կարևոր
4525 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-12 12:19
Սփյուռք

Երիտասարդութեան Կոչ Կ՛ուղղեմ Միանալու ՀՕՄ-ին, Վայելելու Ուրիշին Ծառայելով Վաստակուած Անկրկնելի Գոհունակութիւնը

Երիտասարդութեան Կոչ Կ՛ուղղեմ Միանալու ՀՕՄ-ին, Վայելելու Ուրիշին Ծառայելով Վաստակուած Անկրկնելի Գոհունակութիւնը

Լիբանանահայութեան համար աշխատած, սակայն առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան այցելած ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեանի հետ «Ազդակ»-ին ունեցած հետեւեալ հարցազրոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՕՄ-ին բազմաբովանդակ եւ բազմաոլորտ գործունէութեան: Ան իր հիացմունքը յայտնեց լիբանանահայութեան գոյապայքարին եւ հայօրէն ապրելու ճիգերուն, անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ վճռական կերպով ՀՕՄ-ի իրագործած եւ նորանոր ծրագիրներուն, խօսեցաւ սփիւռքի մէջ գործող ՀՕՄ-ի միաւորներուն, Սուրիա տուած այցելութեան եւ ՀՕՄ-ի շարքերուն միանալու անհրաժեշտութեան մասին: Այս բոլորին մէջ կարմիր թելի նման պարզ ու յստակ կերպով կ՛երեւի նուիրական, անշահախնդիր ծառայութիւնը, որ վայր, ժամանակ եւ միջոց չի ճանչնար, այլ գերագոյն նպատակ է, որ իր երդիքին տակ կը համախմբէ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ականները:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանան այցելեցիք նախ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին մասնակցելու, անկէ ետք ունեցաք հանդիպումներ, տեսակցութիւններ, ժողովուրդին հետ որոշ կապ մը հաստատուեցաւ, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները: Ինչպէ՞ս տեսաք լիբանանահայութիւնը, Լիբանանը ընդհանրապէս:

ՆԱՅԻՐԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ.- Մէկ բառով` հիացած եմ, իսկապէս հիացած եմ: Հիացած եմ, թէ ինչպէ՛ս այս գաղութը կրցած է կառչած մնալ այս պապենական սփիւռքեան հողին, եւ ինչպէ՛ս գաղութը ընդլայնած, բայց այսքան մաքուր մնացած է: Չհասայ Լիբանանէն շատ բան տեսնելու, տեսայ մեր հայկական հաստատութիւնները, եւ ուր որ այցելեցինք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներով, նոր անակնկալի մը դէմ յանդիման դրուեցանք, եւ ես աւելիով կը հիանայի ամէն անգամ:

Երանի Լիբանանը տեսած ըլլայի այն օրերուն, երբ ամէն մարդ կը խօսէր Լիբանանի համայնքի զօրութեան մասին, բայց ինծի համար այս գաղութն ալ ունի իր քաղցրութիւնը, որովհետեւ կը տոկայ, կը շարունակէ պայքարիլ: Ճիշդ է` տեսայ բաներ, որոնք սրտաճմլիկ էին, ականատես եղայ նեղացուցիչ իրականութիւններու, բայց եւ այնպէս, կը հաւատամ, որ այն աշխատանքը, զոր կը տանինք հայապահպանման եւ այս գաղութը վերստին ամրացնելու, բազում խոչընդոտներէ դուրս բերելու նպատակով, անպայման արդիւնք պիտի տայ, մեծ կարեւորութիւն ունի եւ պէտք է շարունակուի:

«Ա.»-. Նախորդ տարիներուն, ինչպէս բոլորը գիտեն, Լիբանանը դէմ յանդիման կանգնեցաւ տարաբնոյթ դժուարութիւններու եւ տագնապներու (տնտեսական, առողջապահական, պայթումի հետեւանք), ՀՕՄ-ը լիբանանահայութեան կողքին էր միշտ, ըրաւ իր կարելին ու երբեմն` անկարելին: Այս ծիրին մէջ յիշենք լիբանանահայութեան յատուկ ձեր ծրագիրները, որոնց մէկ մասը իրականացան առանց մեծ քարոզչութեան, հաւանաբար որովհետեւ ՀՕՄ-ը խօսքէն աւելի գործին կը հաւատայ:

Ն. Տ.- Զանազան ծրագիրներու թափ տրուեցաւ: Հոկտեմբեր 2019-ին, երբ տնտեսական տագնապը բացայայտուեցաւ, որովհետեւ անիկա նոր չէր, այլ պարզապէս աւելի ճանաչելի դարձաւ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ընտրութեան առաջին շաբաթն իսկ օժանդակութիւն հասցուցինք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որպէսզի օգտակար ըլլայ լիբանանահայութեան` ըլլայ տաք ճաշով, սննդեղէն կամ դեղեր բաժնելով, այլ խօսքով` տրամադրելու այն, ինչի որ կարիք կար:

Յունուար 2020-ին յատուկ աշխատանք տարուեցաւ, որ սնունդի արկղեր հասցնենք Լիբանան, նաեւ` այլ կենցաղային իրեր: Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ, որ զարկ տրուի տաք ճաշին. այս ծրագիրը շարունակուեցաւ քանի մը ամիս, եւ կարծէք իր նպատակը թիրախաւորեց Ս. Զատկուան շաբաթը, երբ ընտանիքները մեծապէս կարիք ունէին Զատիկ տօնելու: ՀՕՄ-ը կրցաւ հասնիլ լիբանանահայ ընտանիքներուն եւ ապահովել, որ անոնք կարենան տօնը նշել: Ատկէ ետք շարունակուեցաւ տաք ճաշը, անունները փոխուեցան, սակայն տաք ճաշ տրամադրելու աշխատանքը շարունակուեցաւ, որովհետեւ իսկապէս գիտակցեցանք, նաեւ մեր այս այցելութեան անձամբ տեսանք, որ անոր կարիքը կայ:

Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք դժբախտաբար մեր ծրագիրները որոշ փոփոխութիւն կրեցին, որովհետեւ ստեղծուեցաւ այնպիսի վիճակ, որ մարդիկ պէտք ունէին գոյատեւելու, բուժուելու, տարրական կարիքներէ զրկուեցան: Կը յիշեմ` ԼՕԽ-ականներու հետ մեր զրոյցներուն ընթացքին յաճախ շեշտուեցաւ, որ հիւանդներուն եւ վիրաւորներուն թիւը մեծ է, սակայն դեղորայք չկայ ո՛չ միայն մեր մօտ, այլ` ընդհանրապէս երկրին մէջ, մտահոգ էին անոնք, որ պիտի չկարենան հասնիլ բոլորին, բժիշկները նոյնիսկ անկարող էին բոլորին ընդառաջելու: Մեր պատասխանը մնայուն կերպով այն էր, թէ մեր առաւելագոյնը պիտի ընենք, որ հասցնենք: Այդպիսով, կրցանք երեք անգամով զանազան բեռնարկղեր ուղարկել օդանաւով, եւ 24 ժամուան ընթացքին կարելի եղաւ դեղորայք հասցնել ԼՕԽ, որպէսզի անոնք հասնին ժողովուրդին: Ասոր զուգահեռ, շարունակուեցաւ նաեւ տաք ճաշը, որ մինչեւ օրս ալ կը շարունակուի: Ղրկեցինք նաեւ` կաթ, կենցաղային իրեր, ծածկոցներ, ինչ որ մեզի հասանելի ու կարելի էր, ըրինք, նոյնիսկ անկարելին կարելի դարձուցինք:

Աւելի ուշ ստեղծուեցաւ ԿԱՄՔ-ը` կուսակցութիւնն ու ուղեկից միութիւնը համախմբող, եւ այդ ձեւով կրցանք տարբեր միջոցներ օգտագործել եւ զանազան բաշխումներ կատարել: Յոյսով եմ, որ մեր այցելութիւնը նորանոր ծրագիրներու զարկ կու տայ, ականատես ըլլալով վիճակին` մենք աւելի հարազատօրէն կրնանք մեր միաւորներուն բացատրել կացութիւնն ու վիճակը, որպէսզի լիբանանահայութեան կողքին ըլլալու մեր գործունէութիւնը շարունակուի:

Ճիշդ ըսիր, այո՛, մենք գործի կազմակերպութիւն ենք, ոչ թէ խօսքի, եթէ խոստանանք, որ պիտի օժանդակենք, անպայման կ՛օժանդակենք: Գիտեմ, որ տարբեր կազմակերպութիւններ Լիբանան եկան եւ խոստումներ տուին, սակայն չյարգեցին իրենց խոստումը, իսկ ՀՕՄ-ը իր խոստումը անպայման կարելի կ՛ընէ:

«Ա.».- Անդրադառնանք Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի իրականացուցած ծրագիրներուն, որոնց մէկ մասը արդէն տարիներու կեանք ունի, իսկ կան նաեւ նորեր. խօսինք վերջին զարգացումներուն մասին:

Ն. Տ.- Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնն ալ, ինչպէս Արցախի մեր միաւորը, վիրաւոր է պատերազմէն, որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, ամէն մէկ հայորդի, որ պատերազմին կը ծառայէր, ՀՕՄ-ականի մը բարեկամ էր, բոլորն ալ ունէին ծանօթ մը, որ բանակային էր կամ կամաւոր կռուող: Յոյս ունինք, որ Հայաստանի ՀՕՄ-ը իր անցուցած դժբախտութիւնները, նաեւ երկու ատենապետներու կորուստը` մէկը «Քորոնա»-ի, իսկ Շաղիկ Մարուխեանը ժահրի մը պատճառով, կը շրջանցէ, իր տարբեր տեսակի դժուարութիւններէն կը յաջողի դուրս գալ եւ նոր ծրագիրներ մշակել:

ՀՕՄ-ի մեր ամէնէն լաւ ու ուրախալի ծրագիրը Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան» ծննդատունն է, որ այսօր բարեբախտաբար կը շարունակէ Շիրակի մարզին մէջ ծնունդներու թիւի առաջնահերթութիւնը պահել: Այսօրուան դրութեամբ շուրջ 30 հազար առողջ ծնունդ, առողջ կեանք բերած է հայրենիքին մէջ, յոյսով ենք, որ անոնք կը մնան Հայաստանի մէջ, կ՛ունենանք տղաք, որոնք կը ծառայեն հայկական բանակին, կը պաշտպանեն անոր սահմանները: Հետաքրքրական է, որ մինչեւ նախորդ տարի, աղջիկ ծնունդներուն թիւը շատ աւելի բարձր էր, իսկ այս տարի տղոց թիւը բարձրացաւ:

Վստահ եմ, որ Հայաստանի մէջ մօտ օրէն նոր ծրագիրներու մասին յայտարարութիւններ պիտի կատարուին, մէջտեղ պիտի գան, կազմակերպուին եւ գործադրուին: Բայց ներկայիս որոշ չափով սպասման վիճակի մէջ ենք, որպէսզի կառոյցը կրկին ինքզինք գտնէ, վերակազմակերպուի եւ յայտնէ, թէ ի՛նչ ծրագիրներ կ՛ուզէ իրագործել:

Մեր կարեւոր ծրագիրներէն է նաեւ «Զինուորի տուն» ծրագիրը, որ 2016 թուականին սկսաւ, եւ անմիջապէս համագործակցելով ՀՕՄ-ի հետ` առաջին անկողինները ՀՕՄ-ը նուիրեց կեդրոնին, նաեւ երրորդ յարկը լրիւ մենք նորոգեցինք: Բայց արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք աւելի թափ տրուեցաւ այս ծրագիրին, որովհետեւ վիրաւորներուն թիւը շատ բարձրացաւ: Պատերազմէն անմիջապէս ետք 194.000 տոլարով մասնակից դարձանք ստեղծման արեան տուչութեան տարրալուծարանի մը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ապրիլ 2022-ին եւ կոչուեցաւ տոքթոր Նորիկ Շահպազեանին անունով, որ երեք պատերազմներուն եղած է ազատամարտիկ բժիշկ եւ դժբախտաբար 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք` մահացաւ: Մեզի համար հպարտութիւն է նման ծրագիրի մը մասնակից դառնալն ու զինուորներուն օժանդակելը. պատերազմէն մինչեւ օրս մէկ միլիոն տոլարէն աւելի օժանդակութիւն ունեցած ենք, եւ ատիկա միայն նիւթական օժանդակութիւնն է, բարոյականը տարբեր է. մենք անընդհատ կը քաջալերենք մեր ընկերուհիները, որ այցելեն վիրաւոր զինուորներուն, անոնց ընտանիքներուն հետ ժամանակ անցընեն, ինչպէս նաեւ սփիւռքէն երբ ՀՕՄ-ականներ Հայաստան գտնուին, անպայման կ՛ուզեն այցելել «Զինուորի տուն» եւ որոշ ժամանակ մը կիսեն մեր զինուորներուն հետ:

Մեր այլ ծրագիրներէն է 1992 թուականին, երբ երկրաշարժէն եւ արցախեան առաջին պատերազմէն որբացածները բաւական մեծ թիւ մը կը կազմէին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մշակեց որբախնամ ծրագիրը: Գրեթէ 30 տարի ետք պատերազմէն որբացածներու թիւը կրկին աճեցաւ 1500-1600 փոքրիկներով: Պատերազմի օրերուն անդրադարձանք, որ այս ծրագիրը կրկին պէտք է կեանքի կոչենք, զարկ տանք անոր, բայց եւ այնպէս զգացինք, որ որբ բառի գործածութիւնը ժխտական հնչեղութիւն ունի: Այն տղաքը, որոնք իրենց կեանքը կու տան հայրենիքին համար, անպայման հերոս են, անոնք իրարմէ չես կրնար տարբերել, բոլոր զոհուած տղաքն ալ հերոսներ են: Առ այդ, որոշեցինք որբախնամ ծրագիրի անունը փոխել եւ զայն կոչել զոհուած հերոսներու զաւակներու ծրագիր: Որբը ժխտական իմաստ ունի, մանուկին համար տարբեր հոգեկան աշխարհ մը կը ստեղծէ, իսկ երբ հերոսի զաւակ ըսենք, այդ բառերը արդէն դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան իրենց ծնողներէն մէկէն զրկուած մանուկներուն ու պատանիներուն վրայ, այդպիսով, զաւակը աւելի հպարտ կը մեծնայ, որ հայրը կամ մայրը կորսնցուցած է հայրենիքին ծառայութեան նպատակով: Այս ձեւով փոխեցինք անուանումը: Կրնամ ըսել, որ մինչեւ օրս 8077 երեխայ հովանաւորած ենք, գումարը փոխուեցաւ` 170-էն 330 տոլարի բարձրացաւ, եւ այսպէս, սղաճի պատճառով մենք օգտակար կը դառնանք հերոս տղոց ընտանիքներուն կամ երեխաներուն, որպէսզի նիւթական այս ներդրումով անոնց կեանքը որոշ չափով բարելաւուի:

«Ա.».- Արցախը եղած է ու կը շարունակէ մնալ ՀՕՄ-ի ուշադրութեան եւ գուրգուրանքին կիզակէտը: Բաւական ծրագիրներ իրագործուած են, ՀՕՄ-ի ներդրումով կեանքի կոչուած կարգ մը կառոյցներ, ցաւ ի սիրտ ոմանք մնացին թշնամիին ձեռքը, սակայն միութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Արցախի մէջ, այլ ծնունդ կու տայ նորերուն` հաւատալով Արցախին: 44-օրեայ պատերազմէն ետք տիրող յուսախաբութեան լոյսին տակ յաճախ կ՛ըսուի, որ այլեւս պէտք չկայ Արցախի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու, թշնամիին սահմանին վրայ է արդէն, վտանգուած են Արցախն ու արցախցին: Ի՞նչ ըրաւ ՀՕՄ-ը եւ ինչո՞ւ կը շարունակէ ընել:

Ն. Տ.- Ես տարբեր ձեւով դնեմ հարցը. ինչո՞ւ կը շարունակենք գոյատեւել սփիւռքի մէջ, եթէ այսօր ճերմակ ջարդը շատ աւելի մեծ վտանգ կը հանդիսանայ, քան` պատերազմը, ուրեմն ինչո՞ւ կը շարունակենք մեր գոյատեւման պայքարը: Իրականութեան մէջ Արցախին համար պայքարը պիտի շարունակենք, մեծ աշխատանք պիտի տանինք, որ Արցախը աւելի եւս ծաղկի, որպէսզի նախ թշնամին չմտածէ մտնելու մասին, երկրորդ` եթէ մենք Արցախը ծաղկեցնենք ու բոլորին իրազեկ դարձնենք, թէ ինչպէ՛ս անիկա կ՛ապրի ու կը յառաջդիմէ, կրնանք օտար պետութիւններուն ըսել, թէ ինչպէ՛ս անիկա ծաղկած է, եւ ինչպէ՛ս կարելի է այս կայուն երկրին դէմ պատերազմ ընել: Կայ նաեւ ազգային կողմը. փաստօրէն Արցախը մեր առաջին քայլն էր դէպի ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան: Ամենայն անկեղծութեամբ պիտի պայքարինք Արցախի համար, նոյնիսկ եթէ մէկ բնակիչ մնայ հոն: Մեր յոյսը պիտի չկտրենք երբեք:

Արցախի մէջ գործադրուող մեր վերջին ծրագիրներէն է արեւային ջեռուցման ծրագիրը, որ մշակուեցաւ մարտ 2022-ին. բացի ատկէ` նիւթական եւ այլ ծրագիրներ իրականացուցած էինք Արցախի մէջ, բայց ասիկա յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ մեր ժողովուրդին համար կ՛ապահովենք կենցաղային պայման մը` զայն օժտելով տաք ջուրով, 24 ժամ, 365 օր, եւ չկայ ոեւէ մէկը, որ կրնայ մարել: Բարեբախտութիւնը այն է, որ Արցախը այսօր 315-320 տաք արեւային օր ունի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ջուրին պահած ջերմութիւնը կը բաւարարէ այն 40 օրը, երբ արեւ չըլլալու հաւանականութիւն կայ: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսպիսով մենք կախեալ չենք ըլլար ազերիներուն կազէն, կան տեղեր, ուր կազի գիծեր չունին, ելեկտրականութիւն կ՛օգտագործեն, արեւայինի եւ անոր միջեւ 100 հազար դրամով տարբերութիւն կայ, քանի մը հազարի կը հասնի այդ ծախսը: Այսպիսով, արցախցին ոչ միայն տաք ջուր կ՛ունենայ, այլ կը բարելաւուի անոր նիւթական վիճակը: Այս անգամ չուզեցինք նիւթական բաժնել, ուզեցինք անոնց տրամադրել բան մը, որով անոնք պիտի զգան, թէ աւելի լաւ ու դիւրին կեանք ունին շնորհիւ այդ սարքին: Երբ մէկու մը գումար տաս, այսօր կ՛ունենայ, վաղը կը սպառի: Ցարդ 101 արեւային ջեռուցիչներ արդէն տեղադրուած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի գիւղերուն մէջ: Առաջին երկու փուլերուն, որ 20-ական կամ 40-ական էին, պետութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ, որովհետեւ կազի գիծ չկար այնտեղ, իսկ երրորդ փուլը ամբողջութեամբ Հայ օգնութեան միութեան ներդրումով պիտի ըլլայ, որովհետեւ մեծ է թիւը այն տուներուն, որոնք իսկապէս կարիքը ունին այս սարքին գոյատեւելու եւ հողին վրայ մնալու համար:

Արցախի մէջ` Ստեփանակերտ, Աշան, Ակնաբերդ եւ Խնձորիստան, կը շարունակեն գործել ՀՕՄ-ի մանկապարտէզները` աւելի քան 250 աշակերտներով: Թէեւ ունէինք ութ մանկապարտէզ, սակայն այսօր կէսն է միայն, որովհետեւ Շուշիի, Տողի, Թաղերու եւ Քարեգայի մէջ մեր մանկապարտէզները ամբողջովին անվնաս վիճակի մէջ, ցաւ ի սիրտ, յանձնուեցան թշնամիին:

Մեր այսօրուան չորս մանկապարտէզները կը գործեն ամէն օր, ինչպէս կը գործէին պատերազմէն առաջ: Ներկայիս նաեւ աշակերտներու թիւի աճ կայ: Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է նուազագոյնը վերջին երկու տարին անվճար դարձնել փոքրիկներուն ուսումը:

«Ա.».- Մենք ՀՕՄ-ականները կը տեսնենք սահմանամերձ շրջաններուն մէջ` հայ զինուորներուն կողքին, անոնց տանելով ուտելիք, վերարկու եւ այլն: Ինչո՞ւ իրենք զիրենք վտանգի մատնելով` հոն են մեր միութենականները:

Ն. Տ.- Որովհետեւ անոնց կարիքը կայ, պէտք է նաեւ հոն ըլլան անոնք: Հետաքրքրական է, որ երբ տագնապ ըլլայ, երկրաշարժ կամ պայթում, ՀՕՄ-ականները հոն ներկայ կ՛ըլլան, իրենց մէջ եղող մայրական գթութիւնը կը դրսեւորեն բոլորին` առանց մտածելու իրենց դժուարութիւններուն եւ վտանգին մասին: Ազգային պատկանելիութիւնն ու գիտակցութիւնն է, որ զիրենք կը մղէ օժանդակելու եւ օգտակար ըլլալու:

«Ա.».- Գիտենք, որ սփիւռքի մէջ եւս կը գործէ ՀՕՄ-ը` իր միաւորներով, դպրոցներով ու կեդրոններով: Խնդրեմ` ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնանք նաեւ սփիւռքեան ձեր գործունէութեան:

Ն. Տ.- Հայ օգնութեան միութիւնը այսօր կը գործէ 27 տարբեր երկիրներու մէջ, ունի 12 շրջաններ, 17 մեկուսիներ, մեր մասնաճիւղերուն ընդհանուր թիւը 221 է: Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր միաւոր ունի իր գործունէութիւնը, ԼՕԽ-ը ունի դարմանատուն, ՍՕԽ-ը եւս, տարբեր տեղեր տարբեր ծրագիրներ կան` համաձայն շրջանի կարիքներուն: Արեւելեան Ամերիկայի մէջ կայ ընկերային ծառայութեան գրասենեակ, որ այսօր շուրջ 40 հազար հայորդիի կ՛օժանդակէ իր լայնածաւալ ծրագիրներով, Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանները ունին միօրեայ հայկական վարժարաններ, որոնք շատ կարեւոր են, մանաւանդ հոն, ուր ազգային վարժարաններուն թիւը քիչ է: Մեր միօրեայ վարժարաններու ցանցը կ՛օգնէ պատանիներուն ու երիտասարդներուն` մայրենի լեզու, հայ մշակոյթ սորվելու: Հարաւային Ամերիկայի մէջ կայ ծերանոց, կայ պարախումբ, նաեւ` տարբեր ծրագիրներ, Աւստրալիոյ մէջ կայ մանկամսուր, Ֆրանսայի մէջ` Պել Ֆոնթենի բանակավայրը, ամէն տեղ` տարբեր կառոյցներ ու ծրագիրներ: Այսինք իւրաքանչիւր շրջան կ՛ընդառաջէ գաղութի կարիքներուն` անոնց գոհացուցիչ պատասխան տալով, իսկ երբեմն նոյնիսկ ուղեկից միութիւններու բացակայութիւնը կը փորձէ ամբողջացնել, եթէ անոնք չեն գործեր տուեալ վայրի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի մեր կամաւորներուն, ըսեմ, որ հետաքրքրական է ՀՕՄ-ական ըլլալը, մանաւանդ երբ տագնապ մը կայ` սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ անխտիր, առաջին հերթին ՀՕՄ-ականը ինքնիր քսակը կը բանայ, իր լուման ներդրելէ ետք, թէկուզ` չնչին, կը դիմէ ուրիշներու: Ան համոզուած է, որ այդ իր գումարով միութիւնը պիտի կատարէ կարեւոր աշխատանք: Այդ հաւատարմութիւնն է, որ մեր համակիրներուն եւ ժողովուրդին հետ կը բաժնեկցի ՀՕՄ-ականը եւ կրնայ գումար ապահովել: Այսինքն Պէյրութի պայթումէն ետք ՀՕՄ-ականներ մնայուն կերպով կը հեռաձայնէին, տարբեր միջոցներու մասին կը մտածէին, որպէսզի գտնեն ձեւը «Քորոնա»-ի այդ սահմանափակման պայմաններուն մէջ գումար հասցնելու Լիբանան` մեր հայորդիներուն: Կային շրջաններ, որոնք ճաշ պատրաստեցին, մարդոց տուները հասցուցին զայն` նկատի ունենալով, որ արգիլուած էր դուրս գալը, գումար գոյացնել եւ առաքել Լիբանան: Ձեւերը տարբեր են, բայց նպատակը կը մնայ գերագոյն եւ տիրական:

«Ա.».- Դուք նաեւ Սուրիա այցելեցիք, սուրիահայ գաղութն ալ պատերազմի պատճառով ցնցում ապրած է, երբեմնի փառքի օրերը չ՛ապրիր: Ի՞նչ էր ձեր տպաւորութիւնը:

Ն. Տ.- Սուրիա տուած մեր այցելութեան նպատակն էր ականատես ըլլալ Սուրիահայ օգնութեան խաչի աշխատանքին, ծանօթանալ մեր ընկերուհիներուն եւ գաղութին: ՍՕԽ-ի կեդրոնը մեղուի փեթակ է, հարիւրաւոր անդամներ ներկայ են, իւրաքանչիւր յարկ տարբեր ծրագիր մը կ՛իրագործուի` ըլլայ արուեստանոց, քաղցրեղէնի եւ համեմունքներու պատրաստութեան բաժին, մանկամսուր եւ այլն… Հիացայ. ճիշդ է` 2010-ի այցելութենէս ետք շատ բան փոխուած է, այն ատեն տեսայ Հալէպը իր ամէնէն կայուն օրերուն, իսկ այսօր քանդուած, աւերակ Հալէպ տեսնելը սրտաճմլիկ է, մանաւանդ որ արտագաղթի մեծ ալիք մը հարուածած է եւ կը շարունակէ իր աւերը գործել: Հայահոծ գաղութը իսկապէս պարպուած է, բայց մնացեալներն ալ հիացմունքի առիթ կու տան իսկապէս, անոնք կը մնան, կը պահպանեն Ցեղասպանութենէն ետք մեր ունեցած առաջին սփիւռքի կեդրոնը:

«Ա.».- Ինչո՞ւ ՀՕՄ-ական դարձար, ի՞նչ փուլերէ անցար մինչեւ ներկայիս Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պարտականութեան ծանր բեռը ստանձնելդ: Քու փորձառութենէդ մեկնած` ի՞նչ կ՛ըսես նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, ինչո՞ւ միանալ ՀՕՄ-ին:

Ն. Տ.- ՀՕՄ-ին միանալու երկու տարբեր պատճառներ ունեցած եմ. առաջին` մայրս, մեծ մայրս (մայրական կողմէ), եղած են ՍՕԽ-ական եւ ՀՕՄ-ական, հօրս կողմէ մեծ մայրս եղած է ԼՕԽ-ական, անոր աղջիկը` հօրաքոյրս, եղած է ՀՕՄ-ական Միացեալ Նահանգերու մէջ: Ընտանեկան առումով, երրորդ սերունդ ՀՕՄ-ական եմ: Ի՛նչ տարիքի ալ ըլլայի, ես օր մը ՀՕՄ-ի շարքերոն պիտի միանայի ինքնաբերաբար` ժառանգելով ընտանիքիս գործունէութիւնը:

Իսկ միւս պատճառը այն է, որ պատանեկութիւնս անցուցած եմ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ես ամերիկածին եմ, եւ մեր Հայ կեդրոնին մէջ, երիտասարդացի կամ ՀՄԸՄ-ի մէջ եղած փուլերուս, ՀՕՄ-ը մնայուն ներկայութիւն էր, օժանդակ` երիտասարդացին եւ ՀՄԸՄ-ին, բոլոր ձեռնարկներն ալ իրականութիւն կը դառնային ՀՕՄ-ականներուն ներկայութեամբ եւ օգնութեամբ: Փոքր տարիքէս գիտցայ արդէն, որ ՀՕՄ-ը ապագաս է, եւ գիտցայ, որ ՀՕՄ-ին տարած աշխատանքը ոչ միայն մարդասիրական է, այլ` գաղութի պահպանման նպաստող, իսկ այս բոլորը զիս կը գրաւեն, կը կանչեն կարծէք: Ես ՀՕՄ-ի շարքերուն մաս կազմեցի 21 տարեկանիս, արդէն 28 տարուան ՀՕՄ-ական եմ, եղած եմ պարզ անդամ, մասնաճիւղի վարչական, Շրջանային վարչութեան անդամ եւ բախտը ունեցայ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուելու:

Երիտասարդութեան կոչ կ՛ուղղեմ` գալու եւ միանալու ՀՕՄ-ին, որովհետեւ այս միութեան ծառայութեան ճամբով ուրիշին օգնելու գոհունակութիւնը, մանուկներուն ժպիտը տեսնելը ամբողջովին այլ հոգեկան հանգստութիւն կը պարգեւեն մարդուն: Ուրիշին ծառայելով գոհունակ զգալը տարբեր զգացում ու ապրում է, որ կ՛արժէ ունենալ, վայելել: Օրինակ մը տալով` ըսեմ, որ երբ «Թռչնոց բոյն» այցելեցինք եւ հոն ամէնէն փոքր երեխան, որ կը կոչուի Արցախ, ստացաւ մեր տարած տուրմերը, այնպիսի յատկանշական ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ անոր դէմքին վրայ, որ նկարներուն մէջ խօսուն կերպով կը ցոլայ: Այդ գոհունակութիւնն է, այդ յոյսն է անոնց աչքերուն մէջ, որ քեզ իսկապէս կը տպաւորէ, կը մղէ եւ տարբեր տեսակի գոհունակութիւն կը պատճառէ: