղեցիներու շուրջ կարեւոր դեր ունեցան մարդասիրական աշխատանքներուն մէջ»:
Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Որովհետեւ կը գտնուինք Լիբանանի մէջ, բնականաբար առանց թերագնահատելու միւս գաղութներու մարդասիրական ծառայութիւնը, կ’ուզեմ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել Լիբանանի հայութեան կատարած ու շարունակուող ծառայական հսկայ աշխատանքը: Արդարեւ, մեր առաջնորդարանը, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները առաւելագոյն չափով հասան մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն: Այս ուղղութեամբ բնականաբար կաթողիկոսարանը եւս կարեւոր աշխատանք կատարեց: Լիբանանի հայութեան կողմէ կատարուած մարդասիրական ծառայութիւնը կրկնակիօրէն գնահատելի է, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի տագնապին առընթեր Լիբանանի մէջ ունինք տնտեսական լուրջ տագնապ: Այս կացութեան դիմաց քանի մը օրեր առաջ կոչ ուղղեցի մեր համայնքներու ունեւորներուն, շեշտելով, որ պարտաւոր են օգտակար ըլլալու մեր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած մեր կառոյցներուն եւ մեր կարիքաւոր զաւակներուն»:
«Սփիւռքի Վերակազմակերպումն Ու Հզօրացումը Անյետաձգելի Հրամայական Է»
«Այսoր սփիւռքը խառնաշփոթ պատկեր մը կը պարզէ: Աւանդական սփիւռքին եկաւ միանալու նոր սփիւռքը, եւ այսօր փաստօրէն մեր գաղութներուն կը պակսի ներքին ներդաշնակութեան ու կազմակերպուածութեան առաւել ամրացումը: Սփիւռքի կազմակերպումը ես կը նկատեմ առաջնահերթ, եւ ճիշդ անոր համար շուրջ երկու տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սկսաւ թեմերու կազմակերպման հաւաքական աշխատանքին: Իմ հայեցակէտով այս գործընթացը պէտք է կատարուի հանգրուանային կերպով` նախ թեմական շրջագծին մէջ, ապա յիշեալ գործընթացին կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներառումով: Սա դիւրին աշխատանք մը չէ. ան կ’ենթադրէ իրապաշտ ծրագրում ու հաւաքական մասնակցութիւն: Մեր թեմերը արդէն իսկ սկսած են այս աշխատանքին»:
Հարցումի մը պատասխանելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման գծով եկեղեցւոյ կողքին երեք կուսակցութիւններու դերը առանցքային է: Այս մասին քանի մը առիթներով անդրադարձած եմ: Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սփիւռք է: Սփիւռքը հետզհետէ, եւ դժբախտաբար, կը ծաւալի ու կ’ընդարձակուի: Հարկ է արագ շարժինք. երեք կուսակցութիւններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ անհրաժեշտ է համասփիւռքեան համագումար մը կազմակերպել: Այս մասին խօսած եմ կուսակցական պատասխանատուներուն հետ: Յաճախ կը կրկնենք, թէ Հայաստանի հզօրացումը կ’ենթադրէ սփիւռքի հզօրացումը եւ` փոխադարձաբար: Սա պէտք չէ սոսկ լոզունգ մնայ, այլ` դառնայ յանձնառութիւն, ծրագրում ու գործընթաց: Անցնող տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յաջորդական համագումարներ կազմակերպեց սփիւռքի կրթական, մշակութային, հոգեւոր բնագաւառներուն առնչուած: Այս շարքին վերջին համագումարն էր.- «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ»: Սա տեսական հարցադրում մը չէ, այլ` գոյութենական: Հայու ինքնաճանաչումը սփիւռքին մէջ սկսած է իր արմատներէն, առանցքէն ու շրջագիծէն հեռանալ եւ գունաթափիլ ու դառնալ փխրուն: Ահա թէ ինչու, կը կրկնեմ, սփիւռքի վերակազմակերպումը կը նկատեմ էական ու անյետաձգելի: Օր մը կարելի է նաեւ առանձնաբար խօսիլ սփիւռքի վերակազմակերպման մօտեցումներուն եւ առնչակից այլ երեւոյթներուն մասին»:
«Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութիւնը Պէտք Է Յստակ Հունաւորում Եւ Օրակարգ Ունենայ»
Վեհափառ հայրապետին հետ մեր ունեցած զրոյցին մէկ կարեւոր մասը կազմեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը: Այս մասին վեհափառ հայրապետը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով. «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան մասին պէտք չէ խօսիլ, այլ` գործակցութեան մասին, որովհետեւ մենք մէԲկ ազգ ենք` մէ`կ անցեալով, մէԲկ ներկայով, մէԲկ ապագայով, ինչպէս մենք մէկ եկեղեցի ենք` նոԲյն հաւատքով, նոԲյն ծէսով եւ նուիրապետական չորս աթոռներով: Վա՛յ մեզի եթէ մեր մէկութեան ու ամբողջականութեան իրողութիւնն ու գիտակցութիւնը ստուեր տեսնէ: Այս հաստատ համոզումով Հայաստանը պէտք է մoտենայ սփիւռքին եւ սփիւռքը` Հայաստանին: ԹշնամիԲն պարտադրեց սփիւռքը. մենք կոչուած ենք, հակառակ այս պարտադրուած գոյավիճակին եւ այս գոյավիճակէն յառաջացող տարբերութիւններուն, մեր ազգին ամբողջականութիւնն ու միասնականութիւնը պահել ամուր` ներկայ Հայաստանը ունենալով կիզակէտը մեր մտածումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն եւ` ամբողջական Հայաստանը ունենալով` մեր վախճանական նպատակը: Արդ, այս տեսլականէն ու յանձնառութենէն մեկնելով, Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ համազգային օրակարգի մը շուրջ եւ այդ oրակարգի պատրաստութեան, օրակարգէն բխող ծրագիրներու մշակման ու իրականացման մէջ սփիւռքը պէտք է իր ամբողջական ու գործoն մասնակցութիւնը բերէ: Այլ առիթներով ըսած եմ ու կը կրկնեմ. ընդունելի չէ որ սփիւռքը հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ ըլլայ, այլ մասնակցողի դերին մէջ: Հետեւաբար, եթէ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նպատակը Հայաստանի կողմէ օգտակար ըլլալ է սփիւռքի հզօրացման` եւ փոխադարձաբար, անհրաժեշտ է որ այսպէ՛ս ըլլայ գործակցութեան մեր մօտեցումը. այլապէս, պարագայական, միակողմանի ու զգացական մօտեցումներ ո՛չ մէկ ձեւով կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման ու արդիւնաւորման: Համազգային օրակարգի ճշդումը եւ համահայկական արժէքներու շուրջ համախմբումը եւ համահայկական մտածողութեան մշակումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւններ են, որոնց մասին յաճախ անդրադարձած եմ»:
Շարունակելով իր պատկերացումը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Անցնող տարիներուն Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս տեղի ունեցած համագումարները անկասկած դրական մթնոլորտ ստեղծեցին. սակայն, չկրցան լուրջ արդիւնքներու հասնիլ: Արդարեւ, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ներկայ վիճակը ես կը նկատեմ անորոշ ու պղտոր: Բացատրեմ: Նախ ես համաձայն չէի սփիւռքի նախարարութեան վերացումին: Սփիւռքի նախարարութիւնը որեւէ նախարարութեան համազօր նախարարութիւն պէտք է ըլլայ` եթէ ոչ աւելի՛ն, եթէ սփիւռքը կը նկատենք մեր ազգին կենսական մասը: Սփիւռքի հետ յարաբերութեան ընդհանուր պատասխանատուութիւնը վարչապետին յանձնելը դա՛րձեալ ես կը նկատեմ սխալ` մեկնելով ներքին թէ արտաքին պատճառներէ: Այս մասին օրին անդրադարձած եմ, նաեւ իմ մտահոգութիւնս փոխանցած վարչապետին: Ինչ կը վերաբերի յանձնակատարի աշխատանքին, սպասելի էր, որ ան իր պաշտօնի ստանձնումէն անմիջապէս յետոյ եւ իր աշխատանքային ծրագիրը պատրաստելէ առաջ հանդիպումներ ունենար երկու հայրապետներուն, հոգեւոր տիրոջ, աւետարանական համայնքի նախագահ վերապատուելիին, ինչպէս նաեւ երեք կուսակցութիւններու, բարեսիրական, կրթական, մշակութային կազմակերպութիւններու վերին պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի մօտէն ճանչնար ընդհանրապէս սփիւռքի իրողական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ մեր գաղութներու դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը սփիւռքի ամբողջական, յստակ ու իրապաշտ ճանաչումը ունենայ, որպէսզի Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դառնայ արդիւնաշատ:
«Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնը Էական Գործօն Է Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացման»
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան իր պատկերացումը պարզելէն ետք, հարցումի մը պատասխանելով` վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան: «Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը որեւէ երկրին մէջ ու յատկապէս ազգային նկարագիր ունեցող եկեղեցիներու պարագային կենսական է: Կարգ մը երկիրներու սահմանադրութիւններուն մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը ճշդող յատուկ յoդուածներ գոյութիւն ունին, նոյնպէս Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ: Սակայն, սահմանադրութեամբ ճշդուած որեւէ սկզբունք կամ ուղեգիծ բան մըն է, զայն կեանքի վերածելը ուրիշ բան: Յաճախ պատասխանատու անձերու խառնուածքը, մօտեցումը, գործելաոճը իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան, դրական կամ բացասական, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեանց վրայ: Այս ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է յստակ տարբերութիւն դնել պետութեան ու իշխանութեան միջեւ: Չմոռնանք, որ պատասխանատուներ գնայուն են. կառոյցները` մնայուն: Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները ունեցան վերիվայրումներ: Անհրաժեշտ է սահմանադրութեամբ ճշդուած սկզբունքներն ու հանգամանքները յարգել: Թերացումներ բնականաբար կրնան ըլլալ: Զանոնք հարկ է սրբագրել փոխադարձ յարգանքով, գործակցական ոգիով եւ երկխօսութեամբ: Չմոռնանք, որ եկեղեցին վայր չէ, հոգեւորականը չէ, վարչակազմակերպչական դրութիւնը չէ. այս բոլորը եկեղեցւոյ ինքնարտայայտութեան կերպերն են: Եկեղեցին մենք ենք` բոլորս միա՛սնաբար: Եկեղեցին յարգել կը նշանակէ յարգել մեր անձերը, մեր ազգը, մեր հայրենիքը, որոնց հետ մեր եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է, նոյնիսկ իր արիւնը թափած անոնց անկախութեան համար: Անկասկած առողջ քննադատութիւնը հրամայական է, որպէսզի կարենանք մեր թերութիւնները սրբագրել: Մենք բացարձակօրէն չենք բաժներ Հայաստանի մէջ պատասխանատու կամ ոչ պատասխանատու անձերու կողմէ կատարուած տհաճ արտայայտութիւններ: Մեր սիրելի զաւակները հարկ է հեռու մնան միակողմանի մեկնաբանութիւններէ ու վտանգալից բեւեռացումներէ, ինչպէս նաեւ պատասխանատու անձեր, հոգեւորական կամ աշխարհական եւ կարեւոր հանգամանքներ ու կառոյցներ անարգող մօտեցումներէ: Նման մթնոլորտ երբեք չի նպաստեր մեր ներքին միասնականութեան ամրացման եւ Հայաստանի հզօրացման»:
«Մենք Պահանջատէբր Ժողովուրդ Ենք»
Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ մեր ունեցած հետաքրքրական ու շինիչ զրոյցի վերջին բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ հայ դատին` նկատի ունենալով, որ Ապրիլ 24-ի սեմին տեղի կ’ունենար մեր հանդիպում-զրոյցը: Վեհափառ հայրապետը իրեն յատուկ յստակ շեշտաւորումով սկսաւ իր խօսքը. «Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք ու միշտ կը մնանք պահանջատէր: Պիտի ըսէք, թէ ինչո՞ւ այս յիշեցումը: Մեր հանդիպումէն առաջ պատահմամբ տեսայ մամլոյ ասուլիս մը Երեւանի մէջ` մասնակցութեամբ պետական պատասխանատուներուն: Հարցումի մը պատասխանելով` մասնակիցներէն մէկը յայտնեց, որ «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ» լոզունգին «պահանջատէր» բառը դուրս հանելու գծով քննարկումներ կատարուած են եւ պիտի շարունակուին: Ապա, արտաքին գործոց նախարարը տեղին միջամտելով ըսաւ, թէ այդ կարգախoսը համազգային կեցուածք մը կ’արտայայտէ, հարկ է զգուշ ըլլալ: Դուք լաւ գիտէք, որ «Կը պահանջեմ»-ը մեր ժողովուրդին համար լոկ կարգախoս չէ, այլ տագնապ է ու պայքար. ան հայու ինքնաճանաչման ու լինելութեան անբաժան մասը կը կազմէ: Հետեւաբար, ինծի համար անհասկնալի ու անընդունելի են այլ մօտեցումներ: Հարկ է հետեւիլ Համահայկական հռչակագիրին սկզբունքներուն եւ ուղղութեան: Մեր ազգը պահանջատէր է, որովհետեւ իրաւազրկուած է. մենք ո՛չ միայն կը պահանջենք Ցեղասպանութեան դատապարտումը, այլ նաեւ` մեր եկեղեցիները, վանքերը, տուները, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները, մեր հողերը: Ահա այս յանձնառութենէ մղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ թուրք պետութեան դէմ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ` մեր ժողովուրդին: Արդ, իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կը սպասեմ, որ պահանջատիրութիւնը կարգախօսէն ջնջելու առաջարկը երբեք չքննարկուի Հայաստանի իշխանութեան որեւէ մարմինի կամ կառոյցի կողմէ»:
Անթիլիասի մայրավանքի Հայաստանի Անկախութեան յուշակոթողին հովանիին տակ շուրջ երկու ժամ տեւած զրոյցը Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ իր աւարտին հասաւ վեհափառ հայրապետին մաղթանքով, որ համայն մարդկութիւնը յուզող համաճարակը շուտով վերջ գտնէ եւ մեր ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ վերադառնայ իր բնականոն կեանքին:
aztagdaily.com