Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Իպրահիմ Քալըն հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճեք Սալիվընի հետ եւ ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին առումով Թուրքիոյ 4 վերապահումները: Վերապահումը այս պարագային նախապայման իմաստով պէտք է ընկալել:
Ուրեմն, ըստ Քալընի,
Ա.- Կատարուածը ցեղասպանութիւն կոչելու համար իրաւական հիմք չկայ եւ ատոր համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում, ինչպիսիք եղած են Ռուանտայի եւ Սրեպրենիցայի պարագաներուն:
Բ.- Ցեղասպանութիւն եզրոյթը շրջանառութեան մէջ դրուած է 1948-ին: Այստեղ պարզամտութիւն խաղալով Թուրքիոյ նախագահի բանբերը ըսել կ՛ուզէ, որ 1915-ին այդ եզրոյթը գոյութիւն չունէր, հետեւաբար նման որակում տալը ճիշդ չէ:
Գ.- Պայտընի կողմէ ցեղասպանութիւն բառի կիրարկումը խնդիրներ կը ստեղծէ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ:
Ամէնէն ուշագրաւը 4-րդ կէտն է: Մնացեալը Անգարայի դասական ժխտողականութեան մօտեցումներն են, որոնք կ՛արծարծուին, ամէն անգամ որ պետութիւն մը կը նախապատրաստուի ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւն ընելու կամ բանաձեւ որդեգրելու:
4-րդ կէտը` Քալընը յայտնելով, որ Կովկասի մէջ նոր կարգ կը հաստատուի, հետեւեալ ուղերձը փոխանցած է. «Մենք կ՛առաջարկենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել: Կ՛ըսենք. «Եթէ անոնք (հայերը) ճիշդ քայլ առնեն, մենք ալ նոյնիսկ դարպասները կը բանանք»: Նման ժամանակահատուածի մէջ, եթէ դուք ցեղասպանութիւն բառը կիրարկէք, կը նշանակէ` Կովկասի մէջ ամբողջ գործընթացը կը խափանէք»:
Պարզ է ուղերձը: Ապաշրջափակումը կը պայմանաւորուի Ցեղասպանութիւն եզրի չօգտագործումով: Այլապէս, ըստ Անգարայի, խափանման կ՛ենթարկուի ապաշրջափակման ծրագիրը: Ըստ Քալընի, այդ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ուաշինկթընը:
Քալընը փաստօրէն կը վերահաստատէ Թուրքիոյ նախապայմանային քաղաքականութիւնը:
Անգարան խաղաղութեան խաբկանք ստեղծելով, ապաշրջափակման ծրագիրը լիարժէք կ՛օգտագործէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ. այս պարագային` Միացեալ Նահանգներուն հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ:
Այստեղ սակայն միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահի ցեղասպանութեան բառը չօգտագործելով չէ, որ կը պայմանաւորուի ապաշրջափակումը կամ հարցերու կարգաւորումը: «Եթէ հայերը ճիշդ քայլ առնեն» բանաձեւը իր մէջ կ՛ամփոփէ Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը:
Քալընի վերապահումներուն քաղաքական ընթերցումը պարզ կը դարձնէ, որ այնտեղ ուղերձ կայ ո՛չ միայն Ուաշինկթընին, այլ նաեւ հայկական կողմին: «Եթէ հայերը ճիշդ քայլ առնեն» հետզհետէ դուրս պիտի գայ իր փակագիծերէն եւ յստակ դառնայ, որ դասական նախապայմաններու մասին է խօսքը: «Ճիշդ քայլեր»-ը կ՛ենթադրեն Արցախէն հայկական ուժերու հեռացում, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներէ հրաժարում:
«Ա.»
aztagdaily.com