կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-04 17:57
Աշխարհ

Խմբագրական. Հետեւողականութեամբ Վաստակուած Հեղինակութիւն

Խմբագրական. Հետեւողականութեամբ Վաստակուած Հեղինակութիւն

Փրկութիւն կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը կը թուի, որ փակուղիի մէջ պիտի չյայտնուի: Ահազանգային վիճակի ծանրութիւնը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ` միջազգային ընտանիքի ճնշումը տեղի տուած են կառավարութեան կազմութեան գործընթացի կայացման:

Թէկուզ դիւանագիտական ըսելաձեւերով, այնուամենայնիւ ժամկէտային եւ պայմանական առիթ տրուած է պետական գործիչներուն իրավիճակ փոխելու:

Քաղաքական բանականութիւնը կը յուշէ, որ ո՛չ պատմական նշանակութիւն ունեցող ֆրանսական հոգատարութիւնը, ո՛չ վարչակառավարումը բարեկարգելը եւ ո՛չ ալ ժողովուրդին շահերը գերադասելու նախանձախնդրութիւնը հիմնական մղիչ գործօններն են այս տեսակի միջամտութեան:

Աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային հանգամանքներէն մինչեւ Լիբանանի մէջ ազդեցութեան գօտիներու չէզոքացման կամ ընդլայնման մրցապայքար` այստեղ գլխաւոր դերակատարութիւնը պիտի շարունակեն իրենց միջամուխ ըլլալու քաղաքականութիւնը: Բայց ժամկէտ ճշդելը, դիւանագիտական սպառնալիք փոխանցելը եւ այցելութիւններու մագոգային եռուզեռը ըստ երեւոյթին գործնական տեսք կը ստանայ:

Լիբանանեան դասական-աւանդական ուժեր եւ դէմքեր, գէթ յայտարարողական առումով շրջադարձ կը կատարեն` ուղղակի-անուղղակի հանրայնացնելով իրենց դիրքորոշումը, թէ իրենք առանց որեւէ նախապայմանի պիտի սատարեն նոր նշանակուած վարչապետի գլխաւորած կառավարութեան:

Օրհա՞սն է, թէ արտաքին ներշնչումը կամ թելադրանքը, որ տեղի տուած է նման երեւոյթի, կը պարզուի տակաւին: Չէ բացառուած, որ երկու հանգամանքներն ալ ազդած են նման յայտարարութիւններու հրապարակումին:

Միակ հետեւողական վարքագիծը դրսեւորողը լիբանանահայ քաղաքական ներկայացուցչութիւնն է, որ մի՛շտ, ո՛չ միայն նման կարմիր գիծերը հատած իրավիճակներու մէջ, այլ նաեւ միջազգային աննախադէպ ճնշումի տակ, նոյն դիրքորոշումը կը պարզէ:

Առանց պայմանականութեան թէ՛ ձեւաչափի, թէ՛ նախարարական աթոռի տիրացման առումով սատարել երկրի գործադիր իշխանութեան` իբրեւ եղանակ մնայունօրէն առաջադրելով սահմանադրականութիւնը, օրէնսդրութիւնը, երկխօսութիւնն ու համախոհութիւնը:

Հետեւողականութիւնը բանաձեւուած էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին յղած գրաւոր խօսքին մէջ, ուր կը խօսէր միացեալ եւ խաղաղ Լիբանան ունենալու պահանջին մասին, «ուր տարբեր շերտեր, որոնք կը կազմեն այս գեղեցիկ երկիրը, պաշտպանուած են խաղաղ համակեցութեամբ»:

Հետեւողականութիւնը հեղինակութիւն է: Հեղինակութիւնը` փակուղիներէ դուրս գալու համար դերակատար հանգամանք:

Իրաւամբ փակուղիէ դուրս գալը կ՛ենթադրէ փրկութեան կառավարութեան անյապաղ կազմութիւն: Այն, որ առաջադրեց եւ կը շարունակէ առաջադրել Հայկական երեսփոխանական պլոքը:

aztagdaily.com