Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
20րդ դարու հայ քաղաքական եւ ռազմավարական միտքի հսկաներէն Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» հատորները ոչ միայն յուշագրական պատումն են մեր ազատագրական շարժումին, այլեւ վերլուծումն են նոյն այդ ազատագրական պայքարի ելեւէջներուն։
Ռուբէն թէ՛ կը նկարագրէ մեր այդ պայքարի դրուագները իբրեւ ականատես ու մասնակից, եւ թէ՛ վերլուծումը կը կատարէ անոր զանազան դրուագներուն ու քաղաքական արժէքին։
Ռուբէնի գործը ոչ միայն հերոսապատում է, այլ նաեւ քաղաքական վերլուծում։ Սակայն հակառակ իր ոչ անպայմանօրէն շքեղ ոճին, Ռուբէնի գործը ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ մեր գեղարուեստական գրականութեան համար։ Իր պատումներէն ներշնչուած են Մալխասի «Զարթօնք» վէպը, Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը» երկարաշունչ բանաստեղծական գործը, ու մանաւանդ եւ յատկանշականօրէն՝ Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» վէպը, նոյնինքն խորհրդային կարգերուն տակ։
Այս յուշագրական հատորներուն մէջ, Ռուբէն մեզի կը ներկայացնէ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ էութեամբ, հոգեբանութեամբ, բնազդներով ու բանականութեամբ, թերութիւններով ու անվիճելի առաւելութիւններով, որոնք զարմանալիօրէն յար եւ նման են մեր ժողովուրդի նոյն այս յատկանիշներուն։ Ինչ որ մեզ կը յանգեցնէ այն ընդունուած փաստին, որ ՀՅԴաշնակցութիւնը հայ ժողուրդին հարազատ ծնունդն է։
Այս կազմակերպութիւնն էր, որ երբ կը հիմնուէր 1890ին, ճամբայ կ՛ելլէր «տաճկահայաստանը», մեր հայրենիքի՝ Օսմանեան բռնատիրութեան տակ ճզմուող հատուածը ազատագրելու առաջադրանքով։ Ան ճամբայ կ՛ելլէր ոչ միայն հողը ազատագրելու, այլ նաեւ հայ մա՛րդը ազատագրելու շահագործման շղթաներէն։
Այդ օրերուն, այսինքն 1894ին մշակուած ու հրապարակուած մեր Ծրագրին մէջ, խօսք չկար Արեւելահայաստանի, կամ՝ Ցարական կայսրութեան տիրապետութեան տակ ապրող մեր ժողովուրդին մասին։ Բայց Դաշնակցութեան բնազդին ու էութեան մաս կը կազմէր համայն հայութեան ծառայելու մղումը, այդ մասին որոշում կայացուած ըլլար կամ ոչ։
Այս բնազդային մղումը շուտով ստացաւ իր գաղափարական, գիտակցուած բանաձեւումը նոյնինքն Քրիստափորի կողմէ, երբ ան յստակօրէն կը յայտարարէր, թէ պէտք է պատռել այս կամ այն բռնապետներուն կողմէ գծուած արուեստական սահմաններով քարտէսները, որովհետեւ ատոնք կ՛արհամարհեն ժողովուրդներու արդար իրաւունքները։
Հետեւաբար եւ տրամաբանօրէն, Քրիստափոր «յարատեւ կռիւ» կը յայտարարէր բոլոր տեսակի բռնապետութիւններուն դէմ, մինչեւ որ մեր ժողովուրդը տիրանայ իր սեփական ու ամբողջական հայրենիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին։ Անկախ պետականութիւն մը, ուր բարգաւաճելու իր անկապտելի իրաւունքը ունենայ հայ ազատ քաղաքացին. Ազատ ու զերծ՝ ամէն տեսակի բռնութենէ, շահագործումէ ու կաշկանդումէ։ Ազատ՝ իր արդար քրտինքին վաստակը վայելելու բնական իրաւունքին մէջ։
Այսօր, հայկական պետականութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի առաջին օրերուն, Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ բռնապետներու կողմէ գծուած արուեստական քարտէսները պատռելու, հայրենիքէն ներս արդար կարգեր հաստատելու այս գաղափարական ու վարքագծային ծանր ու միաժամանակ քաղցր լուծով։
Կրկնութեան գնով կը յայտարարենք, որ Դաշնակցութեան համար ծրագրային գերագոյն առաջադրանք ու նպատակ է Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի մը կերտումը։
Այս լուծը, ա՛յս տիպի Հայաստան մը ստեղծելու մեր նպատակը մաս կը կազմէ Դաշնակցութեան էութեան, անոր հոգեկերտուածքին, մտածողութեան ու մանաւանդ՝ անոր քաղաքական ու գաղափարական աշխարհին։ Այս լուծը մենք պիտի տանինք ի հեճուկս բոլոր չարախօսներուն, ի հեճուկս բոլոր թերահաւատներուն եւ մանաւանդ՝ ի հեճուկս բոլոր այն ուժերուն, որոնք իրենց հաշիւները խանգարուած կը տեսնեն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման գաղափարին մէջ։
Դաշնակցութիւնը այս հարցը կը դիտէ ազգային-քաղաքական այն մեծ պատկերին մէջ, որ մեզի կը ներկայանայ Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ Սփիւռքով։ Այս մեծ պատկերը իր մէջ կը պարունակէ ռազմավարական արժէքները եւ մանաւանդ՝ ուժի լուրջ աղբիւրներ։ Ուժի այս աղբիւրներն են Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այսինքն հայութեան պետականութիւնը եւ Սփիւռքը։
Այսօր մեր առջեւ կը դրուի Սփիւռքը վերակազմակերպելու օրակարգը, որովհետեւ ինչպէս աշխարհը յարափոփոխ է, Սփիւռքը ինք եւս միշտ փոփոխութիւններէ կ՛անցնի։ Այսօրուան Սփիւռքը տարբեր է մինչեւ 1988 թուականը գոյութիւն ունեցող արտաշխարհէն։ Մինչեւ այդ թուականը, ոչ Արցախը ազատագրուած էր, ոչ ալ Հայաստանը անկախացած։ Մենք Սփիւռքը կը տեսնենք իբրեւ մէկ մասը ամբողջական հայութեան։
Եւ պէտք է շեշտենք, որ Սփիւռքը, ինչ ալ ըլլան հանգամանքները, ինքնանպատակ չէ։ Մենք զայն կը տեսնենք իբրեւ այն ուժը, որ կոչուած է նեցուկը դառնալու մեր անկախ հայրենիքին։ Նեցուկ՝ ամէն իմաստներով. Այսինքն մասնագէտ մարդուժի, տնտեսական, քարոզչական եւ բնականաբար նաեւ, քաղաքական առումներով։
Սակայն որպէսզի Սփիւռքը կարենայ իր դերը լաւ կատարել ու ճիշդ կատարել, անհրաժեշտ է որ ան կարենայ բարձրացնել իր կազմակերպուածութեան մակարդակը եւ որակը։
Տարբեր խօսքով, Սփիւռքը պարտաւոր է նոր որակ բերելու իր կրթական համակարգէն ներս, որպէսզի կարենայ դաստիարակել այն սերունդները, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան յանձնառութիւն ստանձնելու իրենց միջավայրին ու մանաւանդ՝ հայրենիքին նկատմամբ։
Մեր բոլոր մարզական, մշակութային, բարեսիրական կամ մինչեւ իսկ հայրենակցական միութիւնները, պարտաւոր են իրենք զիրենք տեսնելու իբրեւ մէկ մասնիկը ամբողջական հայութեան։ Անոնք պարտաւոր են իրենց դերակատարութիւնը պատշաճեցնելու այն որակին, որ իրապէս բարիք ստեղծէ Հայաստանի համար։
Այս իմաստով, յատուկ ու ծանր պարտաւորութեան տակ կը գտնուի Արեւմտեան Ամերիկայի թէ՛ մեր ժողովուրդը եւ թէ՛ մեր կազմակերպութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյէն ու Ֆրեզնոյէն սկսելով ու հասնելով մինչեւ Օրէնճ Քաունթի։
Փաստ է, որ այս կէս միլիոնէն շատ աւելի հաշուող հայ համայնքը տակաւին չէ կրցած լուծել իր կրթական համակարգի խնդիրը։ Խնդիրը միայն համայնքի թիւին համեմատութեամբ վարժարաններ ունենալուն չի վերաբերիր. այլ՝ իր ընդհանրութեան մէջ, սերունդը իբրեւ հայ դաստիարակելու առումով։ Տարբեր խօսքով, այս համայնքը պարտաւոր է պատասխանելու այն մեծ հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը պատրաստուի դիմագրաւելու եկող սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան խնդիրը։ Եւ այս հարցումը մինչեւ այսօր կը մնայ անպատասխան։
Եւ տակաւին, այս համայնքը իր ունեցած տնտեսական հսկայական կարողականութեամբ, ինչքանո՞վ մասնակից է համայնքին թիւին համեմատ հայկական կրթական համակարգի մը անհրաժեշտ յենարանները ստեղծելու ճիգին։ Մեր խօսքը բնականաբար չի վերաբերիր անհատ բարերարներուն, կամ ժողովրդային այն փոքրաթիւ խաւին, որոնց կատարած դրական գործին վկաներն են Քալիֆորնիոյ մէջ գործող բոլո՛ր հայկական վարժարանները անխտիր։ Խօսքս կը վերաբերի այս բնագաւառէն ներս «սիսթեմիք», համակարգային մտածողութեան, որուն ստեղծումը, դարձեալ, կ՛իյնայ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան ուսերուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը ինքն իր մէջ կը պարունակէ հսկայական ուժականութիւն մը, շնորհիւ իր այլազանութեան։ Դարձեա՛լ մեր պարտականութիւնն է համադրում ստեղծել այս այլազանութեան մէջ, որպէսզի կարենանք առաւելագոյն չափով պեղել ու երեւան հանել այդ ուժը, ու զայն օգտագործել թէ՛ ի նպաստ համայնքի կազմակերպչական որակին եւ թէ՛ մանաւանդ՝ ի նպաստ Հայաստանին, մեր հայրենիքին։
Իսկ մենք, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, պիտի գործենք այն վաղուց հաստատուած տրամաբանութեան համաձայն, որ անհրաժեշտ է այս բոլորը համադրել, ու համախմբել, որպէսզի ի վիճակի ըլլանք այս բոլորէն քաղաքական կշիռ ու քաղաքական ուժ ստեղծելու։
Տասնամեակներ առաջ, ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»ի խմբագրականներէն մէկը, Սարգիս Զէյթլեանի գրիչով, կը հաստատէր, թէ անհրաժեշտ է «Քալել ժամանակին հետ, կազմակերպուիլ արդի ժամանակներու ոգիին ու պահանջներուն համաձայն, արդիանալ ու արդիացնել կազմակերպական մեր կառոյցներն ու գործելակերպը՝ համահայկական ընդհանրական մեր տեսլականներուն ներշնչումով եւ հայութեան յառաջդիմութիւնը (անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ), անոր կուտակած եւ դեռ կուտակելիք մշակութային ու քաղաքակրթական, կամ նիւթական ու հոգեմտաւոր հարուստ դրամագլուխը՝ վերածել քաղաքական ուժի, քաղաքական որակի, քաղաքական կամքի»։
Ըսինք արդէն, որ Սփիւռքի կազմակերպումը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ։ Մեր բոլորիս գերագոյն նպատակն ու մեր մտածողութեան առանցքը Հայաստանն է։ Անոր հզօրացումը, բարգաւաճումը։
Այն Հայաստանը, ուր քաղաքացին թէ՛ պաշտպանուած ըլլայ արուեստական կապանքներէն եւ թէ՛ վայելէ այն անհրաժեշտ ազատութիւնը, որպէսզի կարենայ ստեղծագործել, կառուցել ու վայելել իր քրտինքին արդար արդիւնքը։ Մէկ խօսքով, այն Հայաստանը, ուր տիրողը ոչ թէ մենաշնորհները եւ կամայականութիւնները ըլլան, այլ՝ արդար օրէնքներու ստեղծելիք այն առողջ միջավայրը, ուր քաղաքացին ինքզինք մասնիկը համարէ պետականութեան ու զգայ, թէ իշխանութիւնը կը ձեւաւորուի ըստ իր իսկ կամքին, ու ըստ այն քուէին, որ ինք ունի։
Բոլորս ալ քաջ կը գիտակցինք, որ Հայաստանի ու հայութեան համար ազգային աղէտի համազօր է արտագաղթը, որ ինքնին արդիւնք է ոչ միայն տնտեսական նեղ պայմաններուն, այլ նաեւ այն մթնոլորտին, ուր հայը իր հայրենիքէն ներս ինքզինք պաշտպանուած չի զգար օրէնքով։ Տարբեր խօսքով, քաղաքացին ինքզինք անզօր կը զգայ. ինքզինք խորթացած կը զգայ պետութենէն ու կը դիմէ վերջին յուսահատ քայլին՝ արտագաղթելով։
Դիւրին է արտագաղթի մասին յօդուածներ գրելը, երեւոյթը քննադատելը, այս կամ այն քաղաքական ուժերը քննադատելը (թեկուզ արդարաացի կերպով)։ Դիւրին է հարցազրոյցներով կամ մամուլի զանազան միջոցներով այդ հարցը քննարկելը եւ մեղաւորները ամենախիստ բառերով քննադատելը։
Դժուարը սակայն միւսն է. այսինքն, առնել այնպիսի գործնական քայլեր, որոնք կը միտին եթէ ոչ կասեցնելու, այլ գէթ՝ մեղմացնելու այն չարիքը, որ կը կոչենք արտագաղթ։
Ըսինք արդէն, որ տնտեսական մենաշնորհը չարիք է, որ անհրաժեշտ է արմատախիլ ընել, չէզոքացնել։ Տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած այս դրութիւնը մէկ որոշումով, կամ չոր ու ցամաք օրէնքով մը կարելի չէ փոխել։ Բայց կարելի՛ է բարեշրջման գործընթացը սկսիլ եւ ձեզի կրնամ վստահեցնել, որ Դաշնակցութիւնը յանձնառու է այս բարեշրջման գործընթացին նկատմամբ։
Մենք կը զգանք պարտաւորութիւնը կառավարութենէն ներս մեր գործակիցները համոզելու, որ մենաշնորհներու նկատմամբ անհրաժեշտ է բազմակողմանի եւ միաժամանակ վճռական կեցուածք որդեգրել։ Մեր կարծիքով, եթէ այս քաղաքական կամքը չցուցաբերուի, արտաքին ներդրումները ոչ միայն հիմք չեն ստեղծեր տնտեսական դրական տեղաշարժի համար, այլեւ պարզապէս կրնան ուժեղացնել նոյնինքն այս մենաշնորհային համակարգը։
Իսկ մենք հետամուտ ենք հիմնական լուծումներու, ուր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ մենաշնորհները։ Մենաշնորհներէ ազատագրուած տնտեսական համակարգի մը մէջ է միայն, որ ձեռներէց քաղաքացին կրնայ ազատօրէն ստեղծագործել, բարգաւաճիլ ու իր հետ բարգաւաճեցնել հայրենիքը։
Կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ։ Մենաշնորհներու կապակցութեամբ մեր տրամադրութիւնները ինչքան վճռական են, միաժամանակ սակայն հեռու ենք թշնամական կեցուածք որդեգրելէ։ Աւելի քան 100 տարի առաջ ալ կային հայ «օլիկարխներ» եւ Դաշնակցութիւնը այդ իրականութեան դէմ յանդիման գտնուած էր։ Կարդացէ՛ք նոյն Ռուբէնի յուշերու Բ. հատորի 138րդ էջէն սկսող դիտարկումները եւ պիտի համոզուիք, որ սեւ ու ճերմակ չէր կացութիւնը։ Այսօր եւս, շատ տարբեր չէ կացութիւնը։
Այսօր բնականաբար փոխուած են պայմանները, սակայն մեր պատմական փորձառութիւնը մեզի կը թելադրէ ոչ թէ թշնամական, այլ վճռական կեցուածքով մօտենալ այս խնդրին. ոչ թէ բախումնային, այլ՝ քաղաքական ուժեղ կամք ցուցաբերելով հասկցնել բոլորին, որ տնտեսական մենաշնորհները միայն չարիք են եւ չեն նպաստեր երկրի ներքին ուժեղացման։
Դիւրին լուծումներ չկան։ Բայց ամէն անգամ որ Հայաստանն ու հայութեան շահերը խնդրոյ առարկայ եղած են, Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն խուսափած է այդ պատասխանատուութենէն։
Մենք յանձնառու կը մնանք մեր կողմէ առաջ մղուած այն պայմաններուն, որոնք մաս կը կազմեն «քօալիսիոն» կառավարութեան համար ստորագրուած համաձայնագրին։ Հոն, մեր առաջադրած կէտերը կը մնան կարմիր գիծ, որոնցմէ ետդարձ չենք ընդունիր։
Յառաջիկայ Ապրիլին, Հայաստանը պիտի սկսի կառավարուիլ վարչապետական-խորհրդարանական դրութեամբ։ Այս մէկը կրնայ նոր ազդանշան մը հանդիսանալ, որ մենք աւելիով թափ տանք բարեկարգումներու նկատմամբ քաղաքական կամք ստեղծելու մեր ճիգերուն։
Բոլորիդ ծանօթ պէտք է ըլլայ, սակայն կրկնութեան գնով դարձեալ ըսեմ. անցնող Սեպտեմբերի սկիզբները, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն Մարմինի միացեալ նիստ, որուն ներկայ էին նաեւ դաշնակցական նախարարները եւ մարզպետները։ Հոն, մեր պետական պաշտօնատարները զեկուցեցին իրենց բնագաւառներու աշխատանքներուն մասին։ Ժողովը քննարկեց այս բոլորը եւ եզրակացուցինք, որ աշխատանքներու ընթացքէն, ուղղութենէն գոհ ենք, սակայն ոչ՝ արդիւնքներէն։ Եւ ասիկա ըսինք՝ հրապարակաւ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ինքզինք հաշուետու կը զգայ ժողովուրդին։
Յառաջիկայ տարի նաեւ, 100ամեակն է մեր պետականութեան։ Այն պետականութեան, որուն ստեղծման մէջ բանալի դեր խաղցաւ Դաշնակցութիւնը։ Շատեր, տակաւին մինչեւ այսօր, կը փորձեն նսեմացնել Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը 1918ի այդ անկիւնադարձին մէջ։ Ուրիշներ պիտի փորձեն այս հարիւրամեակը պարպել իր քաղաքական եւ գաղափարական բովանդակութենէն, ու զայն վերածել լոկ ծիսակատարութեան, հրավառութեան, կամ «շօ»ի։
Բայց մեզի համար, 1918ը ոչ միայն հայկական նորագոյն պետականութեան հիմնադրութեան, այլ Հայաստանը միացեալ տեսնելու, ամբողջական տեսնելու գաղափարին խորհրդանիշն է։ Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն մշակած է 100ամեակի նշումի յատուկ ծրագիր մը, որուն հիմնական նպատակն է գօտեպնդել պետականութեան նկատմամբ մեր ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը, համախմբել մեր ժողովուրդին ուժն ու կարողութիւնները հայրենիքին շուրջ։ Չկայ ասկէ աւելի մեծ արժէք մեզի համար, որովհետեւ վերջին հաշուով, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ռազմավարական նպատակն է ստեղծել Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստան մը։ Ու մեր բոլոր ճիգերը պիտի ուղղենք ա՛յս նպատակին։ Այս պատճառով ալ, բոլոր դաշնակցականներէն, ինչու չէ նաեւ՝ բոլո՛ր հայորդիներէն կ՛ակնկալենք ամբողջական նուիրում։
Անցնող Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս 90ական թուականներու ազատամարտիկները, անսալով Հ.Յ.Դաշնակցութեան կոչին, մէկ մարդու պէս ոտքի ելան ու մեկնեցան ճակատ։ Լրագրող մը, տեսնելով տարեց ազատամարտիկ մը, որ կամաւոր ճակատ կը մեկնէր, անոր հարցուց, թէ այս տարիքիդ դուն ի՞նչ պիտի ընես հոն, ինչպէ՞ս պիտի կարենաս կռուիլ։ Ազատամարտիկը անայլայլ պատասխանեց՝ «Ես կ՛երթամ ճակատ, մեր 20 տարեկան զինուորին կողքին ըլլալու. Ոչ միայն կողքին ըլլալու, այլ նաեւ անոր դիմացը կանգնելու, որպէսզի եթէ թշնամիին գնդակը գայ, ինծի՛ դպնայ ու ոչ թէ իրեն»։
*****
Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր կը դիմագրաւեն բազում խնդիրներ։
Անդրադարձանք Սփիւռքի հարցերուն, անոնց գէթ մէկ մասին։ Անդրադարձանք նաեւ հայրենիքէն արտագաղթի ու մենաշնորհներու խնդրին։
Այս բոլոր հարցերը լուծելու, կամ իրենց լուծման ընթացքին մէջ դնելու ուղին Դաշնակցութիւնը կը տեսնէ ուժերու համախմբումին մէջ, ուժերու գումարումին մէջ։
Դաշնակցութիւնը կը գիտակցի այս բոլոր հարցերու լրջութեան եւ լծուած է զանոնք դիմագրաւելու, զանոնք լուծելու դժուարին աշխատանքին։ Թէ մեր ճիգերուն արդիւնքները ի՞նչ կրնան ըլլալ, ատիկա պատմութիւնը պիտի վճռէ։ Մէկ բան սակայն յստակ է, որ մենք մեր յանձնառութեանց մէջ կը մնանք վճռակամ։
Որպէսզի մեր վճռակամութիւնը տայ իր առաւելագոյնը, մենք եւս, իբրեւ Դաշնակցութիւն, կարիքը ունինք մեր ուժերու առաւելագոյն լարումին։ Դժուար բան է այս փոթորկոտ ու տագնապներով լեցուն աշխարհին մէջ դաշնակցական ըլլալը։
Մենք ընտրած ենք գործելու եւ ոչ թէ անիծելու ուղին։ Մենք ընտրած ենք քրտնաջան աշխատանքի եւ ոչ թէ աժան ամբոխավարութեան ուղին։
Դաշնակցական ըլլալը կիսաժամ (փարթ թայմ) աշխատանքի չի նմանիր. Դաշնակցական ըլլալը մեր սրտին ուզած պահուն աշխատիլ, չուզած պահին մէկդի քաշուիլ չի նշանակեր։ Դաշնակցական ըլլալը որոշումներուն նկատմամբ կամայական վերաբերում չի նշանակեր, որ եթէ այս որոշումը հաւնինք՝ կ՛աշխատինք, չենք հաւնիր՝ չենք աշխատիր։ Այս չենք մենք։
Այս վճռակամութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդուի, երբ իւրաքանչիւր դաշնակցական ինք եւս գիտակցի այս հիմնական օրակարգերու լրջութեան, որովհետեւ ամէն ինչ կ՛առնչուի Հայաստանին։ Իսկ Հայաստանը «թուրիզմի» երկիր չէ, Գառնի-Գեղարդ չէ, կերուխումի սեղաններ կամ Տաթեւի ճոպանուղի կամ տեսարժան վայր չէ։ Հայաստանը ապրող հայրենի՛ք է, կենսունակ ժողովուրդ է, իտէալ հասարակութեան մը ենթադրած բոլոր բարիքներուն արժանի ժողովուրդ է։ Բայց մանաւանդ՝ Հայաստանը այն հայրենիքն է, որուն սահմանները, չմոռնանք, գծուած են զանազան բռնատէրերու կողմէ։
Դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայաստանը իր այսօրուան արուեստական սահմաններէն դուրս բերել ու զայն հայուն միացեալ հայրենիքին վերածել։ Ատի ընելու համար, զայն միջնաբերդի նման ուժեղ ու անառիկ դարձնելը կը մնայ մեր յանձնառութիւնը։
Սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի, յանուն մեր բոլոր շարքերուն ու մարմիններուն, որ միանաք մեզի, լեցուիք այն հաւատքով որ մեզ կ՛առաջնորդէ։ Միանաք մեզի, որպէսզի բոլորիս ուժերու գումարումով կարենանք իրականացնել Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստան ստեղծելու մեր նպատակը։